Արխիւ
Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը հիւրընկալեց նահատակ զինուորներու ծնողներն ու հարազատները:
Նորին Սրբութիւնը համազգային միաբանութիւնը հրամայական կը նկատէ՝ անվտանգային մարտահրաւէրներու պայմաններուն ներքեւ:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Մեծ պահքի տասնութերորդ օրն է:
Երէկուան մեր գրութեան մէջ տեսանք, թէ ո՛րն է Աստուծոյ ընդունելի եղող պահեցողութիւնը. «Իմ ընդունած ծոմապահութիւնս՝ անիրաւութեան կապերը քակելը, լուծին կապերը թուլցնելը, հարստահարութիւն կրողները ազատ թողուլը, ամէն լուծ կտրելը, հացդ անօթիին բաժնելը, թափառական տնանկները տունդ ընդունիլը, մերկ մը հագուեցնելը ու մարմինդ անտեսելն է» (Ես 53.6-7):
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ կը նշեն անսովոր թանգարանի մը յոբելեան՝ Տգեղ արուեստի թանգարանը կը բոլորէ իր հիմնադրման 30-ամեակը: Ասիկա ամերիկեան մասնաւոր թանգարան մըն է, որ արդէն երեք մասնաճիւղ ունի եւ հազարաւոր հետաքրքրուողներ, որոնք կ՚այցելեն՝ տեսնելու այն ստեղծագործութիւնները, որոնք գէշ են, անյաջող եւ չեն գնահատուած մէկ ուրիշ թանգարանի կողմէ:
Պատրաստեց՝ ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Նկատի ունենալով որ Մեծ պահքի ճամբորդութեան մէջ ենք տակաւին, այսօրուան մեր սիւնակն ալ պիտի յատկացնենք այդ առիթին: Այսօր, մեր սիրելի ընթերցողներուն պիտի ներկայցնենք լուսահոգի Զարեհ Արք. Ազնաւորեանի մտածումները ապաշխարութեան մասին, քաղուած իր «Հաւատամքի մեկնութիւն»ը աշխատասիրութենէն:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Աստուածաշունչը խոստումներ կը պարունակէ։ Կը վկայուի, թէ՝ Սուրբ Գիրքին մէջ մօտաւորապէս 8 հազար խոստումներ կան, որոնք Աստուած խոստացած է Իր որդիներուն։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Մեր թուականէն ճի՛շդ 120 տարիներ առաջ՝ 1904 թուականին հայ երիտասարդ բանաստեղծ մը իր գրչակից եղբօր գրած մէկ նամակին մէջ կ՚ըսէ. «Ամենէն դժուարին խնդիրը, ինծի համար, բանաստեղծ մը կատարելապէս ուսումնասիրելուն մէջ կը կայնայ:
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան կը շարունակէ ասպարէզ կարդալ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) դէմ։ Վերջին շրջանին Նիկոլ Փաշինեան դարձեալ իր խօսոյթը խստացուցած է այս դաշինքին դէմ՝ Հայաստանի առկայ յուսախաբութիւններուն հետեւանքով։
Պէյօղլուի ընտանիքը այս շրջանին կը նշէ Լուսաւորիչ դպրաց դաս-երգչախումբի հիմնադրութեան 95-ամեակը։ Յոբելենական այս հանգրուանը կ՚արժեւորուի զանազան ձեռնարկներով, որոնք թէ՛ Պէյօղլուի ընտանիքին եւ թէ ընդհանրապէս մեր համայնքին տեսակէտէ կը համարուին յատկանշական։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Մեծ պահքի տասնեօթներորդ օրն է:
Երէկուան մեր գրութեան մէջ մէջբերեցինք Եսայիի մարգարէութեան 53-րդ գլուխէն մի քանի համար, ուր կարդացինք, թէ մարդիկ ինչպէ՞ս կը բողոքեն՝ մեղադրելով զԱստուած, որ չ՚ընդունիր իրենց պահեցողութիւնը:
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն յայտարարեց, որ Իսրայէլ մօտալուտ Ռամազանի ընթացքին պիտի դադրեցնէ իր ռազմական գործողութիւնները Կազզէի մէջ եւ յառաջիկայ շաբաթ հրադադարի վերաբերեալ համաձայնութիւն մը պիտի գոյանայ։
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը այցելեց նաեւ Իրաքի հայոց թեմի առաջնորդարանը:
Պաղտատի շփումներու աւարտին Վահագն Խաչատուրեան կը հիւրընկալուի Էրպիլի տեղական իշխանութիւններուն կողմէ:
Երեւան եւ Աթէնք կը ձգտին նոր խթան մը տալ անվտանգութեան ոլորտի յարաբերութիւններուն:
Հայաստան-Յունաստան երէկուան բանակցութիւններու ընթացքին շօշափուեցան Հարաւային Կովկասի գործընթացները:
Նորին Ամենապատուութիւնը այսօր կը մասնակցի Ֆրանսիսքոս Ա. Սրբազան Քահանայապետի ընտրութեան տարեդարձի արարողութիւններուն:
Նիկոլ Փաշինեան յոյս յայտնեց, թէ արտաքին գործոց նախարարները յառաջընթաց կ՚արձանագրեն:
Արարատ Միրզոյեան եւ Ճէյհուն Պայրամով երկար ընդհատումէ մը վերջ այսօր կը շարունակեն բանակցութիւնները:
ՄՈՒՀԱՄՄԱՏ ԱԼ-ՄԱՂՈՒԹ
Արաբերէնէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Այս ազգին ամենէն գեղեցիկ ու վսեմ կարգախօսներէն մէկը. անոր հարսանեկան սպիտակ զգեստը: Ի՞նչ պատահեցաւ անոր: Ի՞նչ մնաց անկէ բացի անոր ժանգոտած կոճակները, կախուած թեւերը եւ դատարկ գրպանները:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Արծիւը հիացմունք պատճառող հսկայ եւ պատկառազդու թռչուն մըն է։ Ան կը խորհրդանշէ զօրութիւն եւ ապահովութիւն։ Եւ դարձեալ, այս իսկ պատճառով բազմաթիւ ազգերու զինանշանին մէկ մասը կը կազմէ։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Ինչքան ալ փորձենք մենք մեզ կոյր ձեւացնել ու «անգիտանալ» մեր հայրենիքէն ներս տեղի ունեցող քաղաքական, ընկերային ու տնտեսական անկումը՝ ճշմարտութիւնը կը շարունակէ մնալ ճշմարտութիւն։ Ժողովուրդը արդէն իսկ լուրջ չի՛ վերաբերիր իշխանութեան եւ անոնց իւրաքանչիւր որոշումն ու յայտարարութիւնը ընդունելով որպէս զաւեշտ. խեղկատակութիւն մը պարզապէս:
ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ
Լրատուութիւնը կամ մետիան քաղաքականութեան պրիսմակով բարդ եւ ճիւղաւորուած ոլորտներ են եւ, բնականաբար, ունին ժողովրդային հոգեբանութիւն ստեղծելու մեծ միջոցներ:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Հարցում. Ի՞նչ կը նշանակէ Առակագիրին հետեւեալ ըսածը. «Թագաւորին ահը առոյգ առիւծին մռնչիւնին պէս է ու զանիկա բարկացնողը իր անձին վնաս կ՚ընէ» (Առ 20.2):
Պատասխան. Հայր Թատրոս Եաագուպ Մալթին այսպէս կը բացատրէ այս համարը.
• Մեզի վայել է, որ ընդունինք կառավարող մարդոց իշխանութիւնը, մանաւանդ թագաւորին կամ նախագահին, եւ ենթարկուինք իւրաքանչիւր մարդկային կարգաւորութեան՝ Տիրոջ սիրոյն (Հռ 13.1: Ա. Պտ 2.13-14):
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Հայ ազգային ազատագրական պայքարի գործիչ, մանկավարժ Գագիկ Օզանեան, 1910-ականներուն կը թղթակցէր պոլսահայ մամուլին եւ ծանօթ անուն էր մտաւորական ու գրոց բրոց շրջանակներէն ներս: Ան, իր հօրեղբորորդիի՝ Անդրանիկին պէս, ծնած է Շապին Գարահիսար: