Արխիւ
ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի 69-րդ նստաշրջանի 103-րդ լիագումար նիստին ընթացքին միաձայնութեամբ ընդունուեցաւ Հայաստանի կողմէ ներկայացուած «Ցեղասպանութեան յանցագործութեան զոհերու յիշատակի եւ արժանապատուութեան եւ այդ յանցագործութեան կանխարգիլման միջազգային օր» խորագրեալ բանաձեւը։
Արտաքին գործոց նախարար Ֆերիտուն Սինիրլիօղլու այսօր պաշտօնական այցելութեան մը կը ձեռնարկէ դէպի Պաքու։ Երկօրեայ ուղեւորութեան ընթացքին ան ամենաբարձր մակարդակի վրայ կը հիւրընկալուի Ատրպէյճանի ղեկավարութեան կողմէ։
Նախագահ Սերժ Սարգսեան, որ երէկ ժամանեց Տուշանպէ, այսօր կը մասնակցի ՀԱՊԿ-ի անդամ երկիրներու գագաթաժողովին:
Հայաստանի լրատուամիջոցները միշտ կը քննարկեն այս դաշինքին վստահելիութիւնը՝ երկրի ենթարկուած յարձակումներուն լոյսին տակ:
Շիշլիի քաղաքապետարանը միշտ պատրաստակամ՝ աջակցելու մեր համայնքային կառոյցներուն:
Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեան Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Հայրի Ինէօնիւն եւ Վազգէն Պարընը:
Խաչվերացի տաղաւարին առթիւ երէկ ընդհանուր հոգեհանգստեան պաշտօն տեղի ունեցաւ Շիշլիի ազգային գերեզմանատան մէջ։ Տարուան այս վերջին մեռելոցին օրով տեղի ունեցած հոգեհանգստեան կարգին հանդիսապետեց Տ. Շնորհք Աբեղայ Տօնիկեան։
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Սրբալոյս Միւռոնի օրհնութեան եզակի ու մեծահանդէս արարողութիւնը այս տարի կը զուգադիպի Վարագայ Խաչի տօնի օրուան:
Սուրբ Իւղին աւանդական ուժը հաւատացեալներուն պարգեւած մխիթարութիւնով կը բիւրեղանայ ու կ՚առթէ կենսունակութիւն:
Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ, Շաբաթ յետմիջօրէին, տեղի ունեցաւ հաւաքական մկրտութեան արարողութիւն մը, որ ստեղծեց մեծ ոգեւորութիւն։ Խաչվերացի տաղաւարի նախատօնակի օրուան զուգադիպած այս հաւաքական մկրտութեան իր բարձր ներկայութիւնը բերաւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան։
Սկիւտարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ տարեկան անուան տօնախմբութիւնը արտասովոր ոգեւորութիւն ստեղծեց այս պատմական թաղին մէջ
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան նախագահեց կրօնական եւ աշխարհիկ արարողութիւններուն, նաեւ տուաւ օրուան պատգամը
ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՔԻՒՐՔՃԵԱՆ
Ստորեւ՝ լեզուաբան, մանկավարժ, դասագիրքերու հեղինակ Յարութիւն Քիւրքճեանի զեկոյցը, որ ընթերցուած է «Արեւելահայերէնի եւ արեւմտահայերէնի մերձեցման խնդիրները» նիւթով գիտաժողովին:
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Իրողութիւն է, որ ուսում, կրթութիւն եւ կամ գիտութիւն ստանալը է՛ եւ կը մնայ մեր կեանքը իմաստաւորող գլխաւոր բաղադրիչներէն կարեւորագոյնը: Ուստի, ի՛նչ ալ ըլլան իբրեւ գլխաւոր բաղադրիչ մեր կեանքը հունաւորող միւս արժէքները, որքան որ անոնք բարդանան, արդիականանան եւ այժմէականանան. վերեւ նշուածները էական են եւ կը մնան մեր բոլորի կեանքի ուշադրութեան կիզակէտերը:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդիկ օժտուած են զանազան շնորհներով, տաղանդներով ու ձիրքերով։ Արդարեւ, իւրաքանչիւր անհատի ընդունած տաղանդը տարբեր է, ո՛ր մէկուն քիչ, ո՛ր մէկուն շատ։
Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան այսօր աշխատանքային այցելութիւն մը կու տայ Տաճիկիստանի մայրաքաղաքը՝ Տուշանպէ։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, ան կը մասնակցի Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) գագաթաժողովին։
Ֆրանսահայ յայտնի քաղաքական գործիչ Փաթրիք Տէվէճեան հանդէս եկաւ յայտարարութիւններով՝ դէպի Եւրոպա գաղթականաց հոսքին մասին։ Անցեալի մէջ նախարարի պաշտօն ալ վարած Տէվէճեան Գերմանիոյ դիրքորոշման անդրադառնալով ըսաւ. «Առին մեր հրեաները ու մեզի տուին արաբները»։
Շաբաթավերջին ահաբեկչական դէպքերը շարունակուեցան, ցաւ յառաջացնելով ամբողջ երկրին մէջ։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, Շըրնաքի եւ Տիարպաքըրի մէջ կատարուած յարձակումներուն հետեւանքով երեք ոստիկան նահատակուեցաւ։
Լաս Վեկասի մէջ կազմակերպուած Ըմբշամարտի համաշխարհային առաջնութեան մասնակցած Հայաստանի հաւաքականը վերադարձաւ Երեւան։ Յունահռոմէական ոճի մէջ աշխարհի ախոյեան դարձած եւ այդ կոչումը արդէն երկրորդ անգամ նուաճած Արթուր Ալէքսանեանին համար յաղթական վերադարձ մըն էր այս մէկը։
ԱՔ կուսակցութեան 5-րդ համագումարը տեղի ունեցաւ շաբաթավերջին:
Ահմէտ Տավուտօղլու միաձայնութեամբ կուսակցապետ վերընտրուեցաւ՝ ընտրութեան սեմին:
Տեսակցեցաւ՝ ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Լեռնային Ղարաբաղի Արտաքին գործոց նախարար Կարէն Միրզոյեանի կարծիքով՝ «Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն»ի (ԻՇԻՊ) վտանգը սպառնալիք է ո՛չ միայն Մերձաւոր Արեւելքի երկիրներուն, այլ նաեւ՝ համայն աշխարհին համար: Նախարարը նման կարծիք յայտնած է Երեւանի մեր աշխատակից Սագօ Արեանին, ԺԱՄԱՆԱԿ-ին համար տրուած բացառիկ հարցազրոյցին ընթացքին:
ՆԱԹՕ-ի Զինուորական կոմիտէի ընդհանուր սպայակոյտի նախագահներուն տարեկան հաւաքը:
Զօրավար Հուլուսի Աքար. «ՓՔՔ կը սպառնայ ամբողջ տարածքաշրջանի անվտանգութեան»:
Ամերիկահայ գիտնական Վոն Թուրէքեան նշանակուեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի խորհրդական։ «Ասպարէզ» օրաթերթի հաղորդումներուն հիման վրայ «Արմէնփրէս» գործակալութիւնը տեղեկացուց, թէ Թուրէքեանի պատասխանատուութեան շրջագծին մաս պիտի կազմեն բնապահպանութեան, գիտութեան, փորձագիտութիւններու եւ առողջապահութեան բնագաւառները, որոնք ազդեցութիւն կը գործեն Ուաշինկթընի արտաքին քաղաքականութեան վրայ։
Լեռնային Ղարաբաղի Արտաքին գործոց նախարար Կարէն Միրզոյեան վերջերս Ստեփանակերտի մէջ հիւրընկալեց մեր պատուակալ աշխատակից Սագօ Արեանը։ Երկար տարիներ Իսթանպուլի մէջ պաշտօնավարած Կարէն Միրզոյեան այս առթիւ բացառիկ հարցազրոյց մը տուաւ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին։