Արխիւ
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
6 նոյեմբեր 2021-ին Թերթիս մէջ լոյս տեսաւ մեր՝ «Կիրակմուտքի խորհրդածութիւններ» շարքին առաջին գրութիւնը: Այսօր, պահը եկած է դադրեցնելու այս շարքը:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Կէտիկփաշա թաղը պատմական ե՛ւ պատուական բնակավայր մը եղած է իր բնակիչներով, եկեղեցիով, դպրաց դասով եւ դպրոցով։ Ան պատմական է, քանի որ հոն կազմուած են բազմաթիւ ընտանիքներ, որոնք հասցուցած են սերունդներ՝ որոնք արդիւնալի ծառայութիւններ մատուցած են համայնքային-հասարակական, կրթական, եկեղեցական եւ առ հասարակ մշակութային կեանքին մէջ։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Հայաստանի մէջ եւ այլուր վերջին ժամանակները կատարուած շատ մը դատավարութիւններ պատճառ եղան, որպէսզի դարձեալ մտածենք մարդոց մէջ գոյութիւն ունեցող անհաւասարութեան մասին, ինչ որ մարդկութեան մեծագոյն ցաւերէն մէկը կը շարունակէ ըլլալ:
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ցարդ 68 հոգեւորական վերապատրաստման դասընթացքի մասնակցեցաւ:
Վեհ. Հայրապետին խօսքով՝ հայ ժողովուրդի առկայ մարտահրաւէրներուն դիմաց անհրաժեշտ է եկեղեցականի անսակարկ նուիրումը:
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Ֆրանսացի գրող Փիէռ Պուլի կողմէ 1963 թուականին հրատարակուած գիտաֆանթասթիք գիրքի հիմքին կայ դաժան ճշմարտութիւն մը:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Պօղոս առաքեալ գաղատացիներու ուղարկած նամակին մէջ կ՚ըսէ, թէ՝ այլեւս արուի եւ էգի խտրութիւն չկայ… որովհետեւ Քրիստոսի միանալով բոլորս ալ մէկ եղած ենք. (ԳԱՂԱՏ. Գ 28)։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Կը նկատենք, որ վերջին ժամանակները մարդոց մօտ սկիզբ առած է ողորմութեան հանդէպ արտասովոր սէր մը՝ պայմանաւորուած մարդոց գովասանքներով ու ներբողներով, որոնք կը յաջողին պահ մը իրենց մեղաւոր գոյութիւնը վերափոխել պարկեշտ ու ազնիւ արժանիքներով բեղմնաւորուած անձերու:
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Նարլըգաբուի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ երիտասարդաց յանձնախումբը։
Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան ընդունեց Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» վարժարանի Արթօ-Դալար Հորոզօղլու ամոլին կողմէ գլխաւորուած կամաւորներու վարչութիւնը, տնօրէնուհի Հերիքնազ Աւագեանը եւ փոխ-տնօրէնուհի Լուսինէ Յարութիւնեանը։
Մխիթարեան վարժարանի երգչախումբը նախընթաց օր երեկոյեան մասնակցեցաւ՝ Աւստրիոյ մշակոյթի կեդրոնին կողմէ Սուրբ Ծնունդի առթիւ կազմակերպուած համերգին։ Սա աւանդական ձեռնարկ մըն է եւ Մխիթարեան վարժարանի երգչախումբին մասնակցութիւնը նոյնպէս։
Պոլսահայ վարժարաններու շէնքերու երկրաշարժի դէմ դիմադրունակութեան հրատապ խնդիրը:
Պէյօղլուի երէկուան խորհրդակցութեան ընթացքին մասնագէտներ դարձեալ արժեւորեցին առկայ վիճակի կացութիւնը:
ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ
Ատրպէյճանի նախագահի խորհրդականը «խաղաղասիրական» յայտարարութիւններ կատարած է՝ ընդգծելով, որ Հայաստանն ու Ատրպէյճանը կը գտնուին ամենէն խաղաղ շրջափուլին մէջ: Պաքուէն եւ Անգարայէն հրապարակուած էին համահունչ յայտարարութիւններ՝ փոխանցելու համար, որ պատասխանատուութիւնը կը գտնուի հայկական կողմին մօտ, դէպի խաղաղութեան պայմանագիր հաստատուն քայլեր առնելու առումով:
ՀԱՊԿ-ի ընդհանուր քարտուղարը Երեւան այցելեց, Մոսկուայէն հերթական յայտարարութիւններ:
«Ռուս խաղաղապահները Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան վերադարձի հնարաւորութեան երաշխաւորն են»:
Փրակի մէջ երէկ պատահեցաւ սահմռկեցուցիչ դէպք մը, որուն 15 հոգի զոհ գնաց, իսկ 25 հոգի ալ վիրաւորուեցաւ։ Չեխիոյ մայրաքաղաքի «Շարլ» համալսարանը մուտք գործած Տաւիտ Քոզաք հրացանով սարսափելի դէպք մը իրականացուց։
Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան յայտարարեց, որ Թուրքիա բոլոր բնագաւառներէ ներս իր յարաբերութիւնները կը զարգացնէ եղբայրական Ատրպէյճանի հետ։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսիի հետ։ Երեւանի աղբիւրները հաղորդեցին, որ քննարկուեցան Հայաստան-Իրան յարաբերութիւններու օրակարգային հարցերը, նաեւ անդրադարձ կատարուեցաւ երկկողմանի համաձայնութիւններու իրականացման ընթացքին։
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Եգիպտոսի նախագահ Ապտիւլֆեթթահ էլ Սիսիի հետ։ Էրտողան այս առթիւ պաշտօնակիցը շնորհաւորեց վերընտրուելու կապակցութեամբ՝ մաղթելով, որ նոր շրջանը բարեբեր ըլլայ Թուրքիա-Եգիպտոս յարաբերութիւններուն տեսակէտէ։
Պատրիարքական Աթոռը արձագանգեց վերջին օրերուն վախճանած երկու սրբազաններու կորուստին։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Օրերս, երբ նախորդ անցնող տարիներուն գրածս գրութիւններէն գրութիւն մը կը փնտռէի, աչքիս զարկաւ «Մարդ ըլլալ…» վերնագիրը կրող գրութիւն մը, որ ստորագրած եմ 24 յունիս 2014-ին, երբ տակաւին ԺԱՄԱՆԱԿ-ի ընտանիքին անդամ չէի դարձած, հակառակ անոր որ յաճախ կը կարդայի զայն համացանցի վրայ: