Արխիւ
Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունեց Երեւանի մօտ Փերուի նորանշանակ դեսպան Ումպերթօ Ումերէս Ալւարէսը, որ յանձնեց իր հաւատարմագիրը։ Հարկ է նշել, որ դեսպանին նստավայրը կը գտնուի Մոսկուայի մէջ։
ԱՔ կուսակցութեան եւ ՄՀՓ-ի համագործակցութեան անկարելիութիւնն ալ երէկ ի վերջոյ վերահաստատուեցաւ պաշտօնապէս: Անխուսափելի վարկած։ Ներքին քաղաքական օրակարգը կը ձեւաւորուի կանխահաս ընտրութեան ընթացակարգի զանազան հաւանականութիւններուն լոյսին տակ:
Ս. Աստուածածնի Վարափոխման տօնին առթիւ, Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ Ներսէսեան Դպրաց Դասու անդամները այց մը տուին Ս. Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի այն մնայուն բնակիչներուն, որոնք ամրան շրջանին կը գտնուին կղզիի մէջ։
Տեսակցեցաւ՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Վեց տարեկան հաակին, ընկերներուն հետ խաղալու ժամանակ, բնակարանի բակին մէջ գտած անծանօթ «խաղալիքը» ձեռքը պայթած երախան…
Ստեփանակերտի 27-ամեայ երիտասարդ բնակիչը մանկութեան ոդիսականին փոխարժէքը հատուցած է իր տեսողութեամբ:
Կը տեղեկանանք, որ Համայնքային վաքըֆներու հարթակի (VADİP) կրթական յանձնախումբը այսօր կը գումարէ ընդլայնուած կազմով ժողով մը։ Ֆէրիգիւղի «Շիրինօղլու» սրահին մէջ տեղի կ՚ունենայ այս ժողովը՝ կէսօրուան ժամերուն։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Մայրութիւն»ը մարդկութեան գերադաս վիճակը՝ գագաթնակէտն է, քանի որ մարդ՝ որպէս կին-մարդ ամենէն բարձր կերպով աստուածնման կ՚ըլլայ, Աստուծոյ կը նմանի, Անոր գործակից եւ Անոր անմիջական գործակատա՛րը կ՚ըլլայ։
Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
Օմար Շերիֆի կորուստը մեծ է ո՛չ միայն եգիպտական շարժապատկերին համար, այլ նաեւ համայն աշխարհի շարժապատկերի սիրահարներուն համար: Ստորեւ կը ներկայացնենք տարբեր լրատուամիջոցներու արձագանգները անոր անձին, վաստակին ու գործունէութեան մասին:
«Հայկական զարդամոթիֆը ժամանակակից նորձեւութեան մէջ». երիտասարդ ձեւագծողներու ստեղծագործութիւնները:
Երեւանի մէջ այս ամառ ուշադրութիւն կը գրաւեն հայկական տարազներու ներկայացման ուղղեալ հետաքրքրական ձեռնարկները:
Գարակէօզեան Տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանին մէջ երէկ Ս. Աստուածածնի տօնին առթիւ ապ-րըւեցաւ մեծ հրճուանք։ Ըստ վերջին տարիներուն ձեւաւորուած նախընթացին, Վերափոխման տօնին օրը կայանի «Գրիգոր Ճամպազեան» խաղավայրին մէջ կազմակերպուեցաւ քէրմէս մը։
ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին կողմէ հրատարակուած Երուանդ Սրմաքէշխանլեանի (Երուխան) «Փոքր Ասիոյ մէջ» գիրքը այս շրջանին կ՚արժանանայ գրասէրներու անմիջական ուշադրութեան։ Թերթիս խմբագրութիւնն ու վարչութիւնը որոշած են նաեւ 30 կտրօնի փոխարէն Երուխանի այս գիրքը նուիրել մեր ընթերցողներուն։
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին երէկ մեծ շուքով նշեց Ս. Աստուածածնի տաղաւարը:
Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեան նախագահեց Վաքըֆլըգիւղի աւանդական արարողութիւններուն:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մեռեալները յիշատակել, արդարեւ կը նշանակէ՝ մասնակի՛ց ընել զանոնք մեր ապրումներուն, մեր ուրախութիւններուն, մանաւա՛նդ տօնական օրերու խանդավառութեան։
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան ըստ իր պատրաստած ժամանակացոյցին, տար-ւան ընթացքին հով-ւական այցելութիւն կը շնորհէ թեմիս ծուխերուն, Ս. Պատարագ կը մատուցանէ, կը քարոզէ, ինչպէս նաեւ ձեռնադրութիւններ կը կատարէ:
Միացեալ Նահանգներ Թուրքիայէն դուրս կը բերէ «Փաթրիոթ» համակարգերը:
Անգարա եւ Ուաշինկթըն համատեղ յայտարարութիւնով մը անդրադարձան նորոգութեան ծրագրին:
Հայաստանի Առողջապահութեան նախարար Արմէն Մուրատեան նախընթաց օր Երեւանի մէջ ընդունեց Ֆրանսահայ բժիշկներու միութեան նախագահ Միշէլ Շահինեանը։ Զրոյցի ընթացքին Միշէլ Շահինեան նշեց, որ իր գլխաւորած միութեան անդամները ամէն տարի այցելութիւններ կը կատարեն Հայաստանի մարզերը։
Գագիկ Բեգլարեան յառաջիկայ օրերուն Փեքին պիտի այցելէ առաջարկները քննարկելու համար:
Չինաստան հետաքրքրութիւն ցոյց կու տայ Հայաստան-Իրան երկաթուղիի շինարարութեան ծրագրին նկատմամբ:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Անցնող օրերը բաւական ծանր եղան Իրաքի համար: Պաղտատի արեւելեան հատուածին մէջ եղող Սատըր եւ Տիալա քաղաքներուն մէջ գրանցուած ահաբեկչական պայթումներուն հետեւանքով զոհուեցան շուրջ հարիւր անձեր, մինչ վիրաւորեալներուն թիւը գերազանցեց երեք հարիւրը:
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան այս շաբաթավերջին կ՚այցելէ Վաքըֆլըգիւղ՝ Ս. Աստուածածնի տօնին առթիւ։ Ան տեղւոյն Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ կը նախագահէ տաղաւարի հանդիսութիւններուն, կը պատարագէ եւ իր պատգամը կը փոխանցէ՝ գիւղի բնակչութեան եւ ուխտաւորներուն։
Սուրբ Աստուածածնի տաղաւարին ընդառաջ Մեծ կղզիի հայութիւնը կազմակերպեց շատ ջերմ մթնոլորտով անմոռանալի հիւրասիրութիւն մը:
Գարակէօզեան Տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանի սաները երէկ ապրեցան խանդավառ օր մը՝ պտոյտով ու հաճելի ժամանցով:
Երէկ, Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Գալուստ Սահակեան Երեւանի մէջ հիւրընկալեց Յունական Կիպրոսի Ներկայացուցիչներու տան հայկական փոքրամասնական համայնքի ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեանը, զոր պարգեւատրեց յուշամետայլով մը։