Արխիւ

Շաբաթ, Յունուար 28, 2023

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Արցախի պաշարումը կ՚ուղղորդուի Եւրոմիութեան դիտորդներու շուրջ վէճերով, Մոսկուա-Երեւան առանցքին վրայ «կրակոցներով» ու մեծ սպասումներով:
Մէկ կողմէ Ատրպէյճան-Թուրքիա-Եւրոպա խողովակաշարներն ու կազի հաշիւները, իսկ միւս կողմէ շիի Իրանի յամառ պահանջը՝ Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան պահպանման ուղղութեամբ:

Շաբաթ, Յունուար 28, 2023

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղուան Ճաշու ընթերցուածները հետեւեալներն են.
Եսայիի մարգարէութենէն 61.10-62.9:
Պօղոս առաքեալին Տիմոթէոսին ուղղած երկրորդ նամակէն 2.15-26:
Յովհաննէսի Աւետարանէն 6.15-21:

Ուրբաթ, Յունուար 27, 2023

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան այսօր կ՚աւարտէ դէպի Երուսաղէմ իր ուղեւորութիւնը եւ երեկոյեան ժամերուն կը վերադառնայ իր Աթոռը։
Ինչպէս հաղորդած էինք, երէկ առաւօտ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը հանդիսաւոր Ս. Պատարագ մատոյց Ս. Յարութեան տաճարին մէջ։ 

Ուրբաթ, Յունուար 27, 2023

Գաւառի համայնքներու հոգեւոր տեսուչ եւ Անտիոքի եկեղեցեաց հովիւ Տ. Աւետիս Քահանայ Թապաշեան, ընկերակցութեամբ Եուսուֆ Ուրարակիր Դպիր Թապաշեանի հովուական այցելութիւն մը տուաւ Մալաթիոյ եւ Էլազըղի հայ համայնքներուն եւ Սուրբ Ծննդեան արարողութիւնները կատարեց։

Ուրբաթ, Յունուար 27, 2023

Շիշլի մարզակումբը՝ դպրոցական ներկայ արձակուրդի ընձեռած հնարաւորութենէն օգտուելով, կազմակերպեց իր պատանի մարզիկներուն համար ճամբար մը։ Մալթեփէի համալսարանի «Մարմարա» կրթական աւանէն ներս, «Մարմա» պանդոկի երդիքին տակ համախմբուեցան շիշլիցի պատանի մարզիկները, որոնք քառօրեայ ծրագրի մը հետեւեցան։

Ուրբաթ, Յունուար 27, 2023

Ղալաթիոյ խնամակալութեան նորընտիր ատենապետ Մկրտիչ Արծիւեանի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւն մը երէկ քաղաքավարական այցելութիւն մը տուաւ Պէյօղլուի քաղաքապետ Հայտար Ալի Եըլտըզին։

Ուրբաթ, Յունուար 27, 2023

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Կը շարունակենք մեր խորհրդածութիւնները կեանքի իմաստին եւ արժէքին մասին՝ աւելի լայն տեսանկիւնէ մը դիտելով հարցը։
Կեանքը իմաստալից կը դարձնէ կեանքի որակը (որակ ըսելով նկատի չունիմ միայն նիւթական հարստութիւնը։ 

Ուրբաթ, Յունուար 27, 2023

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Ինքնաճանաչութիւնը՝ առաջին քայլն է մարդուն իր շրջաապատը ճանչնալու եւ յետոյ ճանչնալու ամբողջ տիեզերքը եւ անոր Ստեղծիչը՝ գերագոյն Կամքը։ Արդարեւ, այս ճշմարտութեան կը վկայէ Պիւթագոր երբ կ՚ըսէ. «Ճանչցի՛ր ինքզինքդ, եւ պիտի ճանչնաս աստուածներու տիեզերքը»։

Ուրբաթ, Յունուար 27, 2023

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երբեւէ չէի մտածած, թէ կրնայ ըլլալ ժամանակ, որ բռնատիրութիւնն ու բռնակալութիւնը դրական ու աղէկ նկատենք։ Երբեք ալ բռնատիրութեան կողմնակից չենք եղած եւ չե՛նք, սակայն ցաւ ի սիրտ, իրողութիւն մըն է, որ հոն ուր բռնատիրութիւնը կ՚իշխէ, բարոյականութիւնն ու մարդկային արժէքները աւելի երկար կ՚ապրին քան հոն, ուր ժողովրդավարութիւն անուան տակ կը տիրապետէ սանձարձակ ազատութիւնը:

Ուրբաթ, Յունուար 27, 2023

ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ

18 եւ 19 յունուարին յաջորդաբար Եւրոպական խորհրդարանը երկու աւելի քան ուշագրաւ բանաձեւեր որդեգրեց թէ՛ Հայաստան-Ատրպէյճան եւ թէ Արցախ-Ատրպէյճան յարաբերութիւններուն վերաբերեալ:

Ուրբաթ, Յունուար 27, 2023

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ առաւօտ կառավարութեան նիստի ընթացքին հերթական անգամ անդրադարձաւ Արցախի շրջափակման. «Պաքուի ծրագիրը հետեւեալն է. քանի մը օրով բանալ Լաչինի միջանցքը՝ ակնկալելով, որ Լեռնային Ղարաբաղի հայերը լքեն իրենց տուները, ապա կրկին փակել, այսպէս շարունակ՝ մինչեւ որ վերջին հայը լքէ Արցախը»։

Ուրբաթ, Յունուար 27, 2023

​Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ Պեշթեփէի մէջ հիւրընկալեց Հիւսիսային Իրաքի Քրտական Ինքնավարութեան ղեկավար Նեչիրվան Պարզանին, որ շփումներ ունեցաւ Անգարայի մէջ։

Ուրբաթ, Յունուար 27, 2023

Արցախի պաշարումով պայմանաւորուած մթնոլորտին մէջ Երեւանի ղեկավարութիւնը կը ջանայ բոլոր հարթութիւններու վրայ իր պատգամը հասցնել միջազգային հանրութեան:
Նախարար Արարատ Միրզոյեան. «Ատրպէյճան կ՚ակնկալէ, որ Հայաստան միայն ընդունի իր պահանջները եւ ուզածը չստանալու պարագային կ՚օգտագործէ ամէն միջոց՝ մինչեւ ուժի կիրառում»:

Ուրբաթ, Յունուար 27, 2023

Վեհափառ Հայրապետը բարձր գնահատեց 30-ամեայ այս կարեւոր ցանցի գործունէութիւնը:
Հայորդեաց տուներու կրթական գործընթացի արդիւնաւէտութեան առաւել բարձրացման ուղղեալ որոնումներ:

Հինգշաբթի, Յունուար 26, 2023

Ղալաթիոյ Սուրբ Փրկիչ հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ յարակից հիւրատան մէջ նախընթաց օր ծագած հրդեհին արձագանգները կը շարունակուին։ Այս տխուր պատահարը մեծ ցաւ պատճառած է բոլորին՝ մանաւանդ, որ խլած է երկու զոհ։

Հինգշաբթի, Յունուար 26, 2023

Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի՝ մարտի 12-ին նախատեսուած ընտրութեան նախապատրաստական գործընթացը այս շրջանին կը բնորոշէ թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքի օրակարգը։

Հինգշաբթի, Յունուար 26, 2023

Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Դալար Եւ Արթօ Հորոզօղլուները, որոնք կը գլխաւորեն Կէտիկփաշայի «Հրանդ-Տինք» դպրոցի կամաւոր հոգաբարձութիւնը։

Հինգշաբթի, Յունուար 26, 2023

Պէյրութի Հայկազեան համալսարանին մէջ վերջերս տեղի ունեցաւ յատկանշական շնորհանդէս մը։ Այսպէս, սա գինեձօնն էր «Հայկազեան» հայագիտական հանդէսի 42-րդ հատորի երկու գիրքերուն։

Հինգշաբթի, Յունուար 26, 2023

Արարատ Միրզոյեան Ժոզէֆ Պոլելի, իսկ Ռուբէն Ռուբինեան Մարիա Պուրիչի հետ հանդիպումներ ունեցան:
Երեւանի ղեկավարութիւնը կը ջանայ միջազգային դերակատարներու կշիռը ծառայեցնել Լաչինի միջանցքի վերաբացման:

Հինգշաբթի, Յունուար 26, 2023

Եգիպտոսի նախագահ Ապտիւլֆեթթահ Էլ Սիսի վաղը երկօրեայ ուղեւորութեան մը կը ձեռնարկէ դէպի Հարաւային Կովկաս։ Տարածաշրջանային այս ուղեւորութեան ծիրէն ներս Սիսի պիտի այցելէ Հայաստան եւ Ատրպէյճան։

Էջեր