Արխիւ
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Պօղոս Առաքեալ «մեր հասարակաց հաւատքի ճամբով իմ հարազատ որդիս» (Տիտ 1.4) Տիտոսին ուղղած նամակին մէջ, այսպէս կը գրէ. «Որովհետեւ բազմաթիւ անհնազանդներ, դատարկախօսներ եւ միտք պղտորողներ կան, մանաւանդ հրէութենէ դարձածներուն մէջ, որոնց բերանը պէտք է փակել, որովհետեւ անոնք ամբողջ տուներ կը քանդեն, շահամոլութենէ տարուած ուսուցանելով բաներ, որ պէտք չէ ուսուցանել» (Տիտ 1.10-11):
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Իշխանութեան մը յաջողութեան եւ կամ ձախողութեան ընդհանուր չափանիշը ի՞նչ է չե՛մ գիտեր... սակայն վստահ եմ, որ ինծի համար այդ չափանիշը մարդն է ու այնքան ժամանակ որ մարդիկ աղքատութեամբ ու պետութիւնը հարստութեան մէջ կ՚ապրի, այդ իշխանութիւնը ի սկզբանէ անյաջող է:
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Օրին, սփիւռքահայը միշտ իր մտքով եւ հոգիով կապուած ըլլալով իր հայրենիքին, անոր դժուարութիւններուն, հարցերուն, վերիվայրումներուն եւ յառաջդիմութեան, լեցուցած է իր օրերու մթնոլորտը: Ապրած է հայրենիքին հետ եւ հայրենիքին համար:
Արաբերէնէ թարգմանեց՝
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Մոռացկոտ իշուկ մը մայրը կը տեսնէր եւ կ՚ըսէր.
-Ո՞վ ես դուն, կարծես քեզ տեսած եմ ասկէ առաջ:
Հայրը կը տեսնէր եւ մօր կը հարցնէր.
-Ո՞վ է այս տարօրինակ ծերուկը, որ մեր ախոռը կը մտնէ առանց արտօնութեան:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Չեմ գիտեր մեղանչած կ՚ըլլամ թէ ոչ, սակայն սկսած եմ ունենալ այն համոզումը, որ Աստուած զղջացած է...: Սկսած զղջալ որ ջրհեղեղը կատարեց Նոյի ժամանակաշրջանին, իսկ աւելին ծիածանի ճամբով խաղաղութեան ուխտ կնքեց Նոյի հետ անգամ մը եւս ջրհեղեղ չկատարելու:
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Պաշտպանութեան նախարար Լոյտ Օսթին եւ Վրաստանի Պաշտպանութեան նախարար Ճուանշէր Պուրչուլածէ երէկ հանդիպում մը ունեցան Պրիւքսելի մէջ։ Թիֆլիզի աղբիւրներու հաղորդումներով, հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան համաշխարհային անվտանգութեան վերաբերեալ մարտահրաւէրները։
Հայաստանի Սահմանադրական բարեփոխումներու խորհուրդը կը ստեղծէ մասնագիտական յանձնաժողով:
Նախարար Կարէն Անդրէասեան անդրադարձաւ երկրի կառավարման համակարգի փոփոխութեան հաւանականութիւններուն:
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքըն տեղեկացուց, որ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովին առաջարկ մը ներկայացուցած է, որպէսզի յաջորդ շաբաթ հանդիպում մը ունենան Եւրոպայի մէջ։
Երկրորդ նախագահի դիտարկմամբ՝ իշխանութիւններու դէմ ծայրայեղ տրամադրուածներուն թիւը կ՚աճի:
Ըստ Քոչարեանի, ներկայացուած նախագահի թեկնածուն չի համապատասխաներ Սահմանադրութեամբ նախատեսուած որակներուն:
Կը տեղեկանանք, որ Հայաստանի Muaythai հաւաքականը այս օրերուն մրցաշարքի մը մասնակցելու նպատակով կը գտնուի Իսթանպուլի մէջ։ Ներկայ շաբթուայ սկիզբէն ի վեր մարզիկները քաղաքիս մէջ են՝ գլխաւորութեամբ մարզիչ Ալեք Աղապալեանի եւ մարզիչ Մհեր Թորոսեանի։
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան անդրադարձաւ հիւսիս-հարաւ եւ արեւելք-արեւմուտք նախագիծերուն:
Ըստ Մհեր Գրիգորեանի, տարածաշրջանէ ներս ապաշրջափակման վերաբերեալ հնարաւորութիւնները տեսանելի են:
Մեր համայնքի արժէքաւոր գիտնականներէն տքթ. Մերի Թաքսի-Տեւէճեանի կողմէ պաշտպանուած թեզը վերջերս հրատարակուած է գիրքի ձեւաչափով։ Իսթանպուլի համալսարանի Ընկերային գիտութեանց կաճառէն ներս, փրոֆ. Ֆաթմա Շեպնէմ Արըքպողայի վերահսկողութեան ներքեւ պատրաստուած գիտական հետաքրքրական աշխատութիւն մըն է այս մէկը։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ հիւրընկալեց Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան միաբաններէն Տ. Արշակ Աբեղայ Ղազարեանը եւ Տ. Արտակ Աբեղայ Տիւշէնեանը, որոնք տարեկան արձակուրդով կը գտնուին քաղաքիս մէջ։
Հայաստանի Ազգային ժողովը յառաջիկայ շաբթուան մէջ արտահերթ նիստ մը պիտի գումարէ՝ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի կողմէ Շուշիի հռչակագրի վաւերացման կապակցութեամբ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, երեսփոխաններու նախաձեռնութեամբ խորհրդարանական արտահերթ ժողովը նախատեսուած է փետրուարի 23-ին, կէսօրուան ժամերուն։
«Այժմու գործընթացը կը ղեկավարուի՝ Անգարայի մէջ նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի եւ Երեւանի մէջ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի գրասենեակներուն կողմէ»:
«Քառնեկի» հիմնարկի յայտնի վերլուծաբան Թոմաս տը Վաալ. «Այս անգամ աւելի մեծ հնարաւորութիւններ կան՝ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման համար»:
Թուրքիոյ եւ Հայաստանի յատուկ ներկայացուցիչներու երկրորդ հանդիպման սեմին:
Արարատ Միրզոյեան եւ Ռուբէն Ռուբինեան կարծիքներ փոխանակեցին խումբ մը վերլուծաբաններու հետ:
Թուրքիոյ Կաթողիկէ հայոց վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զեքիեան ներկայ շաբթուայ առաջին կէսին շարք մը շփումներ ունեցաւ մայրաքաղաք Անգարայի մէջ։ Սաքըզաղաճի Արքեպիսկոպոսարանի դիւանը երէկ այս կապակցութեամբ հրապարակեց մամլոյ հաղորդագրութիւն մը, որու մէջ նշուած է, որ Զեքիեան Գերապայծառ դէպի Անգարա ուղեւորութեան ժամանակ շօշափած է հայ կաթողիկէ հասարակութեան վերաբերեալ կարգ մը վարչական կամ մշակութային բնոյթով հարցեր։
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Դիմատետրի յիշեցումը՝ կար ժամանակ, երբ կային անհոգ օրեր, կիսամբողջ հայրենիք, անհոգ կեանք ու առօրեայ, դէպի հեռուներ սլացող երազներ, նպատակներ: Երբ իսկապէս չէինք զբաղեր քաղաքականութեամբ:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
«Իմ յիշողութիւններս» յուշագրութեան մէջ հայ բեմի մեծանուն դերասանուհի Ազնիւ Հրաչեայ կը նկարագրէ իր մուտքը թատրոն: Թատերական առաջին յաջողութիւնները մեծ ուրախութիւն պարգեւած էին դեռատի աղջնակին, մինչեւ այն օրը, երբ վրայ հասած է Բերայի մեծ հրդեհը:
ԲԺԻՇԿ ՎԱՀԱՆ ԱՐԾՐՈՒՆԻ (1902)
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Բոլորը տեսած կ՚ըլլան մեծցնող ապակիներ: Ատոնք կլոր ապակիներ են, երկու կողմերն ալ կոկացած: Եթէ ձեր աչքերուն դնէք եւ անոր միջոցով փոքրիկ բանի մը նայիք, այդ բանը 5-6 անգամ կը մեծնայ1: