Արխիւ

Երկուշաբթի, Մարտ 7, 2016

Վրաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Մի­խա­յիլ Ճա­նե­լի­ծէ այ­սօր պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թիւն մը կու տայ Պա­քու՝ Ատր­պէյ­ճա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Էլ­մար Մա­մէ­տեա­րո­վի հրա­ւէ­րին ըն­դա­ռաջ։

Երկուշաբթի, Մարտ 7, 2016

Այ­սօր, Պրիւք­սէ­լի մէջ տե­ղի կ՚ու­նե­նայ Թուր­քիա-Եւ­րո­միու­թիւն գա­գա­թա­ժո­ղո­վը։ Բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու ըն­թաց­քին ա­ռաջ­նա­հեր­թօ­րէն օ­րա­կար­գի վրայ կու գան Սու­րիա­յէն դէ­պի Եւ­րո­պա գաղ­թա­կա­նաց հոս­քին վե­րա­բե­րեալ խնդիր­նե­րը, ո­րոնք ներ­կայ ժա­մա­նա­կա-շըր­ջա­նին հրա­տապ կը հա­մա­րուին կող­մե­րուն մի­ջեւ։

Երկուշաբթի, Մարտ 7, 2016

Վար­չա­պետ Ահ­մէտ Տա­վու­տօղ­լու շա­բա­թա­վեր­ջին շփում­ներ ու­նե­ցաւ Թեհ­րա­նի մէջ։ Ի­րա­նի ղե­կա­վա­րու­թեան կող­մէ ան հիւ­րըն­կա­լուե­ցաւ ա­մե­նա­բարձր մա­կար­դա­կի վրայ եւ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րուն ըն­թաց­քին օ­րա­կար­գի վրայ ե­կան այն բո­լոր խնդիր­նե­րը, ո­րոնք ներ­կա­յիս կը զբա­ղեց­նեն եր­կու եր­կիր­նե­րու հա­մա­տեղ օ­րա­կար­գը։

Երկուշաբթի, Մարտ 7, 2016

Իս­թան­պու­լի մէջ ե­րէկ տե­ղի ու­նե­ցաւ յատ­կան­շա­կան ու պատ­մա­կան ի­րա­դար­ձու­թիւն մը։ Այս­պէս, Վոս­փո­րի Եւ­րո­պա­կան ու Ա­սիա­կան ա­փե­րը միա­ցան եր­րորդ ան­գամ։ Վոս­փո­րի եր­րորդ կա­մուր­ջին ճա­նա­պար­հա­յին վեր­ջին հա­տուա­ծը զե­տե­ղուե­ցաւ հան­դի­սա­ւոր ա­րա­րո­ղու­թիւ­նով մը, ո­րուն ներ­կայ գտնուե­ցան Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղան եւ Վար­չա­պետ Ահ­մէտ Տա­վու­տօղ­լու։ 

Երկուշաբթի, Մարտ 7, 2016

ՎԱ­ՀԷ ԹԱՇ­ՃԵԱՆ

Հոկ­տեմ­բեր 2010-ին կը գտնուէի Պէյ­րութ։ Այ­ցե­լու­թիւն մը տուած էի բա­րե­կա­միս, որ նոր վե­րա­դար­ձած էր Սիս-Քո­զան կա­տա­րած աշ­խա­տան­քա­յին ճամ­բոր­դու­թե­նէ մը։ Խան­դա­վառ ցոյց կու տար իր քա­շած լու­սան­կար­նե­րը, ո­րոնց շար­քին կա­րե­ւոր տեղ մը կը գրա­ւէր Եա­ւէ­րին Քո­նա­քը, Սիս-Քո­զա­նի հրա­շա­գեղ տու­նե­րէն մէ­կը։

Երկուշաբթի, Մարտ 7, 2016

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Ու­շադ­րու­թիւն ը­րա՞ծ էք, սի­րե­լի՜ բա­րե­կամ­ներ, մար­դոց մէջ, մեր շուր­ջը, տե­ւա­կան «մե՜ծ ըլ­լալ»ու, գե­րա­դա­սուե­լու եւ միշտ «ա­ւե­լի՛ զօ­րա­ւոր ե­րե­ւել»ու պայ­քար մը, մրցակ­ցու­թիւն մը, տենչ մը կա՛յ։ Բայց ա­սի­կա մեր օ­րե­րուն յա­տուկ ե­րե­ւոյթ մը չէ՝ մարդ էա­կին ստեղ­ծա­գոր­ծու­թեան ժա­մա­նակ­նե­րէն իսկ գո­յու­թիւն ու­նե­ցած է «Ես»ի մրցում մը, մա­քա­ռում մը եւ վէ՛ճ մը

Շաբաթ, Մարտ 5, 2016

Փոխ-վարչապետը Տոլմապահչէի մէջ երէկ առաւօտ նախաճաշի սեղան մը սարքեց ի պատիւ փոքրամասնութեանց վաքըֆներու ներկայացուցիչներուն, որոնց հետ քննարկեց բազմաբնոյթ խնդիրներ:
Եալչըն Աքտողանի հետ կազմակերպուած տեսակցութեան ընթացքին առաջնահերթօրէն ընդգծուեցաւ առկախեալ ընտրութիւններուն հարցը: Թրքահայ գործիչները ընդհանրապէս դրական տպաւորութիւններ ունեցան այս հանդիպումէն:

Շաբաթ, Մարտ 5, 2016

Մեր հա­մայն­քա­յին շրջա­նակ­նե­րը վեր­ջին շրջան­նե­րուն յու­զու­մով հե­տե­ւե­ցան յայտ­նի բա­րե­րա­րու­հի եւ Գու­րու­չէշ­մէի Ե­րեւ­ման Ս. Խաչ ե­կե­ղեց­ւոյ թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պե­տու­հի Իր­մա Փո­լա­տի ա­ռող­ջա­կան վի­ճա­կի ար­ձա­նագ­րած վե­րի­վայ­րում­նե­րուն։

Շաբաթ, Մարտ 5, 2016

Յ. ՀԵԼ­ՎԱ­ՃԵԱՆ

1989, Վե­նե­տիկ:

Յար­գե­լի վար­դա­պետ մը, ո­րուն ա­նու­նը այժմ չեմ կրնար մտա­բե­րել, եւ ես եր­կիւ­ղա­ծու­թեամբ մուտք կը գոր­ծենք Santa Maria Gloriosa dei Frari ե­կե­ղե­ցին:

Շաբաթ, Մարտ 5, 2016

ՅԱ­ԿՈԲ  ՆԱԼ­ՊԱՆՏ  ՏԼՏԼԵԱՆ

Գրաքն­նու­թեան ճնշող
Պար­տադ­րող
Պե­տա­կան մե­քե­նա­յին տակ կքող
Ա­ղա­ւա­ղուած - աղ­ճա­տուած
Մա­մու­լին նման

Շաբաթ, Մարտ 5, 2016

ԿԱ­ՐՕ ՊՕՀ­ՃԱ­ԼԵԱՆ

Գա­հի­րէի մէջ, Պէյն էլ Սու­րէյ­նի եւ Տարպ էլ Կի­նե­նա­յի թա­ղե­րէն հայ բնակ­չու­թիւ­նը ա­տե­նէ մը ի վեր քա­շուիլ սկսած էր, բայց հա­կա­ռակ ա­տոր, դեռ հոն մնա­ցող­նե­րուն թի­ւը կա­րե­լի էր բա­ւա­կան մեծ նկա­տել:

Շաբաթ, Մարտ 5, 2016

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

​Ռու­սաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց փոխ-նա­խա­րար Սէր­կէյ Ռիապ­քո­վի օ­րեր ա­ռաջ ը­րած յայ­տա­րա­րու­թիւ­նը քա­ղա­քա­կան ռում­բի տպա­ւո­րու­թիւն կը ձգէր տագ­նա­պին հե­տե­ւող բո­լոր կող­մե­րուն հա­մար: 

Շաբաթ, Մարտ 5, 2016

Մարիամ Տրամէրեան, Սարեմ Քիւլէկէչ-Շէշէթեան եւ Կարպիս Չափքան այցելեցին թերթիս խմբագրատունը:
Էսաեան սանուց միութիւնը եւ «Մարալ» երգի-պարի համոյթը կը պատրաստուին յառաջիկայ նոր ձեռնարկներու:

Շաբաթ, Մարտ 5, 2016

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մեծ պա­հոց շրջա­նի 5-րդ Կի­րա­կին սո­վո­րա­բար կը կո­չուի «Դա­տա­ւո­րի Կի­րա­կին»՝ օ­րուան Ճա­շու Ա­ւե­տա­րա­նին (ՂՈՒ­ԿԱՍ ԺԸ) գլխա­ւոր դէմ­քե­րէն՝ «Ա­նի­րաւ Դա­տա­ւոր»էն առ­նե­լով իր ա­նու­նը։

Շաբաթ, Մարտ 5, 2016

Բրի­տա­նա­կան The Telegraph պար­բե­րա­կա­նը ու­շագ­րաւ լո­ւսան­կար­նե­րու շար­քով անդ­րա­դար­ձած է Եւ­րո­պա­յի ա­մե­նա­հին տասն­վեց քա­ղաք­նե­րուն՝ իր ըն­թեր­ցող­նե­րուն ա­ռա­ջար­կե­լով կեան­քի ըն­թաց­քին գո­նէ ան­գամ մը այ­ցե­լել զա­նոնք։

Շաբաթ, Մարտ 5, 2016

Ե­րե­ւա­նի «Մխի­թար Հե­րա­ցի» պե­տա­կան բժշկա­կան հա­մալ­սա­րա­նէն ներս նա­խըն­թաց օր տե­ղի ու­նե­ցաւ բա­րե­գոր­ծա­կան յատ­կան­շա­կան ձեռ­նարկ մը, որ խո­րագրո­ւած էր «Իմ ա­րե­ւը դար­ձիր»։

Շաբաթ, Մարտ 5, 2016

Պրիւքսէլի մէջ Երկուշաբթի տեղի պիտի ունենայ Թուրքիա-Եւրոմիութիւն կարեւոր գագաթաժողովը:
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան երէկ յետմիջօրէին տեսակցեցաւ Տանըլտ Թուսքի հետ:

Ուրբաթ, Մարտ 4, 2016

Ահմէտ Տավուտօղլու երէկ Չանքայայի ապարանքին մէջ հիւրընկալեց Տանըլտ Թուսքը:
Եւրոպական Միութիւնը Թուրքիոյ եւ Յունաստանի հետ միշտ կը քննարկէ գաղթականաց ճգնաժամը:

Ուրբաթ, Մարտ 4, 2016

Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան նա­խըն­թաց օր ըն­դու­նեց Է­սաեան սա­նուց միու­թեան վար­չու­թեան ա­տե­նա­պե­տու­հի Մա­րիամ Տրա­մէ­րեա­նը եւ նոյն միու­թեան հո­վա­նիին ներ­քեւ գոր­ծող «Մա­րալ» հա­մոյ­թի պա­րու­սոյց Կար­պիս Չափ­քա­նը։

Ուրբաթ, Մարտ 4, 2016

Մեծ պա­հոց շրջա­նին Ա­րե­ւա­գա­լի հո­գե­պա­րար ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րը կը շա­րու­նա­կուին մեր ե­կե­ղե­ցի­նե­րէն ներս։ Հա­յա­շատ թա­ղե­րու մեր ե­կե­ղե­ցի­նե­րուն ա­ռըն­թեր, հայ բնակ­չու­թե­նէ նօս­րա­ցած պատ­մա­կան թա­ղե­րու մէջ ալ կ՚ապ­րուի հո­գե­ւոր մեծ հրճուանք։

Էջեր