Արխիւ

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 2, 2023

Արցախի յարատեւ պաշարումը հետզհետէ կը խորացնէ մարդասիրական տագնապը։ Մինչ այդ, Կարմիր խաչի կողմէ բուժման համար Հայաստան փոխադրուելու ճանապարհին առեւանգուած 68-ամեայ Վագիֆ Խաչատրեանէն որեւէ լուր չկայ։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 2, 2023

Աշխարհի աւելի քան 50 երկիրներէ 18-35 տարեկան շուրջ 600 հայ երիտասարդ համախմբուած Երեւանի մէջ:
Զարեհ Սինանեան նոր սերունդի ներկայացուցիչներուն կոչ ուղղեց, որպէսզի ներգրաւուին Հայաստանի կեանքէն ներս:

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 2, 2023

Շիշլի մարզակումբի վարչութեան ատենապետ Ալէն Թեքպըչաք եւ գործակից ընկերները երէկ ընդունուեցան Թուրքիոյ ֆութպոլի դաշնակցութեան նախագահ Մեհմէտ Պիւյիւքէքշիի կողմէ։ Հարկ է նշել, որ Շիշլի վերջին երկու եղանակներուն ախոյեան աւարտած է Թուրքիոյ ֆութսալի լիկը։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 2, 2023

Համահայկական 8-րդ խաղերու՝ օգոստոսի 5-ի բացման ընդառաջ, թրքահայ մարզական շրջանակներէն ներս խանդավառութիւնը հասած է գագաթնակէտին։ Երէկ երեկոյեան, Ֆէրիգիւղի «Շիրինօղլու» սրահին մէջ, Համահայկական խաղերու Իսթանպուլի կարգադիր յանձնախումբի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուեցաւ մասնաւոր հաւաքոյթ մը, որ պատկառելի տողանցքի մը տպաւորութիւնը ստեղծեց։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 2, 2023

ՅՈՎԻԿ ԷՕՐՏԵՔԵԱՆ

Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) մշակութային ծրագիրներու շարքին մէջ ինքնուրոյն արժէք ներկայացնող եւ գնահատելի նախաձեռնութիւններէն եղած է «ՀԲԸՄ Կարպիս Փափազեան մրցանակը», հիմնադրուած 1986-ին, ի Վիեննա՝ մտայղացումովը ազգային բարերար Կարպիս Փափազեանի (ծնեալ՝ Սլիվէն, 1920, վախճանեալ՝ Վիեննա, 2019)։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 2, 2023

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Ծանր վիրահատութենէն ամիս մը վերջ, զիս դարձեալ հիւանդանոց փոխադրեցին, ստեղծուած զանազան բարդութիւններուն փոյթով առաջքը առնելու համար: Ու այս անգամ անպիտան քովիտին պատճառով, զիս տեղաւորեցին հիւանդանոցին չորրորդ յարկի երկու մահճակալնոց սենեակներէն մէկուն մէջ, «խճողուած է... ուրիշ տեղ չկայ» արդարանալով:

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 2, 2023

ԲԺԻՇԿ ՎԱՀԱՆ ԱՐԾՐՈՒՆԻ (1901)
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Չհասութեան գաղափարը հին եւ նոր ազգերուն մէջ: Մուհամմէտն ու Մովսէսը: Արեւմտեան եւ Արեւելեան եկեղեցական ժողովներուն որոշումները ազգակցական ամուսնութեան վերաբերմամբ: Հայոց Եկեղեցւոյ սահմանած կանոնները:

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 2, 2023

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Նոր Հայաստանի կարգախօսը դարձած է՝ երէկ լաւ էր, քանց վուր էսօր: Նոր Հայաստանի հեղինակը, հիմնադիրը՝ Փաշինեան Նիկոլն է: Այս անուն-մականունը գիտակից հատուածին քով համահաւասար է՝ դաւաճան, թշնամիի խամաճիկ, հայոց նեռ, սատանայի ծառայ արտայայտութիւններուն:

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 2, 2023

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

«Հոգի» եզրը Աստուածաշունչին մէջ կը նշանակէ մարդկային կեանքը, եւ կամ ամբողջ մարդկային կեանքը ապրող անձը։
Միաժամանակ ան կը մատնանշէ ի՛նչ որ մարդուն մէջ ամենէն ներհուն եւ ամենամեծ արժէ՛քն է՝ այն ինչը որ մարդը մասնաւորապէս Աստուծոյ պատկեր կը դարձնէ. «հոգի»ն կը նշանակէ մարդուն մէջ եղող «հոգեւոր նախասկիզբը»։ 

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 2, 2023

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երէկ սեղանակից դարձայ երիտասարդի մը, որ հոգեւոր կեանքի նկատմամբ յատուկ հետաքրքրութիւն ունի եւ այդ իսկ պատճառով շատ մը եկեղեցականներու հետ մտերմութիւն հաստատած ու բարեկամացած է: Խօսակցութեան ընթացքին նկատեցի, որ ան օտար եկեղեցականներ շատ աւելի հոգեւոր ու օրինակելի կը նկատէ՝ քան հայ եկեղեցականները եւ այս հարցին շուրջ ունեցանք բանավէճ մը:

Երեքշաբթի, Օգոստոս 1, 2023

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Ամէն ազգի պարագային գոյութիւն ունի երկու տեսակի երիտասարդութիւն, որոնք ամբողջութեամբ տարբեր են իրարմէ. ամէն ազգ ունի իր լուրջ, սակայն լուրջերու կողքին իր կեանքը անիմաստ վատնող երիտասարդութիւն մը:

Երեքշաբթի, Օգոստոս 1, 2023

Երեւանի մէջ այս առաւօտ սկսաւ Ազգային երիտասարդական համաժողովը, որ պիտի շարունակուի մինչեւ հինգշաբթի, օգոստոսի 3-ը։ Համահայկական այս երիտասարդաց համաժողովը տեղի կ՚ունենայ Երեւանի Օփերայի համալիրէն ներս։

Երեքշաբթի, Օգոստոս 1, 2023

«Հայ երգ ու պար» անուանումով կազմակերպուած երեկոյթը երէկ խանդավառութեան մեծ ալիք մը ստեղծեց Գնալըի բարձունքին։ Գարակէօզեան տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանի «Գրիգոր Ճամպազեան» խաղավայրին մէջ կազմակերպուած ձեռնարկին պատուոյ հիւրն էր Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, որ շրջապատուած էր բազմաթիւ հոգեւոր հայրերու կողմէ։

Երեքշաբթի, Օգոստոս 1, 2023

ERVAB-ի երէկուան ժողովին որոշուեցաւ աշխատանքային կառոյցի համար նոր դրուածք մը որդեգրել:
Ստեղծուած յանձնախումբերու ատենապետները կանոնաւոր պարբերականութեամբ տեղեկագրեր պիտի պատրաստեն:

Երեքշաբթի, Օգոստոս 1, 2023

ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ

Արցախահայութիւնը անվերջ օրհասական օրեր կ՚ապրի։ Իսկ համայն հայութիւնը՝ մտահոգ ու անճար, կը հետեւի քաղաքական անցուդարձերուն։

Երեքշաբթի, Օգոստոս 1, 2023

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ամիր Ապտուլլահիան Թեհրանի մէջ հիւրընկալեց Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆայսալ Միքտատը։ Բանակցութիւններէն վերջ Թեհրանէն ուշագրաւ պատգամներ հասցէագրուեցան Անգարային։

Երեքշաբթի, Օգոստոս 1, 2023

Անգարա Պաքուի հետ շփումներու ծիրին մէջ միշտ կը պնդէ Զանգեզուրի միջանցքի բացման վրայ:
Էրտողան եւ Ֆիտան հիւրընկալեցին Պայրամովը, որու հետ ծաւալուած քննարկումներու լոյսին տակ հրապարակուեցան յստակ համերաշխութեան պատգամներ. «Լաչինը Ատրպէյճանի տարածք է եւ ան կրնայ ամէն տեսակ գործողութիւն կատարել այնտեղ»:

Երեքշաբթի, Օգոստոս 1, 2023

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

1911 թուականին Ղալաթիոյ «Շանթ» տպարանին մէջ լոյս կը տեսնէ Երուխանի «Կեանքին մէջ» խորագրով ժողովածոն, ուր ամփոփուած նորավէպերը գեղեցիկ ու ծանօթ մեղեդիի պէս հարազատ կը մնան բոլոր ժամանակներուն: Երուխանի նորավէպերուն հերոսները յաճախ ծովու մարդիկ են, որ աչք բացած են ծովու ափին եւ ծովուն հետ հասակ առնելով հիացած՝ ջուրերու ալիքներով ու ձայներով:

Երեքշաբթի, Օգոստոս 1, 2023

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Կիրակի առաւօտ մըն էր, ըստ մեր ընկալեալ բարի սովորութեան, այր եւ կին երբ կը պատրաստուէինք եկեղեցի երթալ, յանկարծ մեծ մանչս աղմուկով մը «աւետեց», թէ երկու ամիսէ ի վեր մեզի պատկից բնակարան-տունը պարապ մնալէ ետք, արդէն հիմա ունէր իր նոր տէրը, որ չին-չին մըն էր: Այլ խօսքով՝ չինացի ըսել կ՚ուզէր:

Երեքշաբթի, Օգոստոս 1, 2023

ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ

Սուրիահայութիւնը ինչպէս միւս արուեստի եւ արհեստի բնագաւառներուն, այնպէս ալ Սուրիոյ երաժշտական կեանքի կայացման ու զարգացման մէջ մեծ ներդրում ունեցած է: Այդ ներդրումը սկսաւ դրսեւորուիլ նախորդ դարու 60-ական թուականներէն սկսեալ, իսկ այդ ներդրման եղանակները թէ՛ անհատական եւ թէ՛ հաւաքական երեսակներով կը ներկայանան:

Էջեր