Արխիւ
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Եւ սա «Օփերա»յի շարժանկարի սրահը
Ուր Ալէն Տըլոնի - Ռոմի Շնայտէրի
Սիրային ժապաւէնները դիտեցինք
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Եթէ երկար ժամանակ լաւ թատրերգութիւն մը դիտած չէք, կրնաք հետեւիլ Հայաստանի քաղաքական վերջին իրադարձութիւններուն, ուր միեւնոյն ժամանակ աւելի քան տասնչորս ներկայացում տեղի կ՚ունենայ եւ առանց դադարի ամէ՛ն օր՝ մինչեւ սեպտեմբերի 17-ը:
Ջերմուկի դէպքերու առաջին տարելիցին խորհրդարանին մէջ յարգանքի լռութիւն՝ մինչ Հայաստանի սահմանները միշտ Ատրպէյճանի յարձակման տակ:
ԵԱՀԿ-ի մշտական խորհուրդի նիստ. Երեւան միջազգային գետնի վրայ ահազանգ կը հնչեցնէ Պաքուի կողմէ անվտանգային իրավիճակի լարման ուղղեալ գործողութիւնններուն դէմ:
Երեւանի Պետական համալսարանէն (ԵՊՀ) ներս երէկ մեծարուեցաւ Իտալիոյ նախկին վարչապետ, Եւրոյանձնաժողովի նախկին նախագահ Ռոմանօ Փրոտի, որուն պատուակալ տոքթորի կոչում շնորհուեցաւ։
Լեզուակռիւի սեմին հասած բանավէճի պայմաններով երէկ Մոսկուայէն ամենաբարձր մակարդակի վրայ ուշագրաւ պատգամներ հասցէագրուեցան Երեւանին:
ԱՄՆ-ի հետ համատեղ զօրավարժութիւններու սկսած օրերուն Քրեմլինէն յայտարարութիւն. «Եթէ Հայաստան Լեռնային Ղարաբաղը Ատրպէյճանի մաս ճանչցած է, վե՛րջ, ալ ինչի՞ մասին է խօսքը»:
Օրթագիւղի Թարգմանչաց վարժարանին մէջ, 2023-2024 կրթական շրջանի առաջին զանգը հնչեց տօնական տրամադրութեամբ։ Տարեմուտի հանդէսին ելոյթներով հանդէս եկան հիմնադրի ներկայացուցիչ Հայկ Ասլանեան եւ տնօրէնուհի Տիրուհի Պերին, ինչպէս նաեւ Արեւ Փեքմելիքեան եւ Լիզա Չոլաքօղլու։
Թոփգափուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանին մէջ նոր կրթական շրջանի սկիզբը առիթ դարձաւ մեծ խանդավառութեան։ Վերամուտը տօնական տրամադրութեամբ դիմաւորուեցաւ՝ մինչ տնօրէնուհի Անիթա Թումայեան հանդէս եկաւ շնորհաւորութեան խօսքով մը, որու ընթացքին բոլորին մաղթեց արդիւնաւէտ աշխատանքի շրջան մը։
Հայաստանի եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու զօրքերը երէկ սկսան համատեղ զօրավարժութիւններու, որոնք պիտի տեւեն շուրջ շաբաթ մը։ Հայ-ամերիկեան այս ռազմափորձերը կը կոչուին «Արծիւ գործընկեր-2023»։
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ։ Ըստ պաշտօնական աղբիւրներուն, անոնք անդրադարձան Անգարա-Երեւան յարաբերութիւններուն եւ տարածաշրջանային բնոյթով նիւթերու։
Գալֆաեան տան մէջ 2023-24 կրթական շրջանը սկսաւ մեծ ոգեւորութեամբ։ Վերամուտի օրը դպրոցին մէջ համախմբուեցան Գալֆաեանի ընտանիքի պատասխանատուներ, աշակերտներն ու իրենց ծնողները։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Ս. Խաչ դպրեվանքի մէջ մասնակցեցաւ 2023-24 շրջանի վերամուտին, որու ընթացքին կը տիրէր բարձր տրամադրութիւն։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը այս առթիւ փոխանցեց իր պատգամը Դպրեվանքի ընտանիքի ներկայացուցիչներուն։
Էսաեանի ընտանիքը բարձր տրամադրութեամբ դիմաւորեց 2023-24 կրթական շրջանը։ Երէկ առաւօտ, վարժարանի պարտէզի վերամուտի հանդիսութիւնը անցաւ շատ խանդավառ մթնոլորտի մէջ։
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Շատ հաւանաբար, ինծի նման շատեր, յաճախ զարմացած, իրենք իրենց հարց տուած են, թէ մեր ներկայ սովորական կեանքէն ներս, երբ ամէն տեղ եւ ամէն տեսակի պայմաններու տակ, նորութիւններ եւ անակնկալ փոփոխութիւններ ակամայ մեզ դիմաւորած ու մեզ հիմնովին շշմեցուցած, շփոթանքի մատնած եւ կամ ալ ապշեցուցած են, յանկարծ մեր ազգային կեանքի հրապարակին վրայ մեծ բացակայ մը նշմարած ենք:
ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ
Սուրիահայերուն Հայաստան տեղափոխուիլը կրնայ դիտուիլ ոչ միայն հայրենադարձութեան եւ պատմական ապաստարան գտնելու տեսանկիւններով, այլ տնտեսական հանգամանալից ներդրումով Հայաստանի Հանրապետութեան համար:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Հարցում. Ինչո՞ւ յիմարը խոհեմութենէ չ՚ախորժիր: Առակաց 18.2-ին մէջ կը կարդանք. «Յիմարը խոհեմութենէ չ՚ախորժիր, հապա իր սիրտին մէջ եղածը յայտնել կ՚ուզէ»:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Վաղը տարուան 256-րդ օրն է: Զայն կը նշուի իբրեւ ներկայ գայթակղիչ մասնագիտութիւններէն մէկուն՝ ծրագրաւորման ասպարէզի մարդոց օր:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մեր արժէքաւոր գրչեղբայր, ազնիւ բարեկամ տքթ. Իգնա Սարըասլան ազնուութիւնը ունեցեր է մեզի հասցնել իր վերջին բանաստեղծութեան հաւաքածոն՝ «Գոյներ եւ հետքեր»ը, մակագրելով զայն՝ մեր անուան հասցէագրելով։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Վերջերս յանգած եմ այն եզրակացութեան, որ անո՛նք որոնք հայրենիքէն դուրս կ'ապրին իրաւունք չունին խօսելու հայրենիքի, քաղաքականութեան եւ ընդհանրապէս պետական հարցերու մասին:
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը երէկ Երեւանի «Վազգէն Սարգսեան» հանրապետական մարզադաշտին վրայ 1-0 արդիւնքով պարտութիւն կրեց Խրուաթիոյ հաւաքականին դիմաց։
«2020-ին ո՛չ Ուքրայնա կ՚այցելէինք, ո՛չ Հռոմի սթաթիւն կը վաւերացնէինք, ո՛չ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու հետ զօրավարժութիւններ կ՚ընէինք, բայց պատերազմ սկսաւ»:
«Երեւանի օրինականութիւնը պէտք է ըլլայ անխոցելի։ ՀԱՊԿ չէ կատարած ստանձնած պարտաւորութիւնները Հայաստանի նկատմամբ, որ չի կրնար իր յարաբերութիւնները սառեցնել միւս գործընկերներուն հետ»: