Արխիւ
Շիշլիի քաղաքապետ Մուամմէր Քեսքին երէկ երեկոյեան Ամանորի առթիւ հիւրընկալեց փոքրամասնութիւններու մամլոյ ներկայացուցիչները։ Ինչպէս ծանօթ է, Շիշլին Իսթանպուլի այն գաւառակներէն մին է, ուր առաւել չափով խտացած են ոչ-իսլամ փոքրամասնութիւնները։
Պաշարուած Արցախի մէջ սահմանափակումներ հաստատուեցան սնունդի մատակարարման համար:
Ռուսաստանի խաղաղապահները կը շարունակեն բանակցութիւնները՝ Լաչինի միջանցքի բացումը ապահովելու համար: ԻՒՆԻՍԷՖ կը տեղեկացնէ շրջափակման հետեւանքով երեխաներու դիմագրաւած կացութեան բարդացումը:
Օրթագիւղի Թարգմանչաց վարժարանի աշակերտները վերջին օրերուն յատկանշական պտոյտ մը իրականացուցին։ Այսպէս, դպրոցի Ե. եւ Զ. դասարանները այցելեցին «Պելկրուփ-Քարփեր» գործարանը։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ հիւրընկալեց Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ Սահակեան դպրաց դաս-երգչախումբի տնօրէն խորհուրդը՝ գլխաւորութեամբ Տ. Զօհրապ Քհնյ. Ճիվանեանի, որ դպրաց դասու նախագահն է։
«Արաս» հրատարակչութիւնը ներկայ տարեմուտին հայերէն բանաստեղծութիւններու նոր գիրք մը դրած է հայ գրականութեան համակիրներու տրամադրութեան տակ։
Կը տեղեկանանք, որ այս տարի եւս լոյս տեսած է Պատրիարքական Աթոռի պաշտօնական օրացոյցը։ Այսպէս, 2023 թուականի «Եկեղեցական օրացոյց»ը կը պարունակէ եկեղեցական բոլոր տօները, շարականները, սուրբգրական ընթերցումներու համարները, եկեղեցիներու ուխտի օրերը եւ այլն։
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Հայը՝ հայ է: Ըլլայ ան պոլսեցի, սեբաստացի, արցախցի, թէ հայաստանցի: Ես կը սիրեմ նշել իմ բնիկ արցախցի ըլլալը: Այդ փաստը իմ հոգին շատ կը փառաւորէ:
Պատրիարքական Աթոռի միաբաններէն Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, որ վերջին ամիսներուն Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմէն ներս կը գտնուի, Նիւ Եորքի մերձակայ Նիւ Ճըրզիի Ս. Ղեւոնդեանց եկեղեցւոյ մէջ շաբաթավերջին նախագահեց արարողութիւններու, որոնց ընթացքին խօսեցաւ նաեւ քարոզներ։
Գանատայի մէջ բուժուած երիտասարդ զինուորականը այցելութիւն մը տուաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին:
Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը հիւրընկալեց Արթուր Յովհաննիսեանն ու ընտանիքը՝ փոխանցելով իր օրհնութիւնները:
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Այլեւս չեմ յիշեր՝ համալսարանի որերորդ դասարանի ուսանողուհի էի, երբ կը մասնակցէի կամաւորականներու վերապատրաստման դասընթացքներու: Օր մը կէսօրին գացինք մօտակայ ճաշարան՝ ճաշելու:
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Այդ կիրակի երեկոյ, պարոն Արամ բաւական ուշ իր սենեակը քաշուեցաւ: Անձայն եւ նոյնքան ալ անշշուկ: Ուտել խմելէն եւ մաղթանքներ լսելէն յոգնած գրեթէ ուժասպառ եղած էր:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Հարցում. Ի՞նչ կը ստանայ շնորհալի կինը:
Պատասխան. Առակագիրը կը գրէ. «Շնորհալի կինը պատիւ կը ստանայ» (Առ 11.16):
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ըստ մանուկներու հոգեբոյժ տքթ. Նորման Պրէնտիսի, մանուկները շատ զգայուն են իրենց չորս կողմը գտնուող չափահասներու՝ որոնք վհատութեամբ կլանուած են։ Մանուկներն ալ կ՚ազդուին եւ կը տպաւորուին եւ կը վհատին, նոյնիսկ եթէ չափահասներ կարծեն, թէ կրցած են ծածկել իրենց ժխտական վատ վիճակները անոնցմէ։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Յաճախ որպէս տղամարդիկ կը բողոքենք կիներու զարդարուելու եւ շպարուելու հանդէպ ունեցած սիրոյն մասին եւ այդ մէկը տարօրինակ կը գտնենք, սակայն երկու հազարամեակ առաջ գրուած Տիմոթէոսին Ա. Նամակը կը պարզէ, որ այդ զարդարուիլն ու պճնուիլը գոյութիւն ունեցած է հազարամեակներ առաջ ալ...
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ ընդունեց Անգարայի մօտ Իսրայէլի նորանշանակ դեսպան Իրիթ Լիլիանը, որ իրեն յանձնեց իր հաւատարմագիրը։
Մինչ քրիստոնեայ աշխարհը սկսած է նշել Սուրբ Ծնունդը, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ շնորհաւորական այցելութիւններ տուաւ քաղաքիս քրիստոնեայ յարանուանութիւններու հոգեւոր առաջնորդներուն։
Արցախի պաշարուած պայմաններով՝ Փաշինեան, Փութին եւ Ալիեւ զրուցած են Սեն Փեթերսպուրկի մէջ:
«Այժմ այնպէս կը ստացուի, որ Լաչինի միջանցքը չի գտնուիր Ռուսաստանի խաղաղապահներու վերահսկողութեան ներքեւ»:
Օրթագիւղի Թարգմանչաց վարժարանի աշակերտները Ամանորի առթիւ այցելեցին Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» դպրոցը։ Այս այցելութիւնը առիթ հանդիսացաւ, որ տղաքը գիրկընդխառնուին տօնական բարձր տրամադրութեամբ եւ բարեմաղթութիւններ փոխանակեն իրարու հետ:
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ «İkinci Adam» հրատարակչութենէն լոյս տեսած է հետաքրքրական գիրք մը, որու հեղինակն է մեր համայնքի երիտասարդ համալսարանականներէն Դալար Ներսէսօղլու։ «Օսմանահայ մամուլին մէջ Յունաստանի դէպի Արեւմտեան Անատոլու գործողութիւնը (1920-1922)» կը կոչուի այս գիրքը, որ Դալար Ներսէսօղլուի տոքթորական թեզն է։
Վեհափառ Հայրապետը Ս. Ստեփանոսի տօնին առթիւ մէկտեղուեցաւ սարկաւագաց դասու անդամներուն հետ:
Նորին Սրբութիւնը յորդորեց պանծացնել հայ եկեղեցականի համբաւը՝ արժանանալով սերունդներու օրհնութեան: