Արխիւ

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 31, 2022

Անցեալ շաբթուան երկրորդ կէսին Իսթանպուլի մէջ գեղարուեստասէրներու ուշադրութիւնը կեդրոնացած էր «Mamut Art Project»ին վրայ, որ տեղի ունեցաւ «Yapı-Kredi Bomontiada»ի համալիրէն ներս։ Այս ծրագրի կազմակերպչական աշխատանքները ղեկավարուած են մեր համայնքէն Սէրտա Արսլանի կողմէ։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 31, 2022

Ֆրանսահայ յայտնի մտաւորականին ուսումնասիրութիւնը լոյս կը սփռէ Սուրբ Քաղաքի պատմութեան երեսակներուն վրայ:
Քլոտ Մութաֆեանի մասնակցութեամբ շնորհանդէս մը տեղի ունեցաւ Երեւանի Մատենադարանի երդիքին տակ, ուր նաեւ պարգեւատրուեցաւ գիտնականը:

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 31, 2022

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ յայտնի ոսկերիչ-ադամանդագործ Սեւան Պըչաքճը դասուած է Հանրապետութեան նախագահութեան 2022 թուականի մշակոյթի եւ գեղարուեստի մեծ պարգեւներու դափնեկիրներու շարքին։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 31, 2022

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ այսօր ժամադրուած են Սոչիի մէջ:
Երեւան եռակողմանի բանակցութիւններուն կը մասնակցի՝ առաջին հերթին Մոսկուային հասցէագրուած յստակ ակնկալութիւններով: Արցախի հայութիւնը ձայն բարձրացուց՝ Ստեփանակերտի հանրահաւաքով:

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 31, 2022

Սահակեան սանուց միութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած «Առասպելներուն յարգանք» մինի ֆութպոլի մրցաշարքը վերջին օրերուն արժանացաւ մարզասէրներու հետաքրքրութեան։ 12 խումբ մասնակցեցաւ այս մրցաշարքին, որու կարգադիր յանձնախումբին մաս կազմեցին՝ Զատիկ Սարըեան, Արամ Էվաթօղլու, Կարօ Ինկիլլի եւ Եղիա Չաւիք։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 31, 2022

Շիշլի մարզակումբի ընտանիքը շաբաթավերջին խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ նշեց Թուրքիոյ Հանրապետութեան հիմնադրութեան 99-րդ տարեդարձը։ Ակումբի դասընթացքներուն մասնակից՝ զանազան սերունդներէ մարզիկները համակուած էին տօնական ուրախութեամբ:

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 31, 2022

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, որ կը գտնուի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, շաբաթավերջին ուխտի այցելութիւն մը տուաւ Կոտայքի թեմ։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը այս առթիւ ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալուեցաւ Թեմակալ առաջնորդ Տ. Առաքել Արք. Քարամեանի կողմէ։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 31, 2022

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ վերջին օրերուն ընդունեց «Գթութեան խոհանոց»ի կառավարման կոմիտէի ղեկավար Քլաուս Փաւելի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւն մը։ Հարկ է նշել, որ «Գթութեան խոհանոց»ը կը գործէ Գերմանիոյ մէջ եւ աւելի քան քսան տարիէ ի վեր բարեգործական ծրագիրներ կ՚իրականացնէ Հայաստանի մէջ։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 31, 2022

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) երիտասարդաց մարմնի՝ ՀԵՄ-ի ատենապետ Վիգէն Չերչեանի հետ ունեցանք մտերմիկ զրոյց մը, որուն սղագրութիւնը կը ներկայացնենք ստորեւ։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 29, 2022

Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը այսօր կը դառնայ 99 տարեկան։ Այսօր ամբողջ երկիրը համակուած է տօնական բարձր տրամադրութեամբ։ Ամէն տարուան նման այս տարի եւս մեծ ոգեւորութեամբ կը նշուի Հոկտեմբերի 29-ի Հանրապետութեան տօնը։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 29, 2022

Համաճարակի հետեւանքով 2020 թուականին ընդհատուած Միջմիութենական գիտական մրցաշարքը վերջերս իր աւարտին հասաւ Սկիւտարի սանուց միութեան մէջ կազմակերպուած եզրափակիչ փուլով։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 29, 2022

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Խօսակիցս է ամերիկահայ վեթերան գործիչ տքթ. Արշակ Գազանճեան, որ պարտաճանաչ, ճիշդ ժամուն ժամադրավայր հասնող անձնաւորութիւն մըն է։ Առաջին իսկ հայեացքէն կը զգամ, որ ան տեղ հասած է ո՛չ միայն հարցազրոյց տալու, այլ բաժնելու իր մտահոգութիւնները։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 29, 2022

Պատրաստեց՝ ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Այսօր, շաբաթ, 29 հոկտեմբեր 2022-ին, Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին կը նշէ յիշտակի տօնը՝ Ընդհանրական Սուրբ Եկեղեցւոյ մեծագոյն սուրբերէն՝ Սուրբ Յովհան Ոսկեբերան Հայրապետին: Անցեալ շաբաթ օր, նոյն Հայրապետին տօնը նշուեցաւ, այս անգամ Սուրբ Եկեղեցւոյ Տասներկու Սուրբ Վարդապետներուն հետ միասին:

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 29, 2022

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Գիտակից կամ անգիտակից որեւէ դէպքի չարիքը կ՚անդրադառնայ ընկերութեան վրայ։ Արդարեւ, ընկերութեան մէջ պատահած որեւէ դէպք, որմէ վնաս կը կրէ ընկերութեան ամբողջը կամ մէկ մասը, ասկէ պատասխանատու են թէ՛ անհատները եւ թէ՛ առաջնորդի կամ վարիչի դիրքի մէջ գտնուողները՝ եթէ ո՛չ պատասխանատու հաւասարապէս եւ ուղղակի, բայց որոշ համեմատութեամբ կան անուղղակի կերպով։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 29, 2022

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Այս շաբթուան ընթացքին հետաքրքրութեամբ ու հաճոյքով ընթերցեցի քաղաքական գործիչ, գրող եւ փիլիսոփայ Շահան Նաթալիի «Մարդը» ընկերային-հասարակական թատրերգութիւնը, որ առաջին անգամ լոյս տեսած է Իզմիրի Քէշիշեան տպարանէն՝ 1912 թուականին:

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 29, 2022

Համազգայինի Երեւանի «Սօս Սարգսեան» թատերախումբի խաղացանկը նոր ներկայացմամբ համալրուած:
Դերասանները բեմին վրայ կը պատմեն՝ իրենց կեանքին մէջ պատահած զանազան դէպքեր եւ իրադարձութիւններ:

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 29, 2022

«India Narrative» կայքէջը ծաւալուն յօդուածով մը անդրադարձաւ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեանի վերջերս Հնդկաստան կատարած այցելութեան։ Այսպէս, կ՚ակնկալուի, որ պաշտպանութեան ոլորտէ ներս երկու երկիրներու համագործակցութիւնը վերելք արձանագրէ։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 29, 2022

Համաշխարհային հայկական գագաթաժողովը համախմբած է յիսուն երկրէ շուրջ վեց հարիւր մասնակից:
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան. «Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւնները խոր փոփոխութիւններու կ՚ենթարկուին»:

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 29, 2022

Ամենայն Հայոց Հայրապետը վեհարանի մէջ ջերմօրէն ողջունեց Ամենապատիւ Ս. Պատրիարք Հայրը:
Նորին Ամենապատուութեան համար Հրաշափառի արարողութիւն տեղի ունեցաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ:

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 28, 2022

Հայ մամլոյ նահապետը այսօր մրցանիշ մը եւս կը սահմանէ իր գոյութեան ոդիսականին մէջ՝ որպէս աշխարհի երիցագոյն հայերէն օրաթերթը, որ կը հրատարակուի անընդհատ:
Յարատեւ արտադրութիւն եւ յամառ դիմադրութիւն:
Գօչունեան եղբայրներուն աւանդը կը վերանորոգուի դարերու խաչմերուկին:
Յոբելեանը առիթ կը դառնայ մէկ կողմէ անդրադառնալու հայկական զանգուածային լրատուութեան միջոցներու առաքելութիւնն ու դերակատարութիւնը արդի հայեացքով ընկալելու կարեւորութեան, իսկ միւս կողմէ թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքի առկայ առաջնահերթութիւններուն շուրջ հասարակաց յայտարարներ ձեւաւորելու անհրաժեշտութեան:

Էջեր