Արխիւ

Շաբաթ, Յունուար 21, 2023

Մինչ Արցախի պաշարումը արդէն հասած է քառասուն օրուան շեմին՝ մարդասիրական ծանր աղէտով:
Պայրամով պատրաստակամութիւն յայտնեց Հայաստանի, Ռուսաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու յետաձգեալ հանդիպումը փութով կազմակերպելու ուղղութեամբ: Տաւոսի մէջ օրակարգի վրայ եկաւ Հարաւային Կովկասը: Ուաշինկթըն յետընթաց կը նկատէ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնահարցին շուրջ:

Շաբաթ, Յունուար 21, 2023

Սիւնիքի ռազմավարական դերը կը շեշտուի՝ տարածաշրջանէն ներս կայուն խաղաղութեան ճանապարհին:
Հայաստանի փոխ-վարչապետ Մհեր Գրիգորեան մասնակցեցաւ Եւրոմիութեան հետ ձեռնարկուած ծրագրի մեկնարկին:

Շաբաթ, Յունուար 21, 2023

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Լաւ որոշում էր, որ առողջ սովորութեան մը վերածուելով դարձաւ աւանդական: Այսպէս, տարիներ առաջ, երբ այս երկրին մէջ երեք եղբայրներով հազիւ տուն-տեղ եղած էինք, պայմաններու բերումով իրարմէ կը բաժնուէինք եւ ամէն մէկս տարբեր նահանգէ ներս կը շարունակէինք մեր կեանքը:

Շաբաթ, Յունուար 21, 2023

Խոր ցաւով տեղեկացանք, որ իր մահկանացուն կնքած է ազգային երախտաշատ բարերար Հայկ Տիտիզեան, որ թէ՛ սփիւռքի եւ թէ ընդհանրապէս հայաշխարհի տիրական դէմքերէն մին էր։ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան աղբիւրներն ալ երէկ գուժեցին, որ ի Տէր ննջած է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մեծանուն բարերարներէն Հայկ Տիտիզեան։

Ուրբաթ, Յունուար 20, 2023

Կը տեղեկանանք, որ «Բարեկամ» ընկերային զօրակցութեան խմբակը վերջերս իրականացուցած է շարք մը երախտագիտական այցելութիւններ՝ տարեմուտի առթիւ։

Ուրբաթ, Յունուար 20, 2023

Բեթղեհէմի Սուրբ Այրին մէջ, Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին այս տարի եւս հնչեցուց Աստուածայայտնութեան տաղաւարի մեծ ու յաղթական աւետիսը:
Երուսաղէմի եւ Պոլսոյ պատրիարքական աթոռներու ամենապատիւ գահակալներուն գլխաւորութեամբ աւանդական տօնակատարութիւնները տեղի ունեցան բացառիկ շուքով ու տրամադրութեամբ:

Ուրբաթ, Յունուար 20, 2023

Մալաթիահայոց հայրենակցական միութեան՝ «Մալաթիա Հայտեր»ի ընդհանուր ժողովը վերջերս գումարուելով ընտրեց նոր վարչութիւնը։ Սա միութեան հինգերորդ համագումարն էր, որու արդիւնքով վարչութեան առընթեր, ընտրուեցան նաեւ հակակշիռ եւ կարգապահական խորհուրդներու կազմերը։

Ուրբաթ, Յունուար 20, 2023

«Ակօս» շաբաթաթերթի հիմնադիր, նահատակեալ լրագրող Հրանդ Տինք երէկ ոգեկոչուեցաւ՝ իր սպանութեան 16-րդ տարելիցին առթիւ։ Հոգելոյս Հրանդ Տինքի դէմ տեղի ունեցած մահափորձի տարելիցը անգամ մը եւս իր յիշատակին շուրջ համախմբեց հասարակութեան լայն խաւերու ներկայացուցիչներ։

Ուրբաթ, Յունուար 20, 2023

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Դարերու վաղեմութեամբ փաստ մըն է, թէ երաժշտութիւնը կրնայ փոխել մարդոց տրամադրութիւնը, գրգռել զգացումները ու նոյնիսկ մղել արտասովոր հոգեվիճակներու։ Կան նաեւ այնպիսի զգացումներ, որոնք միայն երաժշտութեամբ կ՚արթննան։

Ուրբաթ, Յունուար 20, 2023

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Ստորեւ կը շարունակենք ներկայացնել Մաղաքիա Արք. Օրմանեանի «Համապատում»ին նախաբանը՝ ուր պիտի գտնենք եւ վերյիշենք ճշմարտութիւններ՝ որոնք յաճախ կ՚անտեսուին…

Ուրբաթ, Յունուար 20, 2023

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Բոլորիս ալ բերանները ստախօսութեան որջ մըն է եւ մեծագոյն ստախօսները մեր հասարակութեան մէջ անո՛նք են, որոնք «ես սուտը կ՚ատեմ» յերիւրածոյ լոզունգով հրապարակ դուրս կու գան, նմանելով այն կիներուն, որոնց մեծագոյն բամբասանքը մի՛շտ սկիզբ կ՚առնէ «ես բամբասել չեմ սիրեր» զաւեշտալի յառաջաբանով:

Հինգշաբթի, Յունուար 19, 2023

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Անզէն աչքով անգամ տեսանելի է՝ ոչ միայն Արցախը կը գտնուի շրջափակումի մէջ, այլեւ Հայաստանը: Հայաստանի կացութիւնը առաւել քան լուրջ է: Ազգակործան իշխանութիւնը երկիրը անդադար կը պահէ ցնցումներու մէջ:

Հինգշաբթի, Յունուար 19, 2023

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Աշխարհի՝ իրարմէ հեռու երկու վայրերու մէջ այսօր միլիոնաւոր մարդիկ հրաժեշտ կու տան երկու արուեստագէտներու, զանազան մեծութեան երկու աստղերու, որոնք կեանքէն հեռացան երկու օրուան տարբերութեամբ: Անոնք են՝ իտալացի աշխարհահռչակ դերասանուհի՝ Ճինա Լոլոպրիճիտա եւ վրացի ականաւոր դերասան, երգիչ՝ Վախթանգ Քիքապիծէ:

Հինգշաբթի, Յունուար 19, 2023

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Մեր սիրելի ընթերցողներու ազնիւ ուշադրութեան կ՚ուզենք յանձնել, որ յունուար 2023-էն սկսեալ, թերթիս պատուարժան խմբագիրին՝ տիար Արա Գօչունեանին կարծիքը առնելէ եւ քաջալերանքը ստանալէ ետք, նոր յօդուածաշարքի մը պիտի սկսինք, որ պիտի կրէ ԱԿՆԱՐԿ ենթախորագիրը, ուր պիտի փորձենք անդրադառնալ հայկական իրականութիւնը՝ թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ սփիւռքի մէջ յուզող հարցերու եւ երեւոյթներու:

Հինգշաբթի, Յունուար 19, 2023

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Մաղաքիա Արք. Օրմանեանի «Համապատում»ը ծանօթ է բոլորիս։ «Համապատում»ի նախաբանը անգամ մը եւս կարդալ, կը յուսամ, այնքան օգտակար պիտի ըլլայ, որքա՛ն ամբողջ գիրքը կարդալը։

Հինգշաբթի, Յունուար 19, 2023

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Սփիւռքի մէջ տարածուած է այն համոզումը, որ մեր Հայաստանի հայորդիները ծոյլեր են եւ անոնց մեծագոյն հաճոյքը գինեմոլութիւնն է: Հայաստանի մէջ տիրող աղքատութիւնը եւս շատ շատեր կը վերագրեն գինեմոլութեան այդ ախտին:

Հինգշաբթի, Յունուար 19, 2023

CRR-ի մէջ, Հարպիյէ, երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ բացառիկ համերգ մը։ Բառին բուն իմաստով արտասովոր ձեռնարկ մըն էր այս մէկը, որու ընթացքին սրահը բերնէ բերան լեցուցած երաժշտասէրները ունեցան անմոռանալի ապրումներ։

Հինգշաբթի, Յունուար 19, 2023

Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի ընտրութեան մարմինը գումարեց հերթական ժողովը:
Մարտի 12-ին նախատեսուած քուէարկութեան օրը վեց հայահոծ կէտի վրայ քուէատուփեր զետեղուած պիտի ըլլան:

Հինգշաբթի, Յունուար 19, 2023

Արցախի պաշարումը կը շարունակուի աւելի քան ամիսէ մը ի վեր՝ մարդասիրական բոլոր ծանր հետեւանքներով։ Առկայ հրատապ մթնոլորտին մէջ երէկ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով հանդէս եկաւ ուշագրաւ յայտարարութիւններով։

Հինգշաբթի, Յունուար 19, 2023

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան երէկ տեղեկացուց, որ այս տարի դարձեալ պիտի մասնակցի Անթալիայի Դիւանագիտական ֆորումին։

Էջեր