Արխիւ
Յունաստանի Վարչապետ Ալեքսիս Ցիփրաս այսօր կը ժամանէ Թուրքիա։ Ան առաջին անգամ Անգարայի ղեկավարութեան կողմէ կը հիւրընկալուի՝ Յունաստանի վարչապետ դառնալէ վերջ։
Նոյեմբերի 1-ին տեղի ունեցած ընտրութիւններէն վերջ, մայրաքաղաք Անգարայի մէջ այսօր կ՚ապրուի երդման օր մը։ 26-րդ գումարման Թուրքիոյ Ազգային մեծ ժողովի անդամները այսօր կը կատարեն իրենց երեսփոխանական երդումը։
Երեւանի մօտ հաւատարմագրուած ԵՄ-ի անդամ երկիրներու դեսպաններուն հետ հանդիպում:
Եդուարդ Նալպանտեան ներկայացուց սպառազինութիւններու վերաբերեալ հայկական կողմին դիրքորոշումը:
Փարիզի մէջ պատահած աննախընթաց ահաբեկչութեան պատճառած ցնցումը յեղաշրջած է Ֆրանսայի օրակարգը։
G-20-ի շրջանային նախագահի պաշտօնին մէջ Չինաստան կը փոխարինէ Թուրքիան։
Անթալիոյ գագաթաժողովի եզրափակիչ յայտարարութեան մէջ անդրադարձ կատարուեցաւ գաղթականաց տագնապին եւ անոր երկարաժամկէտ յաղթահարման ուղղեալ համակարգման։
Էրտողանի, Օպամայի եւ Փութինի պատգամները արձակման հանգրուանին եղան զգայացունց բոլորին համար։
Այս շաբաթավերջին Գումգաբուի մէջ տեղի պիտի ունենան Գալֆաեան Տան հիմնադրութեան տարեդարձին եւ տարեկան սիրոյ սեղանին առթիւ կրօնական եւ աշխարհիկ արարողութիւններ, որոնք պիտի համախմբեն համայնքային շրջանակները։ Տարեկան սիրոյ սեղանին ընդառաջ, այս առաւօտ հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Գալֆաեանի ընտանիքէն երեք պատասխանատուներ՝ Խնամակալութեան ատենապետուհի Տիանա Գամբարոսեան, վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Թամար Գարասու եւ խնամակալութեան սիւներէն Տանիէլ Անթիքաճեան։
ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ
Շատ մը լիբանանցիներու համակրանքը վայելող եւ անոնց միտքերուն վրայ ազդեցութիւն ունեցող լիբանանցի երաժիշտ Զիատ Ռահպանի, Պըրժ Պարաժնէի պայթումին վերաբերող գրառում մը ըրած էր վերջերս ընկերային համացանցի իր էջին վրայ՝ ըսելով, թէ ի՞նչ էր ակնկալուածը այդ պայթումէն՝ բացի նահատակներ խլելէ: Վա՞խ: Փախո՞ւստ: Զէնքերէ հրաժարո՞ւմ:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Ժամանակի արագ յառաջացումը այնպիսի հսկայական անդունդներ ստեղծած է մարդոց միջեւ, որոնց վերլուծումը դարձած է գրեթէ անհնար ու անբացատրելի: Նոյն թաղը, նոյն դպրոցն ու ակումբը գացող երկու տարբեր երիտասարդներու ընտանիքներ կ՚ապրին՝ գրեթէ հասարակաց ոչ մէկ գիծ ունեցող կեանքով մը:
Տեսակցեցաւ՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Սփիւռքահայ փորձառու ազգային-հասարակական գործիչը դէպի Հայաստան վերջին այցելութեան օրերուն հարցազրոյց մը տուաւ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին:
Երուանդ Ազատեան. «Խօսելու շատ հարցեր կան, սակայն այսօր ամենակարեւորն է արտագաղթը, որ մեծ համեմատութիւններու հասած է։ Երկիրը լքելու գլխաւոր պատճառն է՝ հեռանկարի պակասը։ Հայրենալքումը մեծապէս ցաւալի երեւոյթ մըն է:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Անկեղծութիւնը եւ նուիրումը կը պահանջէ կարգ մը զոհողութիւններ եւ հրաժարումներ ներկայ վիճակէն։
Երէկ, երեկոյեան ժամերուն Մարմարա ծովուն մէջ տեղի ունեցան երկու իրերայաջորդ երկրաշարժներ։ Վարչապետարանի Աղէտներու եւ արտակարգ իրավիճակներու կառավարման վարչութեան համապատասխան բաժանմունքէն տեղեկացուցին, թէ երկրաշարժին էփիկեդրոնը շուրջ 20 քիլօմեթր հեռաւորութեան վրայ կը գտնուէր Ավճըլարի, Պահչելիէվլէրի, Զէյթինպուրնուի, Քիւչիւքչեքմեճէի եւ Պիւյիւքչեքմեճէի նման բնակութեան կեդրոններէն։
Ցամաքային զօրքերու հրամանատար զօրավար Սալիհ Զեքի Չոլաք այսօրերուն կ՚այցելէ Պաքու։ Իր շփումներուն շրջագծով ան հանդիպումներ կ՚ունենայ Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան նախարարութեան բարձրաստիճան պատասխանատուներուն եւ ոլորտի այլ շարք մը պաշտօնատարներուն հետ։
ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԵՐԵԱՆ
ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿԻ ՖԱՈՒՔՍ ԴԱՐՁԱՒ ԺԱՄԱՆԱԿԱԿԻՑ ԲՈՂՈՔԻ ԴԷՄՔԸ
Ամէն տարի 5 Նոյեմբերին բրիտանացիք ամբողջ երկրի տարածքին հրավառութիւններ կը կազմակերպեն նշելու համար մահապատիժի գործադրումը 17-րդ դարու կաթոլիկ ահաբեկիչ Կի Ֆաուքսի: Վերջերս գործիչները իւրացուցին այդ օրը՝ իբրեւ զանգուածային բողոքի օրերէն մէկը:
ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ
Գիրքը որպէս սպառողական ապրանք, ինչպէս որեւէ այլ արտադրութիւն, կ՚ենթարկուի արտադրութեան եւ պահանջքի (supply&demand) օրէնքներուն:
TÜYAP-ի Պիւյիւքչեքմեճէի համալիրէն ներս կազմակերպուած Իսթանպուլի 34-րդ միջազգային գրքի տօնավաճառը եզրափակուեցաւ:
«Արաս» հրատարակչատունը շաբաթավերջին իրականացուց ասուլիս մը, իսկ յառաջիկայ շրջանի իր գործերը պիտի ձօնէ մեծանուն գրողի ոգեկոչման:
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ կիրակնօրեայ արարողութիւններուն նախագահեց Ենիգիւղի Գիւտ Տփոյ Ս. Աստուածածնի եկեղեցւոյ մէջ։ Օրուան պատարագիչն էր Տ. Պետրոս Քհնյ. Պուլտուքեան։ Ներկայ էր նաեւ Տ. Զատիկ Վրդ. Պապիկեան։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան տեղւոյն դպիրներուն կողմէ՝ գլխաւորութեամբ Եդուարդ Վարժապետեանի։ Նորին Սրբազնութիւնը տուաւ օրուան պատգամը։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը այսօր ուղեւորութեան մը կը ձեռնարկէ դէպի Եւրոպա։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի աղբիւրները տեղեկացուցին, թէ հայրապետական այցելութեան ծրագիրը կ՚ընդգրկէ Իտալիան եւ Ֆրանսան։
Ֆութպոլի յայտնի մարզիչ Մուսթաֆա Տենիզլի շաբաթավերջին այցելեց Ս. Խաչ դպրեվանք։ Իր հետ էր նաեւ կողակիցը՝ Էվին Էլչի Տենիզլի։ Խնամակալութեան կարգ մը անդամներուն անձնական ծանօթութեան հիման վրայ կազմակերպուած այց մըն էր այս մէկը, որու ընթացքին Տենիզլի ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալուեցաւ դպրոցի երդիքին տակ, ուր ճաշեց աշակերտներուն եւ ուսուցչական կազմին հետ
Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի պարտէզը երէկ հիւրընկալեց իսթանպուլահայ միութիւններու ներկայացուցիչները:
Հոծ թիւով երիտասարդներ ձմեռնամուտը ողջունեցին՝ հայկական աւանդական երաժշտութեամբ, պարերով եւ բաժակներ ի ձեռին:
Երեւանի մէջ Ֆրանսայի հրապարակն ու դեսպանատունը՝ հազարաւորներու ժամադրավայրը:
Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան մասնակցեցաւ մոմավառութեան ու ծաղիկներ թողուց ահաբեկչութեան զոհերու յիշատակին: Հայաստանի Ազգային ժողովի երդիքին տակ այս առաւօտ պահուեցաւ յարգանքի լռութիւն:


