Արխիւ
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Այսօրուան Հայաստանը շունչը պահած կը սպասէ պատերազմի: Ժողովուրդը ահաբեկած է: Առօրեայ հոգերը մէկ կողմ ձգած, ազգաբնակչութիւնը կը խորհի ապաստարանները կարգի բերելու մասին:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Հայաստանի զբօսաշրջութեան լաւագոյն եղանակին՝ սեպտեմբերի կէսին, երբ առողջարանները, տեսարժան վայրերը տակաւին լեցուն էին զբօսաշրջիկներով, երբ հազարաւոր հայաստանցիներ եւ օտարներ Երեւանէն դուրս իրենց հանգիստն ու արձակուրդը կը վայելէին, Ատրպէյճանը Հայաստանի սահմանի ամբողջ երկայնքով լայնածաւալ յարձակման ձեռնարկեց:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Այն ատեն Պետրոս մօտեցաւ Յիսուսի եւ հարցուց.
-Տէ՛ր, քանի՞ անգամ եթէ եղբայրս մեղանչէ ինծի դէմ՝ պէտք է ներեմ իրեն. մինչեւ եօ՞թը անգամ։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Աշխարհը որքան հարստանայ՝ մարդկութիւնը այնքան կ՚աղքատանայ, որովհետեւ ի սէր այդ նիւթականին մարդկային արժէքներն են որ կը մեռնին։
Այս մասին ինծի մտածել տուաւ մի քանի օրեր առաջ Երեւանի հիւանդանոցներէն նոր դուրս եկած տարեց պապիկ մը՝ «հիմա հիւանդութիւնը միայն հարուստներու համար է» արտայայտութեամբ։
Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ հրադադարի խախտումները կը շարունակուին։ Ատրպէյճանի բանակը երէկ երեկոյեան դարձեալ յարձակում մը իրականացուց Հայաստանի դէմ։
Յայտնի համայնքային բարերարը այս անգամ կարեւոր յանձնառութեամբ մը հանդէս կու գայ մարզական աշխարհէն ներս՝ արժանանալով հանրային կարծիքին ուշադրութեան:
Ստորագրութեան հանդիսաւոր արարողութիւն. Տիգրան Կիւլմէզկիլի «Չաղտաշ ֆաքթորինկ» ընկերութիւնը պաշտօնապէս դարձաւ Կալաթասարայ ակումբի պասքեթպոլի կանանց կազմի հովանաւորը:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Հարցում. Հետաքրքրական առած մը լսած եմ աշխատասիրութեան մասին, որ կ՚ըսէ. «Ո՛վ ծոյլ, մրջիւնին գնայ, անոր ճամբաները տես ու իմաստուն եղիր»: Առակացին մէջ աշխատասիրութեան մասին արդեօք որեւէ մէկ բան կա՞յ գրուած:
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Նոր մոլորակ մը բացայայտած պիտի չըլլամ, եթէ ըսեմ, թէ ի տարբերութիւն Հայաստանի հայերու, պոլսահայը նախապատուութիւնը կու տայ աղջիկ երեխային: Ի հեճուկս հայրենեաց բարքերու, այստեղ ընտանիքի հիմնասիւնը, նուիրեալ զաւակը՝ դուստրերն են. «Տղան կ՚երթայ, աղջիկը կը մնայ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Պօղոս առաքեալ Աստուծոյ նախախնամութեամբը եւ շնորհքով հիանալի՜ յարմարութիւն մը ունեցաւ հեթանոսներու առաքեալ ըլլալու պաշտօնէն Քրիստոսի առաքեալ ըլլալու արժանանալով։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Այնքան ատեն որ մարդ նիւթապէս աղքատ վիճակի մէջ է, կը կարծէ որ կեանքի մէջ ժամանակը անսահմանափակ է՝ իսկ դրամը սահմանափակ, սակայն կամաց կամաց հարստութեան մը տէր դառնալով կը սկսի հասկնալ, որ իր կեանքը իր համոզումին ամբողջութեամբ հակառակն է... անսահմանափակ է դրամը՝ մինչ ժամանակը սահմանափակ, որուն դիմաց անզօր է նոյնիսկ աշխարհի ամենէն հարուստ ու «բախտաւոր» կարծուած մարդը:
Նախկին արտաքին գործոց նախարարը կը խորհրդածէ հերթական յօդուածով մը. «Ի՞նչ եղած է իրականութեան մէջ, ի՞նչ կարելի է ընել»:
Ըստ Օսկանեանի, թէ՛ Ռուսաստան եւ թէ Արեւմուտքը դէմ չեն արտայայտուիր Հայաստանին պարտադրուած խաղաղութեան, որովհետեւ Երեւան անկարող է այլ ձեւակերպումներ տալու:
Հայաստանի Հանրապետութեան Անվտանգութեան խորհուրդը նախընթաց օրուան վերջին ժողովի աւարտին հրապարակեց յայտարարութիւն մը:
Ռազմաքաղաքական իրադրութիւնը կը շարունակէ մնալ լարուած, բոլոր միջոցներով պիտի պահպանուի երկրի անկախութիւնն ու տարածքային ամբողջականութիւնը:
Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանէն հասած լուրերը վերջին օրերուն առաջնահերթօրէն կը բնորոշեն օրակարգը։ Երէկ երեկոյեան ժամերուն Ատրպէյճանի զօրքերը դարձեալ խախտած են հրադադարը։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Խորքին մէջ չեմ ալ գիտեր, ոչ ալ կ՚ուզեմ իմանալ այս «ժեխ» բառին արմատները։ Գիտեմ միայն, քաջ գիտեմ, որ քստմնելի բառ մըն է, որ շրջանառութեան մէջ դրուեցաւ այն պահերուն, երբ քաղաքական հարթակի վրայ Հայաստանի գործող իշխանութիւններուն անճարակութեան եւ կամ վերատադրուելու ամբողջ պատասխանատուութիւնը դրուիլ փորձուեցաւ Հայաստանի ժողովուրդի ուսերուն։
BEDROS ŞİRİNOĞLU
İçişleri Bakanımız Sayın Süleyman Soylu Beyefendi'nin azınlık topluluklarının temsilcileriyle gerçekleştirdiği buluşmanın hemen sonrasında, o toplantıda geniş tabanlı istişarelerle sağlanan ortak anlayış doğrultusunda, Resmî Gazete'de seçim yönetmeliğiyle ilgili yeni düzenlemeler yayımlandı. Bu gelişme hem zamanlaması, hem de yarattığı ufuklar itibarıyla son derece önemlidir.
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Սամաթիոյ ընտանիքի վարիչները։ Այսպէս, մեր հիւրերն էին թաղի Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Եսայի Տեմիր եւ թաղային խորհուրդի ժրաջան անդամներէն Խաչիկ Էօզտեմիր։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
1997-ին էր, երբ առաջին անգամ ոտքս դրի Հայաստան ու անկէ ի վեր այս կտոր մը երկիրը, որ շատերուն համար պզտիկ կէտ մըն է աշխարհի քարտէսին վրայ, մնաց ու գոյացաւ, արմատ նետեց ու նոր երանգներով գետի նման վարարեցաւ, կայմուեցաւ եւ դարձաւ ապրելու ոճ։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Գոհաբանական աղօթքներէն ու հոգեւոր երգերէն ետք վարագոյրը կը բացուի, մինչ պատարագիչ քահանան եւ դպիրները եղանակաւոր ձայնով փոխն ի փոխ կը սկսին երգել.
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդուս հոգեւոր աշխարհագրութիւնը նմանութեան բազմաթիւ գիծեր ունի արտաքին աշխարհի հետ՝ արտաքին աշխարհի աշխարհագրութեան հետ։ Ինչպէս բնութիւնը իր արեւը ունի, մարդը եւս ունի իր հոգւոյն մշտափայլ Արեւը, որ է Աստուծոյ Սիրոյն յայտնութիւնը յանձին Յիսուս Քրիստոսի։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Մեր ազգի մէջ մի՛շտ ալ անպակաս եղած են ծայրայեղականները, որոնք միջին մը չունենալով մէկ ծայրայեղութենէ միւսը անցած են:
Նման ծայրայեղական մը վերջերս հետեւեալ բողոքը կը բարձրացնէր. «Հայ Առաքելական Եկեղեցին իր ճշմարիտ առաքելութենէն շեղած եւ մուտք գործած է քաղաքական աշխարհ. եկեղեցւոյ գործը զԱստուած պաշտել է եւ Աստուծոյ փառքին ծառայել. ի՞նչ գործ ունի եկեղեցին քաղաքական կամ ազգային խնդիրներու մէջ մտնելու» եւ այս բոլորը որպէս պատճառ կը ներկայացնէր օտար աղանդաւորական շարժման մը հետեւելու: