Արխիւ

Ուրբաթ, Փետրուար 19, 2016

Մայրաքաղաքի սահմռկեցուցիչ պայթումէն վերջ, Թուրքիա ցնցում կ՚ապրի նաեւ տասը նոր նահատակներու վերաբերեալ լուրերով՜
Տավուտօղլու. «Պիտի փոխադարձենք ամենաճիշդ պահուն, ամենաճիշդ միջոցով»՜
ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի մշտական անդամ հինգ երկիրներու Անգարայի դեսպանները հրաւիրուեցան Արտաքին գործոց նախարարութիւն։ Հաֆթանինի դէմ հարուածներ։

Հինգշաբթի, Փետրուար 18, 2016

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Միջին Արեւելքի նշանաւոր երգչուհին, որու խորհրդանշած կերպարը կը համընկնի տարածքաշրջանի բոլոր ժողովուրդներու երաժշտական ճաշակին: Առինքնող ձայն մը, որ կը հասնի մարդոց սրտի խորքին՝ փորձառութեամբ, համակրանքով, զգայնութեամբ ու մակարդակով:

Հինգշաբթի, Փետրուար 18, 2016

Լոս Անճելըսի մէջ ստեղծուած Սուրիահայութեան օժանդակութեան գործադիր մարմնին (SARF) նախաձեռնութեամբ այս շրջանին օժանդակութեան արշաւ մը կազմակերպուած է ի նպաստ սուրիահայութեան։

Հինգշաբթի, Փետրուար 18, 2016

Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Գալուստ Սահակեան երէկ ուշ երեկոյեան հիւանդանոց փոխադրուեցաւ Երեւանի մէջ։

Հինգշաբթի, Փետրուար 18, 2016

Հայաստանի առաջին նախագահ եւ ընդդիմադիր Հայ ազգային գոնկրէսի առաջնորդ Լեւոն Տէր-Պետրոսեան, որ միջոց մը առաջ վիրահատուած էր Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն մէջ, վերադարձաւ Երեւան։ 

Հինգշաբթի, Փետրուար 18, 2016

​Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու երէկ շփումներ ունեցաւ Թիֆլիզի մէջ։ Դէպի Վրաստան պաշտօնական այցելութեան շրջագծով ան հիւրընկալուեցաւ ամենաբարձր մակարդակի վրայ։

Հինգշաբթի, Փետրուար 18, 2016

ԵԵԽՎ-ի մօտ լարուածութիւն ծագեցաւ Մարգար Էսաեանի եւ Նայիրա Զօհրապեանի միջեւ: «Քուէարկած եմ ազատ կամքով ու պարտաւոր չեմ հաշիւ տալու», յայտնեց Իսթանպուլի երեսփոխանը ԺԱՄԱՆԱԿ-ին:

Հինգշաբթի, Փետրուար 18, 2016

Անգարայի մէջ զինուորական ինքնաշարժներու մը վրայ կատարուած ահաբեկչական յարձակումը ունեցաւ ծանր հետեւանքներ. 28 զոհ եւ 61 վիրաւոր: Թուրքիա հերթական մարտահրաւէրը կը դիմագրաւէ միասնականութեամբ Էրտողան. «մեր պայքարը պիտի շարունակուի գործակատարներու եւ անոնց ետին կանգնած ուժերուն դէմ»։ Հանրապետութեան նախագահն ու վարչապետը ջնջեցին իրենց արտասահմանեան ուղեւորութիւնները։ Պէշթէփէի մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ անվտանգութեան հարցերու շուրջ բարձր մակարդակով խորհրդակցութիւն մը։ Ամբողջ միջազգային հանրութիւնը անվերապահ զօրակցութիւն կը յայտնէ այս անիծելի արարքէն վերջ։  Ընդդիմութիւնն ալ միահամուռ կը պախարակէ դէպքը։

Հինգշաբթի, Փետրուար 18, 2016

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Թուրքիոյ սրտին վրայ հուժկու պայթում մը պատահեցաւ երէկ երեկոյեան։ Երկիրը ցնցուեցաւ, հերթական անգամ։

Հինգշաբթի, Փետրուար 18, 2016

Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ երէկ տեղի ունեցաւ Արեւագալի ժամերգութիւն, որուն հանդիսապետեց Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան։

Հինգշաբթի, Փետրուար 18, 2016

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

«Ազատութիւն» իր լայն առումով կը նշանակէ՝ իմացականութեան եւ կամքին մէջ արմատացած կարողութիւն՝ գործելու կամ չգործելու, ընելու այս կամ այն, եւ կամ չընելու, ինքնակամ ու անկախ կերպով վճռելու կատարելիք գործերը։

Հինգշաբթի, Փետրուար 18, 2016

ՆԱ­ՐԷ ԳԱ­ԼԵՄ­ՔԷ­ՐԵԱՆ

Ներ­գաղ­թեալ­նե­րու թղթած­րա­րի այլ է­ջի մը անդ­րա­դար­ձած է Ի­վար Ար­փի: Ա­նոր յօ­դուա­ծին խո­րա­գիրն է.

 

Հինգշաբթի, Փետրուար 18, 2016

ԿԱ­ՐՕ ՊՕՀ­ՃԱ­ԼԵԱՆ

Մեթ­րօն մտած էր Հե­լիո­պոլ­սոյ ա­րուար­ձա­նը ու Րոք­սիէն, Փալ­մի­րա­յէն եւ Պա­զի­լի­քա­յէն վերջ, Միյ­տան Իս­մա­յի­լիա­յի կա­յա­րա­նին առ­ջեւ կանգ ա­ռած:

Հինգշաբթի, Փետրուար 18, 2016

ԾՈՎԻԿ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ

Նոր կեանքիս մէջ հանդիպեցայ նոր մարդկանց: Այս վերջինը սուրիացի արաբ տղամարդ մըն էր, Դամասկոսէն հասած էր Հոլանտա, աւելի ապահով շրջաններէ՝ քան ես:

Չորեքշաբթի, Փետրուար 17, 2016

Ֆրան­սա­յի Մի­յէն քա­ղա­քին մէջ ար­գի­լուե­ցան թրքե­րէն եւ ա­րա­բե­րէն դա­սե­րը։ Տե­ղա­կան մա­մու­լին մօտ ար­ձա­գանգ գտած այս կար­գադ­րու­թիւ­նը կա­տա­րուած է տեղ­ւոյն քա­ղա­քա­պե­տին՝ Ֆրան­սուա Պու­շէի նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ։ Ան այս կար­գադ­րու­թիւ­նը հիմ­նա­ւո­րած է իր շրջա­նին մէջ դպրոց­նե­րէ ներս անվ­տան­գու­թեան պատ­ճա­ռա­բա­նու­թեամբ։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 17, 2016

Վար­չա­պետ Ահ­մէտ Տա­վու­տօղ­լու այ­սօր շփում­ներ կ՚ու­նե­նայ Պրիւք­սէ­լի մէջ։ Պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով՝ իր շփում­նե­րը կը տե­ւեն եր­կու օր։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 17, 2016

Հա­յաս­տա­նեայց Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ Վի­րա­հա­յոց Թե­մը ան­ցեալ տա­րի շուրջ 250 հա­զար ա­մե­րի­կեան տո­լար ստա­ցաւ Վրաս­տա­նի կա­ռա­վա­րու­թեան կող­մէ։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 17, 2016

Եւ­րոա­սիոյ տնտե­սա­կան յանձ­նա­ժո­ղո­վի նա­խա­գահ Տիգ­րան Սարգ­սեան, որ Հա­յաս­տա­նի նախ­կին վար­չա­պետն էր, ե­րէկ հան­դի­պում մը ու­նե­ցաւ Ռու­սաս­տա­նի Վար­չա­պետ Տի­միթ­րի Մետ­վե­տե­ւի հետ։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 17, 2016

Թուր­քիոյ, Վրաս­տա­նի եւ Ատր­պէյ­ճա­նի ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար­նե­րը կը պատ­րաս­տուին ի­րա­կա­նաց­նել ի­րենց հեր­թա­կան հան­դի­պու­մը։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, ե­ռա­կող­մա­նի այս հեր­թա­կան տե­սակ­ցու­թիւ­նը տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ Թիֆ­լի­զի մէջ, այս Ուր­բաթ։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 17, 2016

«Րէօյթըրզ»ի հաղորդումներով, Թուրքիա միջազգային համախոհութեան հետ շփման մէջ է՝ Սուրիայէ ներս ցամաքային գործողութիւններու համար:
Ազգային պաշտպանութեան նախարար Իսմէթ Եըլմազ երէկ վերջին իրադարձութիւններուն մասին բացատրութիւններով հանդէս եկաւ խորհրդարանի ժողովին ընթացքին:

Էջեր