Արխիւ

Հինգշաբթի, Յունիս 20, 2024

Հայաստանի անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան աշխատանքային այցելութիւն մը տուաւ Փարիզ, ուր բարձր մակարդակի վրայ հանդիպումներ ունեցաւ ֆրանսացի պաշտօնատարներու հետ։

Հինգշաբթի, Յունիս 20, 2024

Անգարա-Երեւան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացը թէեւ երկար ատենէ ի վեր շօշափելի իրադարձութիւններու թատերաբեմը ըլլալէ դադրած է, սակայն, երկու հարեւաններուն միջեւ պարբերաբար տեղի կ՚ունենան ամենաբարձր մակարդակի վրայ շփումներ։

Հինգշաբթի, Յունիս 20, 2024

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Ժամանակի գողութիւն. մերժելի արատաւոր երեւոյթ, որուն հետ անկարելի է հաշուի չնստիլ մեր օրերուն:
Հաւասարակշռութիւնը ո՞րն է, երբ աչքիդ առջեւ բոլոր արժէքները կը փլին ու բոլորը մեղքերու մէջ թաղուած են:

Հինգշաբթի, Յունիս 20, 2024

Առցանց շրջագայութիւնները հնարաւորութիւն կ՚ընձեռեն նաեւ Հեռաւոր Արեւելքի փիլիսոփայութենէն մէջբերումներու ծանօթանալու.
«Եթէ կը կարողանաք կառավարել՝ առանց հրամայելու, ապա կը նշանակէ, որ ղեկավար էք»։

Հինգշաբթի, Յունիս 20, 2024

Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց «SOS Արեւելքի քրիստոնեաներ» կազմակերպութեան ներկայացուցիչները։ Այս առթիւ Վեհափառ Հայրապետը բարձր գնահատեց Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի ի նպաստ այս կազմակերպութեան կողմէ ցուցաբերուած աջակցութիւնը։

Հինգշաբթի, Յունիս 20, 2024

Երեւանի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ անցեալ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ քահանայական ձեռնադրութիւն։ Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմի առաջնորդ Տ. Մեսրոպ Եպսկ. Պարսամեանի ձեռամբ քահանայական օծում եւ ձեռնադրութիւն ստացան՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միաբան շարք մը սարկաւագներ։

Հինգշաբթի, Յունիս 20, 2024

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան այս օրերուն կ՚այցելէ Կրետէ կղզի, ուր հովուական այցելութիւն մը կու տայ տեղւոյն փոքրաթիւ հայութեան։

Հինգշաբթի, Յունիս 20, 2024

Օրթագիւղի ընտանիքը թաղի Թարգմանչաց վարժարանի այս տարուան շրջանաւարտներուն հրաժեշտ տուաւ յուզումնախառն մթնոլորտի մը մէջ։ Շրջանաւարտութեան հանդէսը համախմբեց թաղի վարիչները, կրթական մշակներ, ծնողներ եւ բազմաթիւ հիւրեր, որոնք ջերմօրէն շրջապատեցին տղաքը։

Հինգշաբթի, Յունիս 20, 2024

Պաքըրգիւղի ընտանիքը խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ հրաժեշտ տուաւ Տատեան վարժարանի այս տարուան շրջանաւարտներուն։ Ծնունդ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետուհի Մարի Եանճը եւ գործակից ընկերները, վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Էլիզ Էօղրէթ, կրթական մշակներ, Պաքըրգիւղի ընտանիքի յարակից մարմիններէն պատասխանատուներ, ծնողներ եւ բազմաթիւ հիւրեր համախմբուած էին շրջանաւարտութեան հանդէսին առթիւ։

Հինգշաբթի, Յունիս 20, 2024

Գատըգիւղի ընտանիքը խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ հրաժեշտ տուաւ թաղի Արամեան-Ունճեան վարժարանի այս տարուան հունձքին։ Դպրոցի տասնմէկ շրջանաւարտներուն համար կազմակերպուած հրաժեշտի հանդէսը տեղի ունեցաւ համանուն սանուց միութեան հաւաքատեղիին մէջ եւ առիթ դարձաւ մեծ խանդավառութեան։

Հինգշաբթի, Յունիս 20, 2024

Պէյօղլուի ընտանիքը ներկայ արձակուրդի շրջանին ուխտագնացութիւն մը կատարեց դէպի Հայաստան եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին։ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեանի կողմէ գլխաւորուած ուխտաւորներու խումբին մէջ էին նաեւ Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի ատենապետ Աքսէլ Թոփալեան եւ իր գործակից ընկերները, իրենց ընտանեկան անդամներով հանդերձ։

Շաբաթ, Յունիս 15, 2024

ԱՆՈՒՇ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆ

Ինչո՞ւ էր այդքան խիստ իր դէմքը, որ մենք կը վախնայինք նոյնիսկ իր տան դրան առջեւէն անցնելու։ Ամենէն «քաջը մեր մէջ, ինչպէս վարժ էինք ըսելու, գաղտնի մը պիտի նայէր կամարին տակէն, որ վստահ ըլլայինք, որ «Ծուռ երես Լուսաբեր»ը իր սենեակն էր վերջնականապէս, որովհետեւ վերջին անգամ ժամը հինգին կ՚երթար սենեակէն քսան քայլ անդին իր փայտեայ խոհանոցը, ընթրիքը կը բերէր ու կը փակուէր իր քանի մը մեթրանոց սենեակին մէջ։

Շաբաթ, Յունիս 15, 2024

ԳՐԻԳՈՐ ԱՐՔ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ
(ԳՐԱԽՕՍԱԿԱՆ - ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄ)
Պատրաստեց՝ ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Այսօր, մեր սիրելի ընթերցողներուն կը ներկայացնենք Տ. Գրիգոր Արք. Չիֆթճեանի երկրորդ հատորը՝ «Ուղեւորութիւն Ատրպատականի հայոց թեմում. Ղարադաղ. Հայկական յուշարձանների հետքերով», որ լոյս տեսած է 2021-ին, Թաւրիզ: Գիրքը լաթակազմ է, բաղկացած՝ 618 էջերէ:

Շաբաթ, Յունիս 15, 2024

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Նախապաշարումները յառաջդիմութեան ամենամեծ արգելքներն են։ Արդարեւ, նախապաշարուած՝ կանխակալ եւ առանց ստոյգ գիտութեան կազմուած սխալ կարծիքներէ, անհիմն հաւատալիքներէ ազատուիլ շատ դժուար է։

Շաբաթ, Յունիս 15, 2024

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Հայ ժողովուրդը պատմութեան ընթացքին միշտ ալ յաջողած է իր ձախողութեանց համար գտնել մեղապարտ մը եւ անոր վրայ բարդել անյաջողութեան հիմքերը, վստահ ըլլալով, որ այդ «հարց»ին լուծումը պիտի փրկէ ամբողջ ազգը. ժամանակ մը ետք երբ լուծում ստացած է այդ «հարց»ը, որպէս ձախողութեան նոր պատճառ մը յաջողած է ստեղծել հայը:

Շաբաթ, Յունիս 15, 2024

Իսլամական աշխարհի Քուրպանի տօնին առթիւ Թուրքիա արդէն մտած է արձակուրդի։ Իննօրեայ պաշտօնական արձակուրդի պայմաններուն ներքեւ թրքահայ համայնքային կեանքն ալ կանգ առած է գրեթէ ամբողջութեամբ:

Շաբաթ, Յունիս 15, 2024

Սամաթիոյ ընտանիքը խանդավառ հանդէս մը կազմակերպեց թաղի Սահակեան-Նունեան վարժարանի միջնակարգի բաժնի այս տարուան շրջանաւարտներուն համար։ Տղաքը թէեւ յառաջիկայ տարի, ըստ էութեան, պիտի շարունակեն յաճախել իրենց վարժարանը, սակայն Սամաթիոյ ընտանիքը զանոնք խրախուսեց՝ նոր փուլի մը ընդառաջ։

Շաբաթ, Յունիս 15, 2024

Ֆէրիգիւղի ընտանիքը այս տարի եւս խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ հրաժեշտ տուաւ թաղի Մէրամէթճեան վարժարանի շրջանաւարտներուն։ Կրթական շրջանի եզրափակիչ փուլին դպրոցէն ներս կազմակերպուած հանդէսը յուզումնախառն մթնոլորտի մը մէջ համախմբեց Ֆէրիգիւղի ընտանիքի անդամները՝ մանաւանդ, որ այս դպրոցը բաց կը պահուի մեծ զոհողութիւններով ու գերմարդկային ջանքերով։

Շաբաթ, Յունիս 15, 2024

Կեդրոնականի ընտանիքը երէկ խանդավառ հանդէսով մը հրաժեշտ տուաւ վարժարանի այս տարուան հունձքին, որ կը բաղկանայ 61 ընթացաւարտէ։ Ըստ վերջին տարիներուն ձեւաւորուած նախընթացին, Գումգաբուի մէջ տեղի ունեցաւ Կեդրոնականի շրջանաւարտութեան հանդէսը, որու յայտագիրը ամբողջութեամբ կը ցոլացնէր պատմական այս կրթօճախին հարուստ աւանդութիւնները։

Շաբաթ, Յունիս 15, 2024

Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան ներկայացուցիչները երէկ այցելութիւն մը տուին Պաղեստինի ինքնավարութեան արտաքին գործոց եւ արտագաղթի գծով նախարար Վարսէն Աղաբէկեանին։ Այս վերջինը քանի մը ամիսէ ի վեր պաշտօնի գլուխ կը գտնուի՝ Պաղեստինի ինքնավարութեան այժմու կառավարութեան կազմին մէջ։

Էջեր