Արխիւ

Երեքշաբթի, Յուլիս 2, 2024

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Այս տարի լրացաւ 40-ամեակը պատմական իրադարձութեան մը. 1984 թուականին Ամենայն Հայոց Վազգէն Ա. Կաթողիկոսի Սրբատառ կոնդակով պաշտօնապէս վաւերացուեցաւ Խորէնեան Պատարագը եւ գործածութեան մէջ դրուեցաւ հայոց եկեղեցիներու մէջ:

Երեքշաբթի, Յուլիս 2, 2024

ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ

Ներկայ ժամանակներուն քաղաքները նոր ու բազմակողմանի յատկութիւններ, դերեր եւ առաքելութիւններ ստացան: Բայց, արդի եւ այսպէս ըսած՝ գովազդուող աշխարհին մէջ վարուած պետական ու մասնաւոր քաղաքական նպատակներու կողքին կարեւոր դիրք ստացաւ ինքնին մշակութային ոլորտը՝ նոր, հասանելի, ընբոշխնելի եւ մանաւանդ դիւրամատչելի ու հաճոյաշատ գործակատարումներով:

Երեքշաբթի, Յուլիս 2, 2024

Երեւանի մէջ, Աւետիք Իսահակեանի տուն-թանգարանի երդիքին տակ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ երաժշտական յատկանշական ձեռնարկ մը։ Այսպէս, «Երազ» երգի առաջին կատարումը առիթ դարձաւ մեծ խանդավառութեան։

Երեքշաբթի, Յուլիս 2, 2024

ՍԾՏՀԿ-ի ընդհանուր քարտուղարը այցելեց՝ շրջանային նախագահութիւնը ստանձնած Հայաստան:
Նիկոլ Փաշինեան եւ Լազար Քոմանեսքու մանրամասն արժեւորեցին «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախաձեռնութիւնը:

Երեքշաբթի, Յուլիս 2, 2024

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Հարցում. Ի՞նչ կը կոչուի հպարտութեամբ եւ բարկութեամբ վարուող մարդը:
Պատասխան.
Առակագիրը այսպէս կը կոչէ այդպիսին. «Հպարտութեամբ եւ բարկութեամբ վարուող մարդը, որ հպարտ եւ յանդուգն է՝ ծաղրող կը կոչուի» (Առ 21.24):

Երեքշաբթի, Յուլիս 2, 2024

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Բոլորիս ծանօթ է Յիսուսի հացերուն բազմացման հրաշքը. (ՄԱՏԹ. ԺԴ. 13-21, ՄԱՐԿ. Զ 30-44, ՂՈՒԿ. Թ 10-17 եւ ՅՈՎՀ. Զ 1-14), ուր հինգ հացով եւ երկու ձուկով կերակրեց հինգհազարի չափ այր մարդիկ, կիներէն եւ տղաքներէն զատ։

Երեքշաբթի, Յուլիս 2, 2024

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Հայոց մեծագոյն բանաստեղծներէն Պարոյր Սեւակի «Որդուս» բանաստեղծութիւնը ունի յաւերժական եւ համամարդկային գրաւչութիւն մը. անոր շօշափած ճշմարտութիւնները կը գերազանցեն ժամանակի եւ տեղի առանձնայատկութիւնները:

Երեքշաբթի, Յուլիս 2, 2024

Շիշլի մարզակումբի ընտանիքի ուշադրութիւնը երէկ կեդրոնացած էր ՈՒԷՖԱ-ի կեդրոնին վրայ, որ կը գտնուի Զուիցերիոյ Նիոն քաղաքին մէջ։ Այսպէս, ֆութսալի յաջորդ ախոյեաններու լիկի կառուցուածքի ձեւաւորման տեսակէտէ տեղի ունեցաւ կարեւոր հաւաքոյթ մը։

Երեքշաբթի, Յուլիս 2, 2024

«Իզմիրլեան» բժշկական կեդրոնի մասնագիտական անձնակազմը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ:
«Եկեղեցին հոգեփրկչական առաքելութեան ճանապարհին մշտապէս կարեւորած է անձի ֆիզիքական առողջութիւնը»:

Երեքշաբթի, Յուլիս 2, 2024

ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ

Եթէ լրագրողը կամ հրապարակախօսը յօդուած կը գրէ, ցանկալի է, ի հարկէ, որ ան ամէն բան իր գլխէն չբստրէ, խելքին փչածը նոյն պահուն չշարադրէ: Լաւ կ՚ըլլայ, ինչպէս կ՚ըսեն, իրականութեան հետ հաշուի նստիլ, նաեւ ճշդել փաստերը մասնագէտներու հետ:

Երեքշաբթի, Յուլիս 2, 2024

«Սեւանայ լճի ապագան» խորագրեալ հաւաքոյթը համախմբեց գիտնականներ ու քաղաքականութիւն մշակողներ:
Հայաստանի բնապահպանութեան նախարարութեան նախաձեռնութեամբ կարեւոր քննարկում՝ Ամերիկեան համալսարանին մէջ:

Երկուշաբթի, Յուլիս 1, 2024

Ֆրանսայի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւն։ Հանրապետութեան նախագահ Էմաննիւէլ Մաքրոն մօտաւոր անցեալին լուծարած էր Ֆրանսային Ազգային ժողովը։

Երկուշաբթի, Յուլիս 1, 2024

Մինչ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ արիւնալի եւ մտահոգիչ իրադարձութիւնները կը շարունակուին, միջազգային յառաջատար դերակատարները կը խտացնեն իրենց ջանքերը վտանգաւոր ընթացքը կասեցնելու համար։ Այս ամբողջին մէջ Ուաշինկթընի ղեկավարութիւնը հետեւողական աշխատանք կը տանի բոլոր ուղղութիւններով։

Երկուշաբթի, Յուլիս 1, 2024

Հարաւային Կովկասէ ներս խաղաղութեան ու կայունութեան համար կարեւոր են արժէքայեն մօտեցումները:
Արարատ Միրզոյեան եւ Ժոզէֆ Պորէլ անդրադարձան միջազգային ու տարածաշրջանային անվտանգութեան հարցերու:

Երկուշաբթի, Յուլիս 1, 2024

Պոլսահայ կրթական կեանքի առկայ դրուածքին տեսակէտէ երկարաժամկէտ նշանակութեամբ խորհրդածութիւն:
Արմէն Սարուխանեան մանրամասնօրէն կը նկարագրէ Մխիթարեան վարժարանի փոթորկալից իրադարձութիւնները:

Երկուշաբթի, Յուլիս 1, 2024

Գանտիլլիի Ս. Երկոտասան Առաքելոց եկեղեցւոյ մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ տարեկան անուան տօնախմբութիւն՝ նախագահութեամբ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի, որ խօսեցաւ նաեւ քարոզ մը։

Երկուշաբթի, Յուլիս 1, 2024

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ նախագահեց Էյուպի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ տարեկան անուան տօնախմբութեան, որու առթիւ հոգեւոր ուրախութեան մթնոլորտ ստեղծուեցաւ պատմական թաղէն ներս։

Երկուշաբթի, Յուլիս 1, 2024

ՀԲԸՄ-ի Երեւանի մէջ կազմակերպուած «Կլոպալ առաջնորդութեան» ծրագրի մասնակիցներուն այցելութիւնը:
Վեհափառ Հայրապետը բարձր կը գնահատէ մասնագիտական փորձառութեան հարստացման ուղղեալ առիթները:

Երկուշաբթի, Յուլիս 1, 2024

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Պատահական չէր, անշուշտ, Հայաստանի պաշտօնապէս ճանչցաւ Պաղեստին պետութիւնը։ Արիւնալի պատերազմը, դառն իրադարձութիւնները կերպով մը դարձան խթան ի շարս այլ երկիրներու, նաեւ փոքրիկ Հայաստանին ճանչնալու Պաղեստին պետութեան գոյութիւնը։

Երկուշաբթի, Յուլիս 1, 2024

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Թիւրքմենիստանի մայրաքաղաքը՝ Աշխապատի մէջ տեղադրուեցաւ հայ բանաստեղծ, աշուղ Սայաթ Նովայի արձանը: Այն տեղադրուած է նորաբաց այգիի մը մէջ, որ կոչուած է թիւրքմէն հռչակաւոր բանաստեղծ, մտածող Մահթումկուլիի (Մահթումկուլի Ֆրակի) անունով:

Էջեր