Արխիւ
Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութիւնը արդէն հաստատած է Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի ընտրութեան արդիւնքը։ Ինչպէս ծանօթ է, ատենապետ Խաչիկ Սարըլըի գլխաւորած ընտրական մարմնին կողմէ, անցեալ մարտի 12-ին տեղի ունեցած էր քուէարկութիւնը։
Երեւանի մէջ, Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան (ԱՀԱԸ) հիւրընկալ յարկէն ներս, խումբ մը քեսապցի եւ մուսալեռցի երիտասարդներու կազմակերպութեամբ, տեղի ունեցաւ մեծարանքի երեկոյ մը, նուիրուած՝ վաստակաշատ մանկավարժ եւ ուսուցիչ, լեզուաբան, հայագիտութեան անխոնջ նուիրեալ, բանասէր, բարբառագէտ, պատմաբան, ազգագրագէտ, պատմական գիտութիւններու դոկտոր՝ Յակոբ Չոլաքեանի 75-ամեակին առիթով:
Երեւանի մէջ այսօր տեղի կ՚ունենայ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականներուն միջեւ հանդիպում մը։ Այս մրցումը կը զուգադիպի՝ երկու երկիրներու միջեւ սկիզբ առած յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացի ժամանակաշրջանին։
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան յայտարարեց, որ Թուրքիոյ հետ համաձայնութիւն գոյացած է՝ որպէսզի մինչեւ 2023 թուականի զբօսաշրջութեան եղանակին սկիզբը բացուի երկու երկիրներու սահմանը երրորդ երկիրներու քաղաքացիներուն եւ դիւանագիտական անցագրի տէր անձերուն համար։
Լիբանանի մէջ քաղաքական տագնապը կը շարունակուի եւ զուգահեռաբար ընկերատնտեսական կացութիւնն ալ կը ծանրանայ՝ ուղղորդուելով ցոյցերով եւ ատեն-ատեն ալ, դժբախտաբար, բռնութիւններով։ Ստեղծուած իրավիճակին մէջ երկրի հոգեւոր առաջնորդները անմիջական կապի մէջ են իրարու հետ։
Սուրբ Երկրի հայութեան տեսակէտէ երէկ յատկանշական իրադարձութիւն մը տեղի ունեցաւ Սրբոց Յակոբեանց հայոց վանքէն ներս։ Այսպէս, Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Նուրհան Ս. Արք. Մանուկեանի նախագահութեամբ, Սրբոց Յակոբեանց մայր տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ ծայրագոյն վարդապետութեան աստիճանի տուչութեան արարողութիւն մը։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Մեծ Պահքի 34-րդ օրն է:
Պահքը լոկ կերակուրի խնդիր չէ. կը կրկնեմ:
Գո՛րծը մարդուն համար է եւ ո՛չ թէ մարդը գործին համար. այս է Աւետարանին ճշմարիտ սկզբունքը:
ՏՔԹ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ
Վերապատուելի Եսայի Սարմազեանն էր։ Կեանք մը՝ որ ապրեցանք եւ մեծցանք միասին, բայց ան նաեւ մեզ մեծցուց։ Այս կեանքի պատմութիւնը կը սկսի Պէյրութ՝ Հայ աւետարանական Կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանին մէջ, երբ միջնակարգի աշակերտ էի, 1970 թուականներուն։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Ստեփան Քըրքեաշարեան. «Բնաւ պէտք չէ զարմանալ, որ Թուրքիա կը պաշտպանէ իր շահերը, որոնք դէպի Արեւելք են, ոչ թէ դէպի Արեւմուտք։ Իր դաշնակիցները Արեւմուտքի մէջ են, իսկ տնտեսական շահերը՝ Արեւելքի մէջ։ Ուրեմն, պէտք է ճանապարհ ունենայ դէպի Արեւելք, ուր կը գտնուի Հայաստան։ Պէտք է բանայ այդ ճամբան՝ եթէ ո՛չ ռազմական, այլ՝ քաղաքական ներկայութեամբ։ Թուրքիա երբեք ռազմական քայլեր առնելու պէտք չունի այդ նպատակին հասնելու համար»:
«Միջին Արեւելքի մէջ Ուաշինկթընի եւ ՆԱԹՕ-ի գործակիցը, ներկայացուցիչը Անգարան է։ Վաղը պայմանները կրնան փոխուիլ, բայց ներկայիս այս է կացութիւնը։ Երեւանն ալ չի կրնար անտեսել այս պարագան»:
«Երկու ծայրայեղութիւններ կան։ Մէկը կ՚ըսէ «մահ կամ ազատութիւն», միւսը՝ «խաղաղութիւն ամէն գնով»։ Այս երկուքին միջեւ պէտք է գտնել միջին, ընդունելի գիծ մը։ Այլ լուծում չեմ տեսներ»:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Այսօր, մեր սիրելի ընթերցողներուն կը ներկայացնենք հոգելոյս Ղեւոնդ Վարդապետ [ապա՝ Եպիսկոպոս] Դուրեանէն քարոզ մը՝ «Աղօթքի զօրութիւնը» խորագիրով:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մեծ պահքի վեցերորդ կիրակին նուիրուած է Յիսուս Քրիստոսի Գալստեան խորհուրդին։
Արդարեւ Յիսուսի Գալստեան խորհուրդը սերտօրէն կապուած է Յիսուսի դարձին սպասումի եւ Յոյսին կատարման խորհուրդներուն հետ։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Անոր գոյութիւնը զգանք թէ ոչ, Հայաստանի Հանրապետութիւնը ունի «Արտադրութեան նախարարութիւն» մը, որուն մերօրեայ նախարարն է տիար Գրիգոր Մինասեանը: Հայաստանին արտադրութիւն չունենալը երբեք արգելք չէ նախարարութեան գոյութեան, որովհետեւ մինչեւ անցնող տարի Լիբանանը եւս աւելի քան երեսուն տարի երկաթուղի չունենալով հանդերձ ունէր եւ ունի երկաթուղիներու նախարարութիւն մը՝ տասնեակ մը պաշտօնեաներով, որոնք գիշեր-ցերեկ կ՚ապահովեն անգոյ երկաթուղիներուն անվտանգութիւնը:
Երէկ, Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ նորոգ հանգուցեալ յայտնի գործարար եւ համայնքային բարերար Բարսեղ Սարայլըի յուղարկաւորութեան փառաշուք արարողութիւնը, որ համախմբեց հոծ թիւով սգաւորներ։
Շիշլի մարզակումբէն Լիա Ասաթուր, Արտա Արատ եւ Արաս Պուլկուր վերջերս մասնակցութիւն բերին Իսթանպուլի միջվարժարանային մարմնամարզի նահանգային առաջնութեան։ Մրցաշարքի տեւողութեան անոնք լաւագոյնս ներկայացուցին Շիշլի մարզակումբը։
Երէկ երեկոյեան Մխիթարեանի ընտանիքին տեսակէտէ յատկանշական ձեռնարկ մը տեղի ունեցաւ՝ սանուց միութեան նոր հաւաքատեղիի պաշտօնական բացումով։ Սա, ինչպէս Մխիթարեանի ընտանիքին, այնպէս ալ թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքին տեսակէտէ յատկանշական իրադարձութիւն մըն է՝ մանաւանդ, որ Մխիթարեան սանուց միութիւնը միշտ եղած է համայնքային ընկերամշակութային կեանքի մղիչ ուժերէն մին։
ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ
Մինչ Արցախի շրջափակումը բոլորեց իր 100-րդ օրը, հակառակ միջազգային հասարակութեան համատարած դատապարտումին, Ատրպէյճան անվրդով ու վճռակամ կը շարունակէ իր ապօրինի արարքը, որուն հետ լռելեայն համակարծիք ըլլալ կը թուին ռուսական եւ արեւմտեան հակադիր ճակատները։ Այսպէսով, Արցախի հակամարտութիւնը կը մնայ անել դրութեան մէջ, զոհ՝ Արեւմուտք-Ռուսաստան միջազգային առճակատումին։
Իսրայէլ Ատրպէյճանին նաւթի փոխարէն գաղտնի ձեւով վաճառած է միլիառաւոր տոլարներու զինամթերք:
«Հաարէց» հրապարակեց զեկոյց մը, որու բովանդակութիւնը հետեւութիւններու դուռ կրնայ բանալ Հայաստանի տեսակէտէ:
Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Քաթրին Քոլոննա կը պատրաստուի այցելել Հարաւային Կովկաս։ Ան տարածաշրջանային ուղեւորութեան մը պիտի ձեռնարկէ յաջորդ ամիս։
Ըստ Նիկոլ Փաշինեանի, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ պիտի ստորագրուի խաղաղութեան պայմանագիր:
Վարչապետը ներկայիս միջազգային հանրութեան կողմէ վճռական աջակցութիւն կ՚ակնկալէ այս պատումին համար:
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքի տնօրէն Տ. Զաքարիա Ծայրագոյն Վարդապետ Բաղումեան այս օրերուն կ՚այցելէ Սուրբ Քաղաք։ Այս առթիւ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Նուրհան Ս. Արք. Մանուկեան հիւրընկալեց հայր սուրբը, որուն տուաւ իր օրհնութիւնը եւ մաղթեց բարի կեցութիւն։