Արխիւ

Շաբաթ, Ապրիլ 23, 2022

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Տարիներ առաջ եւ գրելով պաղեստինեան խնդրին մասին՝ բրիտանացի այլախոհ լրագրող Ռապըրթ Ֆիսք նկատել կու տար, որ շատ են այն պաղեստինցիները, որոնք ապրելով հանդերձ Պէյրութի ամենախուլ գաղթակայաններուն մէջ, իրենց պատերէն կախուած կը պահեն բանալիները այն բնակարաններուն, զորս ունէին հին Պաղեստինի մէջ։

Շաբաթ, Ապրիլ 23, 2022

Եւրոմիութեան խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշել, որ մօտաւոր անցեալին Պրիւքսելի մէջ մէկտեղած էր Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն ու Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը, երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։

Շաբաթ, Ապրիլ 23, 2022

Մեծն Աթաթիւրքի անգին աւանդի արժեւորման վառ փուլերէն մին, որ կը համախմբէ ամբողջ երկիրը:
Ազգային գերիշխանութեան եւ մանկանց տօնի օրը կը նշուի նաեւ խորհրդարանի հիմնադրութեան տարեդարձը:

Շաբաթ, Ապրիլ 23, 2022

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

​Տէր Յիսուս Քրիստոսի Հրաշափառ Յարութեան իրողութիւնը սոսկ պատմական իրադարձութիւն մը չէ, որ անցեալին պատահած է եւ այդքանով սահմանափակուած, այլ՝ այն իրողութիւնն է, որով մարդկային մտածողութեան անկիւնադարձը եղած է, այլ խօսքով, Տէր Յիսուսի Յարութեան փաստը եկաւ մարդուն մէջ արմատաւորելու անմահութեան գաղափարը, մեր ապրած այս կեանքէն տարբեր՝ այլ կեանքի մը գոյութեան փաստն ու գրաւականը հանդիսանալով:

Ուրբաթ, Ապրիլ 22, 2022

«70 տարեկանէդ վերջ ամէն մարդ քեզ կը սիրէ, որովհետեւ այլեւս չես կրնար մրցակից ըլլալ ոեւէ մէկուն», ըսած էր առիթով մը Չեթին Ալթան։ Լաւ բանաձեւում է, իսկապէս...

Ուրբաթ, Ապրիլ 22, 2022

Եկեղեցական հանդիսութիւններէն վերջ պահքի սիրոյ սեղան մը սարքուեցաւ «Հիլթըն» պանդոկէն ներս:
Ուղղափառ Եկեղեցին, ըստ հին տոմարի, Աւագ հինգշաբթի օրով մեծահանդէս արարողութիւն մը կատարեց՝ Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Պատրիարքի բարձր նախագահութեամբ: Նորին Սրբութիւնը եղբայրական ողջոյններ յղեց Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին:

Ուրբաթ, Ապրիլ 22, 2022

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Յորդանանի Ծերակոյտի պատուիրակութիւնը։ Յորդանան-Եւրոխորհրդարան բարեկամութեան ընկերակցութեան նախագահ Խալտուն Հինայի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութեան ուղեկցեցաւ՝ Հայաստանի Ազգային ժողովէն երեսփոխան Արթուր Դաւթեան, որ Յորդանանի հետ խորհրդարանական բարեկամութեան խումբի ղեկավարն է։

Ուրբաթ, Ապրիլ 22, 2022

ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ

Ապրիլ 13-ին, կառավարութեան կողմէ 2021 թուականի ծրագրի գործադրութեան քննարկման ժամանակ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի Ազգային ժողովին ներկայացուցած զեկոյցը անկիւնադարձային էր՝ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի հրաժարականէն ի վեր, Հայաստանի իշխանութեան բարձրագոյն անձնաւորութեան մը կողմէ արտայայտուած։

Ուրբաթ, Ապրիլ 22, 2022

ՄԱՀՄՈՒՏ ՏԷՐՈՒԻՇ
Արաբերէնէ թարգմանեց՝
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ

Թշնամին, որ մեր խրճիթին մէջ թէյ կը խմէ՝
Ձի մը ծուխին մէջ եւ աղջնակ մը, 
Որ ունի հաստ յօնքեր, սրճագոյն աչքեր 
Եւ երկար մազ՝ նման գիշերուան երգին՝ ուսերն ի վար:

Ուրբաթ, Ապրիլ 22, 2022

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Լիբանանի եւ Սուրիոյ վերջին իրադարձութիւններէն ետք, եկեղեցւոյ եւ կուսակցութիւններու կողքին բազմաթիւ անհատներ եւս լծուեցան մարդասիրական ծառայութիւններու եւ փորձեցին իրենց սահմաններուն մէջ օգտակար դառնալ մանաւանդ տարեցներուն, որոնք աղքատութեան սահմանը հասած ըլլալով զիրենք կեանքին կապող դեղօրայքը անգամ չեն կրնար ձեռք բերել:

Ուրբաթ, Ապրիլ 22, 2022

Դեռահաս տղայի եւ իր շունին մասին պատմող հայկական ժապաւէնը շուտով կը սկսի ցուցադրուիլ։
Յառաջիկայ մայիսի 5-ին Երեւանի մէջ ճերմակ պաստառ կը բարձրանայ բեմադրիչ Արտեոմ Յարութիւնեանի նոր գեղարուեստաւան շարժանկարը՝ «Պոլլի»ն, որու առաջին ծանօթացումները արդէն հասանելի է համացանցի վրայ։

Ուրբաթ, Ապրիլ 22, 2022

Ֆրանսացի յայտնի երգիչ Կարու այս օրերուն Երեւանի մէջ է, ուր ջերմօրէն կ՚ողջունուի երաժշտասէրներու կողմէ։ Ան երէկ երեկոյեան համերգով մը հանդէս եկաւ «Կարէն Տեմիրճեան» մարզահամերգային համալիրէն ներս։

Ուրբաթ, Ապրիլ 22, 2022

Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա յայտարարեց, որ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներն ու Ֆրանսան պատրաստակամութիւն չեն յայտնած՝ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահութեան աշխատանքը վերսկսելու համար։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 21, 2022

ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի ռուս համանախագահ Իկոր Խովայեւ վերջերս նշանակուած է Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարի յատուկ ներկայացուցիչ՝ Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման աջակցութեան հարցերով։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 21, 2022

Փորձառու դիւանագէտ, վաստակեալ դեսպան Էօզտեմ Սանպերկ գրի առած է հայ-թրքական յարաբերութիւններու վերաբերեալ յօդուած մը, որ արձագանգ գտած է շարք մը առցանց լրատուամիջոցներու մօտ։ 24 ապրիլի ընդառաջ, հայկական հարցի դրսեւորումներու դիտարկման լոյսին տակ, Էօզտեմ Սանպերկ խորհրդածութիւններով հանդէս եկած է Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու այժմու բնականոնացման գործընթացին շուրջ։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 21, 2022

Լեռնային Ղարաբաղի Արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Պապայեան յայտարարեց, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորումը չի կրնար տեղի ունենալ Արցախի հաշւոյն։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 21, 2022

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Չինաստանի Արտաքին գործոց նախարար Վանկ Եիի հետ։ Անոնք անդրադարձան Երեւանի եւ Փեքինի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 30-ամեայ յոբելեանին։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 21, 2022

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերես կը ծրագրէ այցելել Մոսկուա եւ Քիեւ ու այս նպատակով դիմած է Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Ուքրայնայի նախագահ Վլատիմիր Զելենսքիի։ Իր բանբերը՝ Ստեֆան Տիւժարիք տեղեկացուց, որ համապատասխան պաշտօնական նամակները արդէն ուղարկուած են։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 21, 2022

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ աւարտեց դէպի Մոսկուա իր պաշտօնական այցելութիւնը։ Ծրագրի եզրափակիչ փուլին Նիկոլ Փաշինեան ծաղկեպսակ մը զետեղեց Անծանօթ զինուորի շիրիմին, նաեւ հանդիպումներ ունեցաւ Ռուսաստանի Դաշնակցային խորհուրդի նախագահ Վալենթինա Մաթվիենքոյի, Պետական տումայի նախագահ Վիաչեսլաւ Վոլոտինի եւ վարչապետ Միխայիլ Միշուստինի հետ։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 21, 2022

«Կոմիտաս» ներկայացումը մրցանակի արժանացաւ «Տիրեքլերարասը» մրցանակաբաշխութեան ծիրէն ներս:
Դերասան Ֆեհմի Քարաասլանի առընթեր, պարգեւատրեալներու շարքին էր նաեւ Լուսաւորիչ դպրաց դաս-երգչախումբը:

Էջեր