VADİP-Ի ԿՐԹԱԿԱՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻՆ ԸՆԴԼԱՅՆՈՒԱԾ ՁԵՒԱՉԱՓՈՎ ԺՈՂՈՎԸ՝ ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ «ՇԻՐԻՆՕՂԼՈՒ» ՍՐԱՀԻՆ ՄԷՋ

Կը տե­ղե­կա­նանք, որ Հա­մայն­քա­յին վա­քըֆ­նե­րու հար­թա­կի (VADİP) կրթա­կան յանձ­նա­խում­բը այ­սօր կը գու­մա­րէ ընդ­լայ­նուած կազ­մով ժո­ղով մը։ Ֆէ­րի­գիւ­ղի «Շի­րի­նօղ­լու» սրա­հին մէջ տե­ղի կ՚ու­նե­նայ այս ժո­ղո­վը՝ կէ­սօ­րուան ժա­մե­րուն։ VADİP-ի կրթա­կան յանձ­նա­խում­բի ան­դամ­նե­րուն ա­ռըն­թեր այս հան­դիպ­ման ներ­կայ կը գտնուին իս­թան­պու­լա­հայ վար­ժա­րան­նե­րու հիմ­նադ­րի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը, տնօ­րէն­նե­րը, ինչ­պէս նաեւ ա­նոնց մա­տա­կա­րար մար­մին­նե­րուն կրթու­թեան գծով պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րը։

Մեր ստա­ցած տե­ղե­կու­թիւն­նե­րուն հա­մա­ձայն, այս հա­ւա­քոյ­թը ըստ էու­թեան, Պատ­րիար­քա­րա­նի մէջ վեր­ջերս տե­ղի ու­նե­ցած ժո­ղո­վին շա­րու­նա­կու­թիւ­նը կը հա­մա­րուի։ 2015-2016 կրթա­կան շրջա­նի վե­րա­մու­տին ըն­դա­ռաջ՝ իս­թան­պու­լա­հայ կրթա­կան հա­մա­կար­գի պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րը կը քննար­կեն թէ՛ Պատ­րիար­քա­րա­նի մէջ ըն­դու­նուած ո­րո­շում­նե­րուն ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րը եւ թէ այլ խնդիր­ներ, ո­րոնք այս փու­լին կը գտնուին ի­րենց օ­րա­կար­գին վրայ։

Երեքշաբթի, Օգոստոս 18, 2015