Արխիւ
Ահաբեկչական բռնարարքները այս օրերուն դժբախտաբար անպակաս են Թուրքիոյ օրակարգէն։ «Սի.Էն.Էն. Թիւրք»ի հաղորդումներով, այս առաւօտ ալ Շըրնաքի մէջ տեղի ունեցաւ ողբերգական դէպք մը։
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան երէկ Անգարայի մէջ հիւրընկալեց Խրիմի թաթարներու պատուոյ ղեկավար եւ Ուքրայնոյ երեսփոխան Մուսթաֆա Ապտիւլմեճիտ Քըրըմլըօղլուի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը։ Նախագահական պալատին մէջ տեղի ունեցած ընդունելութեան ընթացքին Էրտողան յայտարարեց, թէ Թուրքիա չի ճանչնար Ռուսաստանի կողմէ Խրիմի բռնագրաւումը։
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ պարգեւատրեց մեր համայնքէն Էֆրիմ Պաղը եւ Սիպիլը:
Համահայկական վեցերորդ խաղերու կազմակերպիչները, հովանաւորներն ու պատուոյ հիւրերը ընդունելութիւնով մը մեծարուեցան Երեւանի մէջ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդիկ ընդհանրապէս ուրիշէն կը պահանջեն այն՝ ի՛նչ որ իրենք չունին եւ կամ ունին բայց չե՛ն տար։
Կեանքի փորձառութիւնը մեզի ցոյց կու տայ, թէ շատեր կը պահանջեն այն՝ ի՛նչ որ իրենց կը պակսի։
Գումգաբուի Աթոռանիստ Ս. Աստուածածին Մայր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի անդամները՝ գլխաւորութեամբ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Տ. Անդրէաս Ա. Քհնյ. Յակոբեանի, ատենապետ Հրանդ Մոսկոֆեանի եւ իր գործակից ընկերներուն այցելեցին Պատրիարքարան, ուր ընդունուեցան Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի կողմէ։
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Յուլիս 29-ին, արուեստասէր ողջ մարդկութեան հետ, հայ ժողովուրդը կը նշէ ծննդեան տարեդարձը Հայկեան Հանճարին համաշխարհային ճառագայթումներէն Յովհաննէս Այվազովսկիի:
Տեսակցեցաւ՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ «Հրաչեայ Աճառեան» լեզուի կաճառի տնօրէն Վիքթոր Կատուալեանի յայտարարութիւնները ԺԱՄԱՆԱԿ-ին:
Երեւանի մէջ կազմակերպուած «Արեւելահայերէնի եւ արեւմտահայերէնի մերձեցման խնդիրները» խորագրեալ համաժողովի լոյսին տակ վերլուծումները կը շարունակուին:
Ռուսաստանը ներկայացնող թենիսի արհեստավարժ մարզիկուհի Մարգարիտա Գասպարեան Կիրակի, Օգոստոս 2-ին խլած է Պաքուի մրցաշարքի տիտղոսը։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերի յայտարարեց, որ Իրանի միջուկային ծրագրին շուրջ ապահովուած համաձայնութիւնը տարածքաշրջանը պիտի դարձնէ անվտանգ։
Մոսկուայի առընթեր Երեւան զինուորական կապերը կը խորացնէ նաեւ Ուաշինկթընի հետ:
ԱՄՆ պիտի օգնէ ղարաբաղեան հակամարտութեան գօտիէն ներս հրադադարի պահպանման:
ԱՔ կուսակցութեան եւ ՃՀՓ-ի պատուիրակութիւններուն հինգերորդ հանդիպումը:
Սկզբնական փուլի աւարտին կը սպասուի կուսակցութիւններու դիրքորոշման:
Երեւանի մէջ կազմակերպուած «Արեւելահայերէնի եւ արեւմտահայերէնի մերձեցման խնդիրները» խորագրեալ համաժողովին շրջագծով օրակարգի վրայ եկան թէ՛ հին եւ թէ նոր հարցեր, որոնք առիթ ընձեռեցին տարիներու հոլովոյթին մէջ ձեւաւորուած առաջնահերթութիւններու մասնագիտական ամփոփման:
Հրանոյշ Յակոբեան. «Ընդունելի կը նկատեմ այն տեսակէտը, թէ մեր դպրոցներուն մէջ աւելցնենք արեւմտահայ գրողներու ստեղծագործութիւններու ուսումնասիրման դասաժամերը»:
Երեկոյթին ներկայ էր նաեւ Տիգրան Մանսուրեան, որ դրուատեց մեծանուն վարպետին գործը
Վարչապետ Ահմէտ Տավուտօղլու երէկ Անգարայի մէջ տեսակցեցաւ Արեւելեան եւ Հարաւ-արեւելեան Անատոլուի քաղաքներու շարք մը հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ։
Համահայկական 6-րդ խաղերուն ջահը վառուեցաւ աննախընթաց ցնծութեամբ:
Սերժ Սարգսեան. «Այստեղ բոլորը կապուած են ընդհանրութիւնով մը՝ հայ ըլլալով»:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Սպասելի էր, որ Սուրիոյ տագնապին առընչուող «հովանաւոր» երկիրները նոր քաղաքական ձեւաչափեր որդեգրեն: Նոր մօտեցումներու հիմնական դրոյթները արդէն պատրաստ են:
ՃՀՓ-ի Իսթանպուլի երեսփոխանը գրաւոր հարցում մը հասցէագրեց Վարչապետ Ահմէտ Տավուտօղլուին:
Սելինա Տողան կողմանկից է ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի պաշարի արժեւորման՝ որպէս պատմական կարեւորագոյն աղբիւր:
ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի գինը այսօրուընէ սկսեալ կը բարձրանայ 1 թրքական լիրայի։ Այս որոշումը թերթիս վարչութեան կողմէ ընդունուած է ստիպողական պայմաններու ներքեւ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Բնութիւնը Աստուծոյ արտացոլացումն է, եւ Բնութիւնը կարծես արտատպուած պատկեր մըն է մարդկային հոգիին մէջ։ Եւ ա՛յս է նշանակութիւնը այն բացատրութեան՝ թէ մարդ ստեղծուած է Աստուծոյ պատկերով եւ Անոր նմանութեամբ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Շատ բարդ ու խրթի՛ն է մարդկային յարաբերութիւնները։ Ըսելու պէտք չկայ, մեզմէ իւրաքանչիւրը ապրած է, կ՚ապրի եւ պիտի ապրի այնպիսի դէպքեր՝ ուր կարելի չէ բացատրել, կարելի չէ հասկնալ եւ վերլուծել այդ յարաբերութիւններուն իմաստը։