Արխիւ
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Վերջին շրջանին շատ կը խօսուի, որ հայոց եկեղեցին եւ պետութիւնը մեր պետութեան համար կարեւորագոյն հարցերու մէջ դարձած են անջատ գործող կառոյցներ եւ չեն գործակցիր իրարու հետ: Մանաւանդ այսօր, երբ Հայաստանը կեցած է նորագոյն մարտահրաւէրներու առջեւ եւ վճռական օրեր կ՚ապրի, շատ կը կարեւորուի հայոց եկեղեցւոյ եւ պետութեան միասնականութիւնը:
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Արդեօք արուեստական որեւէ գործի ստեղծագործման ընթացքը մեզ աւելի՞ երջանիկ կը դարձնէ: Իրականութեան մէջ գեղարուեստական ստեղծագործութեան եւ երջանկութեան յարաբերութիւնները շատ սայթաքուն հիմք ունին։
ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
Գիտնականներ ընդհանրապէս այն կարծիքին են, որ ժամանակակից արհեստագիտութիւնը, գործիքները, բջիջայինները շատ օգտագործելով՝ մարդիկ յիշողութեան լուրջ դժուարութիւններ սկսած են ունենալ: Այս մասին Ռեպեքա Սիլի յօդուածը հրապարակուած է «Կարտիըն»ի կայքին մէջ:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Այսօրուան մեր սիւնակով սիրելի ընթերցողներուն կը ներկայացնենք լուսահոգի Զարեհ Արքեպիսկոպոսի մէկ քարոզը, խօսուած Ս. Մարիամ Աստուածածինի վերափոխման տօնին առիթով:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Ռազմիկ Փանոսեան. «Արեւմուտքը այնքան փոխուած է, որ նախկին ձեւերով այլեւս կարելի չէ մօտենալ երեխաներուն, որոնց պէտք է տրամադրել միջոցներ»:
«Արեւմտահայերէնը սփիւռքի հարցն է։ Չեմ ըսեր, որ Հայաստանը դեր չունի, սակայն սփիւռքի հարցերը պէտք է լուծուին սփիւռքին կողմէ։ Սփիւռքը նախ եւ առաջ պէտք է պահպանէ իր կառոյցները»:
Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան Պատրիարքարանի ամարանոցին մէջ ընդունեց Կղզեաց հոգեւոր հովիւ եւ Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց քարոզիչ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեանը, յայտնի երաժիշտ Մաժակ Թօշիկեանը, Էսաեան սանուց միութեան վարչութեան ատենապետուհի Մարիամ Տրամէրեանը, «Մարալ» երգի-պարի համոյթի գեղարուեստական ղեկավար Կարպիս Չափքանը եւ գլխաւոր պարուսոյց Իրիս Չափքանը։
Երէկ երեկոյեան, Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ «Patrik Avedis'in Gizemli Yaşamı» գիրքին շնորհանդէսը։
Հանդիսութեան ներկայ էր Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, որու կողքին էին Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան, Կղզեաց հոգեւոր հովիւ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան։
Յայտնի գիւղագիր Մկրտիչ Մարկոսեան երէկ երեկոյեան յատկանշական ձեռնարկով մը ոգեկոչուեցաւ Մեծ կղզիի մէջ։ Մկրտիչ Մարկոսեանի մահուան առաջին տարելիցին առթիւ կազմակերպուած հաւաքոյթը տեղի ունեցաւ «Չելիք Կիւլերսոյ» մշակոյթի կեդրոնի համալիրէն ներս։
Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ամիր Ապտուլլահիան, որ կ՚այցելէ Սէուտական Արաբիա, երէկ, Ճիտտէի մէջ ընդունուեցաւ Մուհամմէտ պին Սալման գահաժառանգին կողմէ։ Երկու երկիրներու միջեւ յարաբերութիւններու վերակարգաւորումէն ի վեր սա Իրանի պաշտօնատար անձի մը առաջին հանդիպումն է Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգին հետ։
Ռուսաստան-Ուքրայնա պատերազմի պայմաններով արդէն ամբողջ աշխարհի տեսակէտէ լուրջ հարց մը դարձած է հացահատիկի մատակարարումը։ Թուրքիոյ ջանքերով կեանքի կոչուած Սեւ ծովու նախաձեռնութիւնը, որով «հացահատիկի միջանցք մը» բացուած էր, արդէն ամիսէ մը ի վեր դադրած է։ Ռուսաստան մերժած է երկարաձգել այդ գործարքը՝ հաշուի առնելով իր զգայնութիւնները։ Ստեղծուած իրավիճակին մէջ միջազգային բեմահարթակի վրայ զանազան որոնումներ յառաջ կը տարուին հացահատիկի գործարքը փոխարինելու համար։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Անգիտութիւնը՝ չգիտնալ ձեւացնելու գործողութիւնն է։ Անգիտութիւնը անտարբերութեան արտայայտութիւն մըն է։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երբեք պէտք չէ զարմանալ, որ այսօր մանաւանդ սփիւռքի մէջ ապրող մեր մանուկները, պատանիներն ու երիտասարդները հայերէն չեն գիտեր, որովհետեւ այդ մէկը մեր օրերուն յատուկ երեւոյթ մը չէ. Պոլսոյ, Թիֆլիզի, ինչպէս նաեւ հայկական այլ գաւառներու մէջ հայերէն չգիտցող մանուկներուն թիւը շատ շատ էր. այնքան շատ, որ Նիկողայոս Տէր-Ղեւոնդեան 1910 թուականին կը հրատարակէր «Արփիկ» խորագրով աշխատութիւն մը, որուն բացատրութեան մէջ կը գրէ. «Այբբենարան հայախօս եւ օտարախօս հայ մանուկների համար»:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Ծերութիւնը յոռի վարժութիւն մըն է։ Աշխատող մարդը ժամանակ կ՚ունենայ այդ վարժութիւնը ձեռք բերելու»։ Այսպէս կը բացատրէ ծերութիւնը՝ ֆրանսացի վիպագիր եւ պատմաբան André Maurois (1885-1967թթ.), որուն իսկական անունն է՝ Emil Salomon Wilhelm Herzog…
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Որոշ ժամանակ թրքերէն բառեր գործածելը սովորութիւն ըլլալէ անդին ստիպուածութիւն մըն էր, որովհետեւ տակաւին նոր կազմաւորուող աշխարհաբարը չունէր շատ բառերու համարժէքը: Ժամանակը ունի բառեր ծնելու եւ միաժամանակ սպաննելու կարողութիւնը. շատ մը բառեր որ կը գործածուէր դար մը առաջ՝ այսօր լոկ բառարանային են, իսկ շատ մը բառեր, որ այսօր կը գործածենք՝ ամբողջութեամբ անծանօթ անցեալին:
Երէկ երեկոյեան, Մեծ կղզիի Ս. Աստուածածին հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ «Մենք երգ ենք» խորագրեալ երաժշտական ձեռնարկներու հերթականը։ Երիտասարդներու երաժշտական կատարումները այս փուլին եւս արժանացան ներկաներու ծափահարութիւններուն։
Թեհրան-Ռիատ առանցքին վրայ ձիւնահալը թափով կը շարունակուի՝ ամենաբարձր մակարդակի վրայ այցելութիւններու փոխանակումով։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ամիր Ապտուլլահիան այս օրերուն կ՚այցելէ Սէուտական Արաբիա։
Վրաստանի եւ Իսրայէլի միջեւ ազատ առեւտուրի շուրջ բանակցութիւններ պիտի սկսին յաջորդ տարի։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Վրաստանի վարչապետ Իրակլի Ղարիպաշվիլի վերջին օրերուն պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Իսրայէլ, ուր հիւրընկալուեցաւ վարչապետ Պենիամին Նեթանիյահուի կողմէ։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Մարդկային գոյութեան վաղուց ներթափանցած են դաժանութեան հակումները, որոնք կարելի է նկատել կեանքի տարբեր ոլորտներու մէջ՝ անձնական փոխազդեցութիւններէն մինչեւ կլոպալ հակամարտութիւններ: Մեր իրականութեան դժբախտ կողմն է «դաժան աշխարհը», որ կը բնութագրուի անգութութեամբ, անարդարութեամբ եւ տառապանքով:
Հայաստանի վարչապետը ամփոփեց ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի արտահերթ նիստին արդիւնքը:
Միջազգային հեղինակաւոր լրատուամիջոցներ միշտ կը գրեն, որ Արցախը վերածուած է մեծ համակեդրոնացման ճամբարի մը:
Թէեւ ո՛չ լրիւ բոլորաձեւ, բայց մարդուս աչքը կլորի վրայ է։ Առանց հաշուելու կոպերը՝ աչք ըսուածը գնդիկ մըն է։ Առանց հաշուելու կոպերը՝ աչք ըսուածը գնդիկ մըն է։