Արխիւ

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 14, 2022

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Ռումանիոյ Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Եուլիան Ֆոթայի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը, որ այս օրերուն կ՚այցելէ Երեւան։ Հանդիպման ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը անդրադարձաւ Հայաստանի հրատապ օրակարգին՝ մանրամասնութիւններ տեղեկացնելով Ատրպէյճանի կողմէ սանձազերծուած ռազմական գործողութիւններուն մասին, որոնց հետեւանքով կան զոհեր, վիրաւորներ եւ աւերուածութիւններ։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 14, 2022

Ատրպէյճանի բանակը, կրակի խտութեան երէկուան յարաբերական թուլացումէն վերջ, այս առաւօտ վերստին սաստկացուց յարձակումները Հայաստանի սահմաններուն դէմ: Նախայարձակ գործողութիւնները, ըստ վերջին լուրերուն, թափով կ՚ընթանան Վերին Շորժայի եւ Ջերմուկի ուղղութեամբ:
Դիւանագիտական որոնումներ. ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդը այսօր կը քննարկէ ստեղծուած հրատապ կացութիւնը:

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 13, 2022

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Ս. Խաչ դպրեվանքի մէջ մասնակցեցաւ վերամուտի արարողութեան։ 2022-2023 կրթական շրջանի սկիզբին առթիւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը իր օրհնութիւնները տուաւ Ս. Խաչ դպրեվանքի ընտանիքին։

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 13, 2022

Türkiye Ermeni Vakıflar Birliği (ERVAB) ve Surp Pırgiç Ermeni Hastanesi Yönetim Kurulu Başkanı Bedros Şirinoğlu, JAMANAK'a açıklamalarda bulunarak İçişleri Bakanı Süleyman Soylu ve azınlık cemaatleri temsilcilerinin toplantısını ve sonrasında Ermeni toplumu içinde oluşan ortamı değerlendirdi. Başkan Şirinoğlu'nun açıklamaları şöyle:

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 13, 2022

Ներքին գործոց նախարար Սիւլէյման Սոյլուի հետ Թուրքիոյ ոչ-իսլամ փոքրամասնական համայնքներու ներկայացուցիչներուն շաբաթավերջի հանդիպման արձագանգները կը շարունակուին։ Ժողովի մասնակիցները ընդհանուր առմամբ ունին դրական տպաւորութիւններ եւ տոգորուած են լաւատեսութեամբ։ Խորհրդակցութեան մասնակիցներէն ԱՔ կուսակցութեան կեդրոնական գործադիր մարմնի անդամ տքթ. Սեւան Սվաճըօղլու ժողովէն վերջ մեզի յայտնեց, որ նախարարը արդէն մանրամասնօրէն տեղեակ էր բոլոր խնդիրներուն՝ մանաւանդ, որ կուսակալութեան մէջ նախօրէին տեղի ունեցած խորհրդակցութեան մանրամասնութիւններն ալ յանձնուած էին իր նկատառման։ Այս տեսանկիւնէն ալ դրական համարեց տեսակցութիւնը։

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 13, 2022

Ատրպէյճանի զօրքերը կէս գիշերին Հայաստանի սահմանի ամբողջ երկայնքով լայնածաւալ յարձակման ձեռնարկեցին. կան նահատակներ, վիրաւորներ, կը թիրախաւորուին նաեւ քաղաքացիական ենթակառուցուածքներ: Վարչապետը երեսփոխաններու հարցումներուն կը պատասխանէ խորհրդարանէն ներս, ուր ներկայ է նաեւ ընդդիմութիւնը:

Ուշ գիշերին տեղի ունեցած Անվտանգութեան խորհուրդի ժողովէն վերջ երեւան դիմեց Մոսկուային, ՄԱԿ-ին եւ ՀԱՊԿ-ին՝ ինքնիշխան տարածքի դէմ ոտնձգութեան ծանր պայմաններուն ներքեւ։ Նիկոլ Փաշինեան հեռախօսազրոյցներ ունեցաւ Վլատիմիր Փութինի, Էմմանիւէլ Մաքրոնի, Շարլ Միշելի եւ Իպրահիմ Ռայիսիի հետ։ Արարատ Միրզոյեան իրադրութիւնը արժեւորեց Սերկէյ Լաւրովի եւ Քերըն Տոնֆրիտի հետ։ Պաշտպանութեան նախարարութիւնը կոչ ուղղած է, որպէսզի ռազմական գործողութիւններու մասին տեսանիւթերը շրջանառութեան մէջ չդրուին եւ հանրութիւնը հետեւի պաշտօնական լրահոսին։

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 13, 2022

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Մարքօ Փոլօ՝ այս նշանաւոր ճամբորդը, ամբողջ քառորդ դար ապրած է մեծ արկածախնդրութիւն մը, հեռու Եւրոպայէն եւ անոր քաղաքակրթութենէն։ Այդպիսի փորձառութիւն մինչ այդ, այսինքն մինչեւ Միջնադարի 13-րդ դարը, ոչ ոք ապրած է տակաւին։

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 13, 2022

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Պրն. Զարեհ Եուսուֆեան բախտաւորութիւնը ունի անդենականին մաս դառնալու, որովհետեւ մեռնող արժէքներու կողքին իր միա՛կ կենդանի կարծած արժէքը այսօր նոյնպէս մաս կը կազմէ անդենականին:
Պոլսոյ մէջ հրատարակուած «Արեւելք» ազգային, գրական եւ քաղաքական օրաթերթի չորեքշաբթի, 14 փետրուար 1900 թուականի թիւին մէջ Ա. էջին մէջ «Փոխան ծաղկեփունջի» խորագրեալ յօդուածին մէջ յօդուածագիր Զարեհ Եուսուֆեան կը խօսի մեզմէ տակաւ առ տակաւ հրաժեշտ տուող աւանդութիւններուն եւ արժէքներուն մասին:

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 13, 2022

ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ

Բնականաբար, բոլոր ազգերն ու ժողովուրդները իրենք զիրենք կը համարեն քաղաքակրթութիւններու կերտիչ, միաժամանակ տարբեր ժողովուրդներու միջեւ եղած բնածին մրցակցութիւնները կը մղեն՝ զանոնք ըլլալու ստեղծագործ ու յառաջադէմ, թէեւ տարբեր ժամանակներու մէջ, տարբեր միջոցներով օգտագործուած է ստեղծարար ըլլալու հասկացողութիւնն ալ:

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 13, 2022

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Պատարագիչ քահանան Սուրբ Հաղորդութիւն տալէ ետք ոտքի կը կանգնի, դէմքը դէպի ժողովուրդը, սկիհը բարձրաձնելով բարձրաձայն կ՚ըսէ.
- Ո՜վ Տէր, ապրեցո՛ւր ժողովուրդ եւ օրհնէ՛ ժառանգութիւնդ. հովուէ՛ եւ բարձրացո՛ւր ասոնց մինչեւ յաւիտեան:

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 13, 2022

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Մեծն Բրիտանիոյ վարչաքաղաքական մէկ մասի՝ Սքոթլանտի իր նստավայրին՝ Պալմորալ ամրոցին մէջ, հինգշաբթի` 8 սեպտեմբերին մահացաւ աշխարհի ամենաերկար գահակալած միապետներէն մէկը՝ Անգլիոյ Էլիզապէթ Բ. թագուհին: Աշխարհի ուշադրութիւնը այս օրերուն ուղղուած է դէպի Մեծն Բրիտանիա, ուր յատուկ արարողակարգ մը տեղի պիտի ունենայ Էլիզապէթ Բ. թագուհիին մահուան առթիւ:

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 13, 2022

Տ.Տ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը այս առաւօտ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնէն արձագանգեց Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ ծագած դէպքերուն։ Նորին Սրբութեան պատգամին մէջ նշուած է հետեւեալը։

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 12, 2022

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Չեմ կարծեր որ այսօր մեր մէջ գոյութիւն ունենայ մարդ մը, որ չճանչնայ երկու հարազատ եղբայրներ, որոնք նոյն արիւնը կրելով հանդերձ թշնամի են այսօր. այնպէս ինչպէս ամբողջ աշխարհի մէջ, մեր հայկական իրականութենէն ներս եւս մտահոգեցուցիչ երեւոյթ է հարազատ եղբայր-քոյրերու թշնամութիւնը, որուն վերջին տասնամեակին աւելի շեշտուած ձեւով կը հանդիպինք մեր ընկերային կեանքէն ներս:

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 12, 2022

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Հայկական լեռնաշխարհին մէջ տարածուած երաժշտական գործիքներուն մասին համայնագիտարանային նշանակութեամբ գիրք մը պատրաստած է հայրենի ջութակահարուհի, մանկավարժ, հետազօտող Նունէ Շամախեան: Ան դուստրն է միջազգային ճանաչման արժանացած առաջին հայ ջութակահարուհիին՝ անկրկնելի արուեստագիտուհի Անահիտ Ցիցիկեանին (1926-1999):

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 12, 2022

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Մարդու «մարդ» ըլլալու պայքարէն ի վեր արտաքին աշխարհը ապահով դարձնելու համար գործադրած ջանքերը հաւասար չեն իր ներաշխարհը գեղեցկացնելու ջանքերուն։ Մինչ մտաւոր եւ հոգեւոր զարգացումը դանդաղ քայլերով կ՚ընթանայ, մարդը թէ՛ վնաս եւ թէ՛ օգուտ կը պատճառէ բնութեան, հասարակութեան, մարդոց՝ ինքն իրեն։

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 12, 2022

Խաչվերացի տաղաւարին առթիւ երէկ Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ պատարագեց Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան։ Ռեհաններով զարդարուած Կենաց Փայտի մասունքները վերաբերուեցան եւ այս տարի եւս, ըստ աւանդութեան, մասունքակիր խաչով թափօր կազմուեցաւ։

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 12, 2022

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Սկիւտարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ նախագահեց Խաչվերացի տօնի արարողութիւններուն եւ տարեկան անուան տօնախմբութեան։ Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս Սկիւտարի բարձունքին հոգեւոր հրճուանքի մթնոլորտ ստեղծուեցաւ։ Օրուան պատարագիչն էր Տ. Պետրոս Քհնյ. Պուլտուքեան։ Ներկայ էին նաեւ Տ. Յովակիմ Աբեղայ Սերովբեան եւ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Յուսիկ Քհնյ. Հերկելեան։

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 12, 2022

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան 2022-2023 կրթական շրջանի սկիզբին առթիւ հրապարակած է պատգամ մը։ Ստորեւ կը ներկայացնենք Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր վերամուտի օրհնութեան խօսքը։

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 12, 2022

Patrik Sahak II Hazretleri 10.09.2022 tarihinde Sayın İçişleri Bakanı Süleyman Soylu başkanlığında cemaat vakıfları seçim yönetmeliğine ilişkin istişarelerde bulunmak üzere bir toplantıya katılmışlardır. Azınlık cemaatleri’nin dini ve sivil temsilcilerinin hazır bulunduğu toplantıda Surp Pırgiç Ermeni Hastanesi Vakfı Başkanı Sn. Bedros Şirinoğlu ve AK Parti MKYK üyesi Sn. Dr. Sevan Sıvacıoğlu da hazır bulunmuşlardır.

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 12, 2022

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքի առկայ խնդիրները, ընդհանրապէս, ըստ էութեան, կրնան դիտարկուիլ վերջին շուրջ երկու տասնամեակներու հաւասարակշռութիւններուն մէջ։ Թէ՛ համաշխարհային մակարդակի վրայ եւ թէ Թուրքիոյ պարագային այս ժամանակահատուածը կը բնորոշէ պատմական անցումային շրջան մը։

Էջեր