Արխիւ
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Գիրք կարդալը ունի բազում առաւելութիւններ՝ յատկապէս մտաւոր եւ հոգեբանական կարողութիւններու զարգացման առումով: Իւրաքանչիւր գիրք անսահման հնարաւորութիւններ կ՚ընձեռէ՝ նոր գաղափարներու հաղորդ դառնալու համար:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Դարձեալ սեպտեմբեր, դարձեալ վերամուտ եւ դարձեալ աշնանամուտ…։ Եւ սեպտեմբերի յատուկ զգացումներու խտացած տարափ մը, եւ այս տարափին մէջ տատանող՝ յենարան փնտռող անզօր գրիչ մը…
Երէկ, Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Արցախէն շուրջ 35 երիտասարդներ։ Նորին Սրբութիւնը երիտասարդներուն յորդորեց՝ անկոտրուն կամքով շարունակել իրենց պայքարը յանուն Արցախի ազատ, անկախ ու անվտանգ կեանքի իրաւունքին։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Լիբանանի ներքին քաղաքական կեանքի կայունացման հեռանկարները միշտ հարցականներու տակ:
Երկրի դերակատարներուն որդեգրած ընթացքը հետզհետէ աւելի հաւանական կը դարձնեն վատ բեմագրութիւնները:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Վաղուան ճաշու ընթերցուածները հետեւեալներն են.
Եսայիի մարգարէութենէն 13.1-11:
Պօղոս առաքեալին Կորնթացիներուն ուղղած Երկրորդ նամակէն 7.4-16:
Մարկոսի Աւետարանէն 7.31-37:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Վտանգի դէմ ապահովութեան երաշխիքն է օրէնքը։
Անձնական դատողութեան անստուգութիւններու եւ արտաքին պայմաններու քմահաճոյքին ձեռքէն առնելով դէպքերու ընթացքը՝ զայն օրէնքի մը հրամանին տակ դնել կը նշանակէ օրէնքի մը ներկայութիւնը ե՛ւ անհրաժեշտութիւնը։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Մամուլի մէջ լեզուի աղաւաղումը վերջին տասնամեակին յատուկ երեւոյթ մը չէ. մեր թուականէն աւելի քան իննսուն տարի առաջ այնպէս ինչպէս պոլսահայ մամուլը թրքերէն, նոյնպէս ալ արեւելահայ մամուլը ռուսերէն բառեր կը գործածէր. այս երեւոյթին դէմ կը բողոքէր խմբագիր-գրող մը՝ Շաւարշ Միսաքեան, որ իր գրութիւններուն մէջ յաճախ տեղ կու տար թրքերէն բառերու:
Երէկ, հայկական մարզական աշխարհը ցաւ ի սիրտ հրաժեշտ տուաւ նորոգ հանգուցեալ Ողիմպիական ախոյեան, «Օղակներու արքայ» Ալպերթ Ազարեանին, որ բոլոր ժամանակներու ամենայայտնի եւ ամենայաջող մարզիկը կը համարուի։
Եւրոմիութեան արտաքին յարաբերութիւններու եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան գերագոյն յանձնակատար Ժոզէֆ Պորել երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ։
Երեւան-Մոսկուա վերջին՝ լեզուակռիւի մակարդակին հասած բանավէճը երէկ ուշագրաւ դրսեւորում մը ունեցաւ դիւանագիտական հարթութեան վրայ։ Այսպէս, Ռուսաստանի կողմէ բողոքի վերջնագիր մը տրուեցաւ Հայաստանին։
Մեծն քսանեակի (G20) գագաթաժողովը, որ այս շաբաթավերջին առարկայ կը դառնայ միջազգային հանրային կարծիքի ուշադրութեան, տեղի կ՚ունենայ Հնդկաստանի մայրաքաղաքը՝ Նիւ Տելհիի մէջ։ Միջազգային այս կարեւոր հաւաքին կը մասնակցի նաեւ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան։
Թուրքիա-Հայաստան ֆութպոլի ազգային հաւաքականներու խաղը բուռն մրցապայքարի մը թատերաբեմը հանդիսացաւ։ Երէկ երեկոյեան, Էսկիշեհիրի մարզադաշտին մէջ համախմբուած մարզասէրները թէեւ յաղթանակի ուրախութիւն չկրցան ապրիլ, սակայն ֆութպոլի իմաստով յագեցած երեկոյթ մը ապրեցան։ Երկու ընտրանիներն ալ լաւ խաղարկութիւնով հանդէս եկան
Արցախէն Հայաստան տեղափոխուելու ժամանակ, Ռուսաստանի խաղաղապահներու հսկողութեան տակ գտնուելով հանդերձ, Ատրպէյճանի կողմէ առեւանգուած Լեռնային Ղարաբաղի երեք երիտասարդ բնակիչները՝ Ալէն Սարգսեան, Լեւոն Գրիգորեան եւ Վահէ Յովսէփեան երէկ վերադարձուեցան Հայաստանի Հանրապետութեան։
Երեւան-Մոսկուա առանցքին վրայ բանավէճը կը հասնի՝ մօտենալով լեզուակռիւի եզրագծին։ Հայկական լրահոսին մէջ ուշադրութիւն կը գրաւեն մեկնաբանութիւններ, ըստ որոնց Հայաստանի ղեկավարութիւնը դիտումնաւոր ձեւով այս բանավէճը կը հրահրէ Ռուսաստանի հետ։
Անգարայի ղեկավարութիւնը երէկ հիւրընկալեց Ալճերիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմէտ Աթթաֆը, որու այցելութեան առթիւ թրքական կողմը Ափրիկէի վերաբերեալ կարեւոր պատգամներով հանդէս եկաւ։
Երեւան-Ուաշինկթըն առանցքին վրայ անմիջական շփումները կը շարունակուին՝ առանց որեւէ նորութեան:
Նախարար Արարատ Միրզոյեան ԱՄԷ-ի մէջ ալ անդրադարձաւ Արցախի պաշարումով ստեղծուած ծանր կացութեան:
Մարզադաշտի հրապոյրը. Էսկիշեհիրի մէջ այսօր տեղի կ՚ունենայ Թուրքիա-Հայաստան ֆութպոլի հանդիպումը:
«Եւրօ-2024»ի որակաւորման փուլին, D խմբաւորումը խանդավառ մրցապայքարի մը թատերաբեմը կը հանդիսանայ:
Երէկ, Պուրկազ կղզիի Այիոս Եուանիս յունաց եկեղեցւոյ պարտէզին մէջ տեղի ունեցաւ «Մենք երգ ենք» երաժշտական հերթական ձեռնարկներու եզրափակիչ փուլը։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ յետմիջօրէին խորհրդակցութիւն մը ունեցաւ պոլսահայ մամլոյ ներկայացուցիչներուն հետ՝ իր կողքին ունենալով Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեանն ու Պատրիարքարանի լրատուական բաժնէն Կարօ Վռամ Պապայեանը։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան այս առաւօտ մեկնեցաւ Վան։ Յառաջիկայ շաբթուան Խաչվերացի տօնին ընդառաջ Վանայ լճի Աղթամար կղզիի՝ այժմ թանգարանի վերածուած Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ այս տարուան Ս. Պատարագը պիտի մատուցուի այս կիրակի։