ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒ ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐ ԱՌԱԿԱՑ ԳԻՐՔԷՆ ԵՒ ԲԱՑԱՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Հարցում. Ի՞նչ կը նշանակէ Առակագիրին հետեւեալ ըսածը. «Թագաւորին ահը առոյգ առիւծին մռնչիւնին պէս է ու զանիկա բարկացնողը իր անձին վնաս կ՚ընէ» (Առ 20.2):

Պատասխան. Հայր Թատրոս Եաագուպ Մալթին այսպէս կը բացատրէ այս համարը.

Մեզի վայել է, որ ընդունինք կառավարող մարդոց իշխանութիւնը, մանաւանդ թագաւորին կամ նախագահին, եւ ենթարկուինք իւրաքանչիւր մարդկային կարգաւորութեան՝ Տիրոջ սիրոյն (Հռ 13.1: Ա. Պտ 2.13-14):

Ով որ թագաւորին կը նեղացնէ, ինքն իր դէմ կը մեղանչէ, որովհետեւ անոր [թագաւորին] բարկութիւնը իր հակառակորդներուն եւ զինք նեղողներուն վրայ կը թափի:

Ով որ արդարութեամբ ու ուղղութեամբ կ՚ընթանայ՝ չի՛ վախնար կառավարիչէն, որովհետեւ Պօղոս առաքեալը կ՚ըսէ. «Ուստի, ով որ իշխանութեանց կը հակառակի՝ Աստուծոյ հրամանին է որ հակառակած կ՚ըլլայ, եւ հակառակողները իրենք զիրենք դատապարտութեան տակ կը դնեն: Իշխողները վախ չեն պատճառեր բարիք գործողներուն, այլ միայն չարագործներուն: Դուն կ՚ուզե՞ս իշխանութենէն չվախնալ: Բարի՛ք գործէ, եւ անկէ գովասանք կը լսես. որովհետեւ Աստուծոյ պաշտօնեան է անիկա» (Հռ 13.2-4):

Հ. Ի՞նչ հետեւանք կ՚ունենայ կռիւէն խուսափիլը:

Պ. Սողոմոն Իմաստուն կը գրէ. «Կռիւէն ետ կենալը մարդուն փառք է, բայց ամէն յիմար կռուասէր է» (Առ 20.3):

Կռիւէն խուսափիլը մարդուն խաղաղութիւն եւ անդորրութիւն կը շնորհէ, իսկ հակառակը՝ խռովութիւն, թշնամութիւն եւ նեղութիւն: Իմաստուն է այն մարդը, ով զգալով որ տուեալ վիճակը, գործը, կամ խօսակցութիւնը կռիւի պիտի վերածուի, իմաստուն կերպով առաջքը կ՚առնէ, հեռու մնալու համար խռովութենէ եւ անհամութիւններէ: Այդպէս կրնան վարուին անոնք, որոնք Աստուծոյ Սուրբ Հոգին ունին եւ Անով կ՚առաջնորդուին: Մինչ տգէտները, յիմարներն ու ծոյլերը, իրենց ժամանակը լեցնելու համար, կամ իրենց համար զբաղում մը գտնելու համար ամէն ինչ կ՚ընեն, որպէսզի իրարանցում ստեղծեն, վէճ յառաջացնեն, այդպիսով իրենք իրենց բաւականութիւն կու տան, փոփոխութիւն մը կը մտցնեն իրենց միապաղաղ եւ անիմաստ առօրեային մէջ:

Տակաւին, իմաստուն մարդը կը խուսափի կռիւէ, վէճէ ու խառնակութենէ, որպէսզի պահպանէ իր ներքին՝ հոգիին խաղաղութիւնը: Ներքնապէս խաղաղ մարդն է, որ հակառակ տարատեսակ դժուարութիւններու եւ փորձութիւններու, կրնայ իրեն վստահուած նաւը ապահով կերպով խաղաղ նաւահանգիստ հասցնել, առանց վնաս պատճառելու ո՛չ ոքի, նոյնիսկ եթէ այդ պահանջէ ինքզինք վնասել, զոհել, յանուն միւսներուն:

Սուրբ Բարսեղ Մեծը կը գրէ. «Ան որ խաղաղութիւն կը փնտռէ՝ զՔրիստոս է որ կը փնտռէ, որովհետեւ Ա՛ն է մեր խաղաղութիւնը (տե՛ս Կղ 1.20), որ երկուքը մէկի կը վերածէ [կը միացնէ] (տե՛ս Եփ 2.14), խաղաղութիւն հաստատելով խաչին վրայ թափած Իր արիւնով, թէ՛ երկրի վրայ եւ թէ՛ ալ երկինքի մէջ»:

Անպա Մուսան կը գրէ. «Սիրտիդ մէջ թշնամութիւն մի՛ ունենար ոչ ոքի հետ, եւ մի՛ ատեր ան՝ որ կը թշնամանայ իր ազգականին, ու մի՛ դատապարտեր անոր թշնամութիւնը: Մի՛ բարկանար եղբօր մը վրայ, որ կը բարկանայ իր ազգականին վրայ: Որովհետեւ ա՛յս է իրական խաղաղութիւնը, որ դուն քեզ քաջալերես այս մտածումով. նեղութիւնը կարճ ժամանակ կը տեւէ, մինչ խաղաղութիւնը, Աստուծոյ Բանին շնորհով յաւիտենական է»:

Պետրոս Շանշեանց խօսելով Քրիստոսի պատուէրին մասին, թէ՝ սիրեցէ՛ք ձեր թշնամիները եւ զայն խաղաղութեան հետ կապելով, այսպէս կը գրէ.

Քրիստոս երբ կը պատուիրէ թշնամիին չհակառակիլ, պարտինք իմանալ, որ խաղաղութիւնը պահպանելու համար է: Երբ կը պատուիրէ խաղաղութեամբ եւ հեզութեամբ համբերել, այս չի՛ նշանակեր, թէ ի սպառ անձնատուր պէտք է ըլլանք մեր թշնամիին, այլ՝ հաշտութեան միջոց [պէտք է] փնտռենք: Որովհետեւ, Աւետարանը երբե՛ք չ՚արգիլեր մեր անձին արդար եւ կարեւոր պահպանութիւնը: Պօղոս առաքեալին հետ անիրաւութեամբ կը վարուին, սակայն ան, իր անձը պահպանելու համար՝ կը յիշէ իր Հռոմի քաղաքացի ըլլալու հանգամանքը: Նոյնինքն Քրիստոս Իր աշակերտներուն պատուիրեց, թէ երբ նեղեն ու չարչարեն ձեզ, այլ քաղաք փախէ՛ք (Մտ 10.23): Յիսուս Ի՛նք դատաւորի մը դիմաց խօսեցաւ. «Յիսուս ըսաւ անոր.

-Եթէ սխալ բան մը խօսեցայ՝ ցոյց տուր սխալը. իսկ եթէ շիտակ է ըսածս՝ ինչո՞ւ կը զարնես Ինծի» (Յհ 18.23):

Երբ խաղաղութիւնը վրդովուած է, պարտաւոր ենք հաշտութեամբ եւ ներողամտութեամբ ջանալ վերահաստատել: Այս պարտաւորութեան համար Յիսուս կ՚ըսէ, թէ՝ Աստուած ձեր պաշտամունքը չ՚ընդունիր, եթէ անհաշտ էք ձեր ընկերներուն հետ: Աստուածպաշտութեան ամենէն ապահով ճանապարհը՝ Աստուծոյ սիրոյն համար երբեք թշնամութեան եւ բարկութեան տեղիք չտալ. «Եթէ զոհարանին վրայ ընծադ Աստուծոյ մատուցելու ատեն յիշես, որ եղբայրդ վշտացած է քեզմէ, ձգէ՛ ընծադ զոհարանին առջեւ, գնա՛ նախ հաշտուէ եղբօրդ հետ եւ ապա եկուր եւ ընծադ Աստուծոյ մատուցէ» (Մտ 5.23-24): Եթէ մենք անարգած ենք մեր ընկերոջ, պարտաւոր ենք աճապարել ու զղջալ, իսկ եթէ ուրիշները անարգանք հասցուցած են մեզի, բաւական չէ միայն ընդունիլ եւ մեծահոգութեամբ վարուիլ մեզի դիմած ժամանակ, այլ՝ պարտաւոր ենք նախ եւ առաջ մե՛նք խաղաղութիւն առաջարկել, որով աւելի կը դիւրացնենք հաշտութիւնը:

Խաղաղութեան սէրը պէտք է շարժէ՛ մեզ ամէն տեղ ուր որ վրդովմունք կայ՝ խաղաղութիւն վերահաստատելու: Այս պարտաւորութիւնը կատարելու համար, պարտական ենք.-

ա) Մեր կեանքով ճարել այս բարեհոգութիւնը եւ իմաստուն անունը, որպէսզի մեր ըսած խօսքը բոլորին առջեւ պատիւով ընդունուի:

բ) Մեր միջամտած բոլոր գործերուն մէջ պէտք է ըլլանք առանց կիրքերու եւ նախապաշարումի:

գ) Տարբեր բնաւորութիւնները հաշտեցնել եւ այս ուղղութեամբ ամէն միջոց ի գործ դնել, որոնք խոհեմութեան եւ սիրոյ հակառակ չեն: Եթէ այս ջանքերը իրենց ծանրութիւնը ունին, ապա եւ ունին իրենց քաղցրութիւնն ու վարձքը:

Այսպիսի մեծ բարութիւններ կատարելով եւ սկիզբէն մեղքէ հեռանալով, մարդը Աստուծոյ գործին մասնակից եւ Անոր նմանող որդի կ՚ըլլայ, որուն համար Քրիստոս կ՚ըսէ. «Երանի՜ անոնց, որոնք խաղաղութեան հաստատումին համար կ՚աշխատին, որովհետեւ անոնք Աստուծոյ որդիներ պիտի կոչուին» (Մտ 5.9):

Ուրիշ տեղ մը նոյն հեղինակը խօսելով վրէժխնդրութեան մասին, այլ խօսքով չարին չարով պատասխանելու կամ բարիով յաղթելու մասին, այսպէս կը գրէ.

Վրէժխնդրութեամբ հասարակութեան մէջ թշնամութիւնը, ատելութիւնը եւ անարդարութիւնը կ՚արմատանան, մինչ, եթէ մենք չարին՝ բարի հատուցէինք, պիտի յաջողէինք խաղաղութիւնը թագաւորեցնել եւ մեր թշնամիին սիրտը անգամ շահիլ: Պօղոս առաքեալ այս բանը կ՚ուզէ հասկցնել մեզի, ըսելով. «“Եթէ թշնամիդ քաղցած է՝ հաց տուր իրեն. Եթէ ծարաւ է՝ ջուր տուր։ Այսպէս վարուելովդ արդէն ամօթը զինք կ՚այրէ”» (Հռ 12.20):

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 83

Վաղարշապատ

Երեքշաբթի, Փետրուար 27, 2024