Արխիւ

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 27, 2022

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Իմ երկրորդ աշակերտը՝ Էրիքը, Արցախի Մարտունիի շրջանէն է: Ան նոյնպէս շատ կը սիրէ իր հողն ու ջուրը, պատերազմի մասնակից է: Պատերազմէն վերջ որոշեց սորվիլ թրքերէն:

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 27, 2022

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

1908-ին, Օսմանեան կայսրութեան սահմանադրութեան վերընդունման տարին, մայրաքաղաք վերադարձողներուն մէջ էր նաեւ Երուխան՝ Երուանդ Սրմաքէշխանլեան, որ 1896-ին, համիտեան հալածանքներուն հետեւանքով, ստիպուած Պոլիսէն դէպի Պուլկարիա, ապա Եգիպտոս հեռացած էր:

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 27, 2022

ԲԺԻՇԿ ՎԱՀԱՆ ԱՐԾՐՈՒՆԻ (1904)
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Խոլերան միշտ բազմաթիւ զոհեր կը տանի աղքատ մարդոց շրջանակէն, որովհետեւ աղքատ մարդիկ վատ կերպով կը կերակրուին, աշխատանքէն ուժասպառ կը դառնան եւ հաւաքուած են խոնաւ եւ կեղտոտ բնակարաններու մէջ:

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 27, 2022

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Իմաստուն մարդ մը կը ճամբորդէր եւ դիտելով աշխարհի գեղեցկութիւնները կը հիանար եւ իր ապրած կեանքով գոհութիւն կը յայտնէր Աստուծոյ։ Յանկարծ, այդ գեղեցկութիւններու մէջ կը հանդիպի ծանր բեռի տակ կորացած դժբախտ մարդու մը։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 27, 2022

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Վերջին մի քանի տարիներու ընթացքին համացանցը լեցուն է «ինչպէ՞ս յաջողիլ», «ինչպէ՞ս հարստանալ», «ինչպէ՞ս բարձրանալ» ու նման հազար ու մէկ մարդոց հետաքրքրութիւնը շարժող խորագրեալ նիւթերով։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 27, 2022

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան, որ այցելեց Վատիկան, երէկ ընդունուեցաւ Հռոմէական Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Քահանայապետ Ֆրանսիսքոս Ա. Սրբազան Պապին կողմէ։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 27, 2022

Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան հաստատման նպատակով տարուած միջնորդական աշխատանքը այս շրջանին զերծ չի մնար Ռուսաստան-Արեւմուտք մրցակցութենէն։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 27, 2022

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ հոկտեմբերի 31-ին պիտի տեսակցին Սոչիի մէջ:
«Ի հեճուկս եռակողմանի աշխատանքային խումբին մէջ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններուն, Պաքուի կողմէ ինչ-որ միջանցքի մասին յայտարարութիւններ կը կատարուին, Մոսկուայի մէջ ալ կան անհասկնալի մարդիկ, որոնք կը փորձեն այդ պատումը զարգացնել, նախագահին, արտաքին գործոց նախարարին եւ փոխ-վարչապետին կողմէ կատարուած յայտարարութիւններուն, ստորագրուած փաստաթուղթերուն»:
Խորհրդարանի ամպիոնէն. «Անկեղծ պէտք է ըսեմ՝ կը փափաքիմ, որ խաղաղութեան պայմանագիրը ստորագրուի մինչեւ տարեվերջ։ Թշնամանքը եւ ընդհանրապէս իրավիճակը պէտք է կառավարուի»:

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 27, 2022

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Պաքըրգիւղի Ծն. Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ընտրութեան համար թեկնածու հանդիսացած դեղին խումբի ներկայացուցիչները։ Զրոյցի ընթացքին անոնք ներկայացան Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր եւ տեղեկութիւններ տուին իրենց ծրագիրներուն շուրջ։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 27, 2022

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ տեսակցեցաւ Ենիգաբուի Ս. Թադէոս-Ս. Բարթողիմէոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Մուրատ Քարամանի եւ գործակից ընկերներուն հետ։ Ներկայ էր նաեւ հոգեւոր հովիւ Տ. Ներսէս Քհնյ. Այվազեան։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 26, 2022

Մոնրէալի «Կէօնճեան» կեդրոնին մէջ, հոկտեմբերի 13-ին տեղի ունեցած է Կոստան Զարեանի «Կղզին եւ մի մարդ» եւ Լորընս Տարելի «Պրոսպերոյի կղզին» զոյգ գործերուն միացեալ հրատարակութեան շնորհանդէսը, որուն մասնակցած է սփիւռքահայ յայտնի մտաւորական տքթ. Վարդան Մատթէոսեան, որ հեղինակած է գիրքը։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 26, 2022

Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի յատուկ օգնական Ամանտա Սլոթի հետ, որ միեւնոյն ժամանակ Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի Եւրոպայի հարցերով աւագ տնօրէնուհին է։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 26, 2022

Յատուկ ներկայացուցիչներու համաձայնութիւններուն գործադրութեան համար աշխատանք պիտի սկսի:
Թուրքիոյ եւ Հայաստանի պետական մարմիններու պաշտօնատարներ յառաջիկային պիտի տեսակցին սահմանին վրայ:

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 26, 2022

Կը տեղեկանանք, որ «Yapı Kredi» հրատարակչութիւնը լոյս ընծայած է «Օսմանեան շրջանին գոհարեղէնն ու հայ ոսկերիչները» գիրքը, որու հեղինակն է Արսէն Եարման։ Երկու հաստափոր հատորներէ բաղկացեալ ծաւալուն ուսումնասիրութեան մը արդիւնքն է այս կոթողային գործը, որու իմաստն ու նշանակութիւնը կը բիւրեղանան ինչպէս բովանդակութեան խորութեամբ, այնպէս ալ տեսանիւթերու ճոխութեամբ ու հարստութեամբ։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 26, 2022

Կը տեղեկանանք, որ Օրթագիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ընտրութեան արդիւնքը արդէն վաւերացուած է պատկան իշխանութիւններուն կողմէ։ Ինչպէս ծանօթ է, 16 նոյեմբերին տեղի ունեցած էր քուէարկութիւն մը՝ ըստ Թուրքիոյ ոչ-իսլամ փոքրամասնութիւններու համայնքային վաքըֆներու ընտրութեան նոր կանոնադրութեան:

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 26, 2022

Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ եւ Վատիկանի Սուրբ Աթոռի մօտ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ մշտական ներկայացուցիչ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան վերջին օրերուն մասնակցեցաւ Սուրբ Էճիտիօ կաթողիկէ համաշխարհային համայնքի տարեկան հաւաքին, որ տեղի ունեցաւ Հռոմի մէջ։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 26, 2022

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Տարիներ առաջ էր ու այս օրերուն դարձեալ յիշեցի:
Այսպէս, տարեվերջի շաբթուան ամենէն խճողուած օրերէն մէկուն, մեր տան մէջ ներքին նոր հարցի մը ստեղծումէն եւ յատկապէս անիմաստ վէճէ մը խուսափելու համար, վերջապէս որոշեցի կնոջս հետ, Կլենտէյլի «կալերիա» երթալ, կիներու մասին բաւական ծուռ ու շիտակ «բաներ» մտքէս շարելէ ետք:

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 26, 2022

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

​Կը շարունակենք Առակաց 6-րդ գլուխի 16-19 համարներուն բացատրութիւնը:
• Չարութիւն ընելու համար շուտ վազող ոտքեր. մարդ երբ սատանային որոգայթներուն մէջ յայտնուի, երբ այլեւս ինքնատիրապետութենէ զրկուի եւ ինքզինք սատանային եւ անոր արբանեակներուն գործիք դարձնէ, ապա ամէն ինչ կարելի է սպասել այդպիսիէն, եւ այդպիսիին համար չարութիւն գործելը ջուրի եւ օդի նման անհրաժեշտութիւն կը դառնան:

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 26, 2022

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Ինչպէս շատերուն, դպրոցական տարիներուն զիս նոյնպէս հմայած է ուսուցիչի մասնագիտութիւնը: Տուն դառնալուն պէս ընկերուհիներուս հետ կը խաղայինք զանազան խաղեր:

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 26, 2022

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Հպարտութիւնը՝ որ երբ մարդ ինքն իրեն հանդէպ կը զգայ, մեծամտութիւն, սնափառութիւն կ՚ենթադրէ, եւ անշուշտ մարդուս վատ կողմերէն մէկն է։
Մարդ կրնայ Աստուծոյ սիրոյն դէմ զանազան կերպերով մեղանչել՝ Աստուած վշտացնել, «անտարբերութեամբ», որ կ՚անտեսէ կամ կը մերժէ նկատի առնել աստուածային սէրը։

Էջեր