Արխիւ
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Շաբաթավերջին բախտաւորութիւնը ունեցայ ներկայ գտնուելու Մաչանենց թատրոնին մէջ ներկայացուած, իտալացի թատերագիր եւ բեմադրիչ Տարիա Ֆոյի եւ իր կնոջ՝ դերասանուհի եւ Նոպէլեան մրցանակակիր Ֆրանքա Ռամէի կողմէ գրուած «Ազատ զոյգ» (The Open Couple) թատերախաղին, որ ներկայացուեցաւ այլ ամոլի՝ բեմադրիչ եւ դերասան Գրիշա Մնոյեանի եւ Լիթիթ Յարութիւնեանի կողմէ:
Համազգայինի թատերախումբը վերջին օրերուն Թեհրանի մէջ մասնակցեցաւ «Ֆաճր» միջազգային թատերական փառատօնին։ 6-11 փետրուարին տեղի ունեցան հիւրախաղերը։
Հայաստանի Տնտեսութեան նախարարութեան Զբօսաշրջութեան կոմիտէին եւ «UNESCO World Heritage Review»ի համագործակցութեամբ երկրի շարք մը տեսարժան վայրերը հասանելի դարձած են կարեւոր առցանց հարթակներու վրայ։
Հայաստանի Առողջապահութեան նախարարութեան եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու «Ֆաիզեր» դեղագործական ընկերութեան միջեւ կնքուած պայմանագրի հիման վրայ՝ «Քովիտ-19»ի դէմ mRNA հիմքով Pfizer պատուաստանիւթի 100 հազար 620 դեղաչափ խմբաքանակ ներածուեցաւ Հայաստան։
Ամերիկահայ Արիս եւ Անժելա Իսթամպոլեան բարերար ամոլը որոշած է կարեւոր նուիրատուութիւնով մը զօրակցութիւն բերել սփիւռքի հայկական կրթական շարժման։
Հայաստանի խորհրդարանը ուսումնասիրութեան կը սկսի 44-օրեայ պատերազմի հանգամանքներուն շուրջ:
Հրաւէր պիտի ուղղուի նաեւ վարչապետ Փաշինեանին, խորհրդապահական փաստաթուղթերը եւս պիտի ըլլան հասանելի:
Հարաւային Կովկասի հարցերով Եւրոմիութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաար երէկ շփումներ ունեցաւ Երեւանի մէջ, ուր օրուան տեւողութեան հիւրընկալուեցաւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, փոխ-վարչապետ Մհեր Գրիգորեանի եւ Պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեանի կողմէ։
Թուրքիոյ եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու միջեւ նոր համաձայնութիւններ ու նոր սկիզբ:
Նախագահ Էրտողան Ապու Տապիի մէջ ամենաբարձր մակարդակի վրայ հիւրընկալուեցաւ գահաժառանգ Էլ Նահիանի կողմէ:
ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԱԲՂ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ
Ս. Սարգիսի տօնին առթիւ, 13 փետրուարին, Ս. Սարգիսի մասունքակիր աջը շրջեցաւ Մասեացոտնի թեմի տարբեր եկեղեցիներուն մէջ, որոնք ընծայուած են Ս. Սարգիսին։
Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացին մէջ Հայաստանի յատուկ ներկայացուցիչը՝ Ռուբէն Ռուբինեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Անտրէյ Ռուտենքոյի հետ։ Ըստ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Վահան Յունանեանի կողմէ հրապարակուած մանրամասնութիւններուն, զրոյցի ընթացքին կարծիքներ փոխանակուեցան Անգարա-Երեւան յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին շուրջ։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ նախագահեց Տեառնընդառաջի արարողութիւններուն, որու ընթացքին տուաւ նաեւ օրուան քարոզը։ Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Ներսէս Քհնյ. Այվազեան։
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Ֆրանսայի թեմէն ներս շաբաթավերջին գումարուեցաւ Թեմական պատգամաւորական ժողով, որու ընթացքին կատարուեցաւ նաեւ նոր առաջնորդի ընտրութիւն։ Այսպէս, թեմակալ առաջնորդ ընտրուեցաւ Տ. Գրիգոր Վրդ. Խաչատուրեան, որ երկար տարիներէ ի վեր կը ծառայէ Ֆրանսայի հայոց թեմէն ներս։
Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին այսօր կը նշէ Տեառնընդառաջի տօնը, որ կը խորհրդանշէ քառասուն օրուան մանուկ Յիսուսի ընծայումը տաճար։ Բերկրառատ տօնի սկիզբը ազդարարուեցաւ երէկ երեկոյեան։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ նախատօնակը տեղի ունեցաւ աւանդական շուքով։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Աշխարհ ակնդէպ կը հետեւի Ուքրայնայի տագնապին։ Ըստ վերջին տեղեկութիւններուն, Ռուսաստանի բանակի աւելի քան 100 հազար զինուոր հասած է Ուքրայնայի սահմանը։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Վեհանոյշ Թեքեանի վերջին հատորը՝ տպարանէն նոր ելած, թարմ ու կանչող խորագրով, ձեռքիս տակ է: Երեւան լոյս տեսած է սփիւռքահայ անուանի գրողին «Կին՝ ատեան եւ մատեան» խորագրով հատորը, «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի աջակցութեամբ եւ Յարութիւն Պէրպէրեանի խմբագրութեամբ:
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
«Homo sapiens»ը կենդանիներու մէջ թէ՛ ամենադաժանն է եւ թէ ամենագթասիրտը։ Բացի դաժան, անգութ, եսասէր ու անբարոյ ըլլալէ, ան միեւնոյն ժամանակ գթասիրտ է, բարի, պարտաճանաչ եւ օգտակար․․․
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Լիբանանահայ բանաստեղծ, արձակագիր, թատերագիր, հրապարակախօս ու մանկավարժ Մուշեղ Իշխան 1968 թուականին Լիբանանի մէջ հրատարակած «Տառապանք» աշխատութեան «Հինգ դար առաջ» բանաստեղծութեան մէջ հետեւեալ տողերը կը գրէ. «նոյնն էր երէկ, նոյնը այսօր...»:
Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» դպրոցի աղբիւրները ուրախութեամբ տեղեկացուցին այս կրթօճախի շրջանաւարտներէն Աննա եւ Լինա Մովսիսեան քոյրերու կողմէ արձանագրուած յաջողութիւնները Հայաստանի մէջ։ Վարժարանը աւարտելէ վերջ անոնք մեկնած են Հայաստան, ուր նոյնպէս յաջողութեամբ կը շարունակեն իրենց ուսումնառութիւնը։
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան այսօր կ՚այցելէ Ապու Տապի։ Այս այցելութիւնը առիթ պիտի հանդիսանայ, որպէսզի Թուրքիոյ եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու (ԱՄԷ) միջեւ ստորագրուի 12 նոր համաձայնագիր, ինչ որ նոր թափ մը պիտի ապահովէ երկու երկիրներու համագործակցութեան։
Ուքրայնայի տագնապը կը զուգորդուի Արեւմուտքի յառաջատար դերակատարներու եւ Ռուսաստանի միջեւ խտացեալ շփումներով։ Այս ամբողջին մէջ շաբաթավերջին միջազգային օրակարգի վրայ անմիջական ուշադրութեան արժանացաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի եւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հեռախօսազրոյցը։