Արխիւ
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Մեծ քաղաքի մը բնակիչները անպայման համակարծիք պիտի գտնուին այն մօտեցման, թէ մարդիկ այլեւս կարօտ են նոյնիսկ ծառ մը տեսնելու։ Անկարելի է չանդրադառնալ մարդու կողմէ կառուցուած երկնաքերերու, շինուած մեքենաներու, փոխադրամիջոցներու կամ համակարգիչներու ընդհանուր ծանրութեան, որոնք կը հասնին կամ նոյնիսկ կը գերազանցեն երկրի բոլոր կենդանի էակներու ծանրութիւնը։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Աղօթքը՝ իր ամենալայն իմաստով, Աստուծոյ հետ հաղորդակցութիւն է։ Աստուած «Անձ» է, եւ մարդն ալ «անձ» մը, եւ ուրեմն աղօթքը երկու անձի միջեւ յարաբերութիւն մը, կապակցութիւն մը՝ խորհուրդի եւ խօսքի միջոցով եւ նաեւ՝ գործով։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Տարիքս ինչքան ալ յառաջանայ, նուազագոյնը տարին մէկ անգամ կ՚ուզեմ ձեռքս առնել հայ մեծագոյն բանաստեղծին՝ Պարոյր Սեւակին «Որդուս» բանաստեղծութիւնը եւ Աստուած գիտէ որ երրորդ անգամ ըլլալով դարձեալ կարդալ ու վերլուծել. կան բանաստեղծութիւններ, որոնք մեռեալ են. կը կարդացուին միայն մէկ անգամ եւ նոր բան մը տալիք չեն ունենար, սակայն Սեւակի վերոյիշեալ բանաստեղծութիւնը ամէ՛ն տարի ունի ըսելիք մը, ինչ որ կենդանի կը պահէ բանաստեղծութիւնն ու անոր արժէքը:
ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ
Եթէ «Տաւուշը՝ յանուն հայրենիքի» շարժումը որեւէ ձեւով չի սասաներ Փաշինեանի գահը, ապա ո՞րն է իմաստը, որ ՔՊ-ականները («Քաղաքացիական պայմանագիր» իշխանական կուսակցութինը) եւ իշխանութեան այլ քարոզիչները առաւօտէն երեկոյ անոր մասին կը խօսին։
Իրանի արտահերթ նախագահական ընտրութեան արդիւնքը յայտնի պիտի դառնայ երկրորդ փուլով։ Անցեալ ուրբաթ տեղի ունեցած քուէարկութեան առաջին փուլէն յաղթական դուրս եկան Մեսուտ Պեզեշքիան եւ Սայիտ Ճալիլի։
Երուսաղէմի «Նոթրը Տամ» պանդոկին մէջ նախընթաց օր տեղի ունեցաւ պաշտօնական ընդունելութիւն մը, որուն մասնակցեցաւ նաեւ Հայոց Պատրիարքութեան դիւանապետ Տ. Աղան Վրդ. Գոգճեան։
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը ընդունեց՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ վերապատրաստման դասընթացքներուն մասնակից քահանաներու հերթական խումբը։
Գնալը կղզիի մէջ այս տարի եւս տեղի կ՚ունենայ «Մենք երգ ենք» խորագրեալ երիտասարդաց համերգաշարը։ 2024 թուականի ամրան առաջին ձեռնարկը տեղի ունեցաւ երէկ երեկոյեան Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ բակին մէջ։
Համայնքային շրջանակները ցաւակից Պետրոս Շիրինօղլուին՝ մօրեղբօր կորուստի փուլին:
Հանգուցեալ Վիչէն Առաքելեանի յուղարկաւորութիւնը համախմբեց հոծ թիւով սգաւորներ:
ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ
Երեւանի կողմէ Պաղեստինի պետութիւնը ճանչնալու որոշումը կը դիտարկուի՝ միջազգային ընտանիքին մէջ արծարծուող երկու պետութեան բանաձեւի շրջանակներէն ներս։
Պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ կան բաղադրիչներ, որոնք կ՚ընդգծեն կողմերուն նկատմամբ հաւասար հեռաւորութիւն պահելու կանոնի գործադրութիւնը:
Երէկ, Իրանի մէջ տեղի ունեցաւ նախագահական արտահերթ ընտրութիւն։ Մօտաւոր անցեալին նախագահ Իպրահիմ Ռայիսի ուղղաթիռի արկածի մը զոհ գացած էր, ուստի, ստիպողութիւն յառաջացած էր նոր նախագահ ընտրելու համար:
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները Հայաստանն ու Ատրպէյճանը հրաւիրեցին ՆԱԹՕ-ի գագաթաժողովին:
Օ՚Պրայըն եւ Պայրամով աչքէ անցուցին Երեւան-Պաքու խաղաղութեան պայմանագրի շուրջ բանակցութիւններու ընթացքը:
Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան (ՍԾՏՀԿ) անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները երէկ հեռավար ժողով մը գումարեցին։ Սա կազմակերպութեան 48-րդ նախարարական հաւաքն էր, որ կազմակերպուեցաւ առցանց։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երբեք պատահական չէ վերջերս Քուէյթի պատկան մարմիններուն կողմէ հնչած յորդորը՝ արագօրէն լքելու Լիբանանի տարածքը։ Այլ հարց, թէ ցարդ ինչո՞ւ միայն Քուէյթը նման կոչով մը հանդէս եկաւ՝ զգուշացնելով իր քաղաքացիները հեռու մնալ Լիբանան ճամբորդելէ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Յովհաննէսին եւ փարիսեցիներուն աշակերտները ծոմ կը պահէին։ Եկան եւ ըսին անոր.- Ինչո՞ւ Յովհաննէսին եւ փարիսեցիներուն աշակերտները ծոմ կը պահեն, բայց քու աշակերտներդ ծոմ չեն պահեր». (ՄԱՐԿ. Բ 18)։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Մեր մարդկային կեանքին մէջ որոշ արտայայտութիւններ ինչքան ալ անգիտակից ըսուած թուին, իրականութեան մէջ մեծ նշանակութիւն կ՚ընդգրկեն. մի քանի օրեր առաջ խօսակցութեան մը ընթացքին ականջս որսաց «եթէ տեղդ ըլլայի» արտայայտութիւնը, ինչ որ մարդկային տկարութիւններէն մէկն է. սեփական իրականութենէն փախչիլ եւ այլ գոյութիւն մը ընդունելու ձգտումը ունենալ:
Պատրաստեց՝ ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Հայ երգիծաբան, լրագրող եւ արձակագիր Յարութիւն Ալփիարը ծնած է 12 յուլիս 1864-ին, Իզմիրի մէջ:
Նախնական կրթութիւնը ստացած է Պոլսոյ Արամեան եւ Շահնազարեան վարժարաններէն ներս:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Գիտակցութեան ծնունդի սկզբնաւորութենէն ի վեր մարդ արարածը իր դիմաց ունեցած է հետեւեալ հարցը. «Ինչո՞ւ համար կ՚ապրիմ». հարց, որ կը գերազանցէ ժամանակը, մշակոյթն ու անհատական փորձը, իւրաքանչիւրին համար տարբեր արձագանգ մը գտնելով:
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Կը շարունակենք մեր խորհրդածութիւնները կեանքի իմաստին եւ արժէքին մասին։
Մարդ բարիին եւ երջանկութեան կը տիրանայ մասամբ շրջապատի ազդեցութեամբ։
Շիշլի մարզակումբը այս ամրան վերսկսած է կազմակերպել ճամբարներ։ Ամրան դասընթացքներուն զուգահեռ նախատեսուած է այս աշխատանքը։ Ներկայ շաբթուան սկիզբին պասքեթպոլի եւ վոլէյպոլի մարզիկները Հէյպէլի կղզիի մէջ ամառնային ճամբարի մը մասնակցելու փորձառութիւնը ունեցան՝ հեղինակաւոր մարզիչներու հսկողութեան ներքեւ։