Արխիւ

Հինգշաբթի, Փետրուար 17, 2022

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

«Իմ յիշողութիւններս» յուշագրութեան մէջ հայ բեմի մեծանուն դերասանուհի Ազնիւ Հրաչեայ կը նկարագրէ իր մուտքը թատրոն: Թատերական առաջին յաջողութիւնները մեծ ուրախութիւն պարգեւած էին դեռատի աղջնակին, մինչեւ այն օրը, երբ վրայ հասած է Բերայի մեծ հրդեհը:

Հինգշաբթի, Փետրուար 17, 2022

ԲԺԻՇԿ ՎԱՀԱՆ ԱՐԾՐՈՒՆԻ (1902)
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Բոլորը տեսած կ՚ըլլան մեծցնող ապակիներ: Ատոնք կլոր ապակիներ են, երկու կողմերն ալ կոկացած: Եթէ ձեր աչքերուն դնէք եւ անոր միջոցով փոքրիկ բանի մը նայիք, այդ բանը 5-6 անգամ կը մեծնայ1:

Հինգշաբթի, Փետրուար 17, 2022

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Վերջին տասնամեակին գրեթէ ամէ՛ն տեղ, թէ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ, թէ՛ Եւրոպայի մէջ, մինչեւ իսկ Թուրքիոյ մէջ մարդիկ սկսան «գիտափորձ» անուան տակ փողոց դուրս գալ եւ ցուցանակ մը ձեռքին օտարներուն փաթթուելու առաջարկ ընել. ձեզմէ քանինե՞ր յանձն կ՚առնէին ճամբու կէսին, անծանօթի մը հետ փաթթուիլ, չեմ գիտեր, սակայն վստահ եղէք որ շա՜տ շատեր կ՚ընեն այդ մէկը, հիմնուելով հիմնական երկու պատճառներու.-

Չորեքշաբթի, Փետրուար 16, 2022

Փաքիստանի ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ զօրավար Քամար Ճաւիտ Պաժվա Թեհրանի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Իրանի Ներքին գործոց նախարար Ահմատ Վահիտի հետ։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 16, 2022

Արցախի Արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Պապայեան ներկայացուց, որ ներկայիս Ստեփանակերտի մէջ օրէնքի նախագիծ մը կը մշակուի։ Այսպէս, Արցախի Ազգային ժողովէն ներս շրջանառութեան մէջ դրուած է այս փաստաթուղթը։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 16, 2022

Հայաստան-Ատրպէյճան երկաթուղիի վերականգնման հետամուտ աշխատանքային խումբի գործունէութիւնը:
Մասնագէտներ հետազօտութիւններ պիտի կատարեն՝ մանաւանդ Մեղրիի հատուածին համար, որ ամենախնդրայարոյցն է:

Չորեքշաբթի, Փետրուար 16, 2022

Թուրքիա-Իսրայէլ յարաբերութիւններուն մէջ վերջին շրջանին նկատելի է մթնոլորտի փոփոխութիւն։ Վերջին տարիներու իրերայաջորդ վերիվայրումներէն վերջ, այժմ կողմերու միջեւ սկսած է ձիւնահալ մը, ինչ որ այս շրջանին կը զուգորդուի երկու երկիրներու նախագահներու իրերայաջորդ հեռախօսազրոյցներով։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 16, 2022

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, երկու նախարարներու խօսակցութեան ընթացքին քննարկման առարկայ դարձած է նաեւ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացը։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 16, 2022

Ուքրայնայի տագնապը կը շարունակէ առաջնահերթ տեղ զբաղեցնել համաշխարհային օրակարգի վրայ։ Մտահոգիչ իրադարձութիւնները զգալիօրէն տագնապեցուցած են նաեւ միջազգային հանրութիւնը։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 16, 2022

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, որ «Արաս» հրատարակչատունը ներկայիս ընթերցասէրներու տրամադրութեան տակ դրած է նոր եւ իսկապէս յատկանշական գիրք մը, որ կը կոչուի «Կապոյտ երազ»։ Պատմուածքներու ժողովածոյ մըն է այս մէկը, որ կողքի մը տակ կը համախմբէ իսթանպուլահայ գրողներու ծովու, կղզիի, նաւու եւ նաւամատոյցի վերաբերեալ պատմուածքները, գրականութեան բաւիղներուն մէջ կը հետապնդէ Պոլսոյ ու պոլսեցիներու այս մեծ սիրոյն հետքերը։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 16, 2022

Նոյան Սոյաք յայտարարութիւններ ըրաւ Թուրքիա-Հայաստան բնականոնացման գործընթացին շուրջ:
«Մոսկուա պիտի չփափաքէր եւս մէկ հակամարտութիւն, որ կրնար ա՛լ աւելի թուլացնել տարածաշրջանի իր ազդեցութիւնը»:

Չորեքշաբթի, Փետրուար 16, 2022

Կը տեղեկանանք, որ Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեան այս օրերուն այցելութիւն մը կու տայ Երեւան։ Անձնական բնոյթով ուղեւորութիւն մըն է այս մէկը։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 16, 2022

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան նախընթաց օր ընդունեց Ասորի կաթոլիկ պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Մոնս. Օրհան Չանլը Քորեպիսկոպոսի շնորհաւորական այցելութիւնը։ Ինչպէս ծանօթ է, քորոնաժահրի համավարակի, ապա Ամեն. Սրբազան Պատրիարք Հօր անհանգստութեան պատճառաւ, Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան տօնական շնորհաւորութեան փոխադարձ այցելութիւնները յետաձգուած էին։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 16, 2022

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Մենք՝ երեք գումարած եօթ միլիոննոց ազգը պարտուեցանք այն ժամանակ, երբ մեր ուղեղի մէջ դրոշմեցին հՊԱՐՏՈՒԹԵԱՆ զգացումը: Երբեւէ բացա՞ծ էք բառարան եւ կարդացած, թէ այդ սոսկալի բառի դիմաց ինչպիսի հոմանիշներ շարուած են՝ ամբարտաւան, գոռոզ, պարծենկոտ, սնապարծ, խրոխտ, մեծամիտ, ինքնակարծ, ինքնահաւան, բարձրամիտ, վեհ, սէգ, հպարտամիտ, գոռոզամիտ, անձնապաստան, անձնագով, անձնագոհ, ինքնագով, ինքնապաստան, անձնահաւան, անձնահաճ, բարձրավիզ, բարձրասէգ, բարձրահոն, կոկոզամիտ, կոկոզավիզ, հպարտախոհ, հպարտասիրտ, խրոխտ, յոխորտ:

Չորեքշաբթի, Փետրուար 16, 2022

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Սուրիա ծնած եւ մեծցած, Հայաստանի մէջ ուսում ստացած եւ ներկայիս Քուէյթի մէջ ապրող եւ հայ համայնքին իր օժանդակութիւնը մատուցող երիտասարդ բանասէր, ուսուցիչ պրն. Ճորճ Արապաթլեանին հետ ունեցանք շահեկան եւ անկեղծ հարցազրոյց մը, յատուկ Պոլսոյ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին համար:

Չորեքշաբթի, Փետրուար 16, 2022

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Վերջերս ծանօթներէս մէկու մը զաւակը իր սովորական-մանկական չարութիւններու կողքին իրմէ մեծերէն մէկուն հանդէպ անյարգալից վերաբերմունք մը ունեցաւ. պահը վիրաւորական էր. անվայել այդ արտայայտութեան դիմաց մանուկին ըսելով որ պէտք է ներողութիւն խնդրէ իր ա՛յդ սխալին համար: Մանուկը վարանեցաւ. մայրը զինք փրկեց այդ անել կացութենէն, պարզելով անյարգալից վերաբերմունքի պատճառը. «Իմ զաւակս մէկու մըն ալ ներողութիւն չէ ըսած, ու չ՚ըսեր...»:

Երեքշաբթի, Փետրուար 15, 2022

ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ

Աշխարհի մէջ կան անթիւ քաղաքներ, որոնք շատ մը մարդոց կողմէ յայտնաբերուած չեն։ Թէեւ մեր ժամանակներուն աճեցաւ զբօսաշրջութիւնը եւ աշխարհը դարձաւ շատ աւելի բացայայտուող ու հասանելի, սակայն (ու կարծեմ միշտ ու տեւաբար) անկարելի է բոլոր տեղերը, երկիրներն ու քաղաքները այցելուած, դեռ չըսելու համար ճանչցուած ու բացայայտուած ըլլան՝ իւրաքանչիւր ապրողի համար մեր աշխարհին մէջ:

Երեքշաբթի, Փետրուար 15, 2022

Գրաբարէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

«Երկրի վրայ Ես Քեզ փառաւորեցի» (Յհ 17.4):
Մարդոց մասին, կ՚ըսէ, Քու հնազանդութեանդ բերի, սակայն ոմանք կ՚ըսեն, թէ այն կ՚ըսէ, որ Որդիին միջոցով հայրութեան անունը սորվեցանք, թէեւ գիտէին զԻնք Աստուած, բայց հայրութիւնը չէին ճաչնար, եւ թէեւ Գիրքին մէջ կ՚ըսէ, թէ ասիկա չէ՞ Հայրդ, որ քեզ ստացաւ, սակայն ատիկա ստեծման մասին կ՚ըսէ, իսկ Որդիին Հայրը չէին գիտեր, հիմա ասիկա կ՚ըսէ. «Հայրութեան անունդ յայտնեցի երկրի վրայ»:

Երեքշաբթի, Փետրուար 15, 2022

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Շաբաթավերջին բախտաւորութիւնը ունեցայ ներկայ գտնուելու Մաչանենց թատրոնին մէջ ներկայացուած, իտալացի թատերագիր եւ բեմադրիչ Տարիա Ֆոյի եւ իր կնոջ՝ դերասանուհի եւ Նոպէլեան մրցանակակիր Ֆրանքա Ռամէի կողմէ գրուած «Ազատ զոյգ» (The Open Couple) թատերախաղին, որ ներկայացուեցաւ այլ ամոլի՝ բեմադրիչ եւ դերասան Գրիշա Մնոյեանի եւ Լիթիթ Յարութիւնեանի կողմէ:

Երեքշաբթի, Փետրուար 15, 2022

Համազգայինի թատերախումբը վերջին օրերուն Թեհրանի մէջ մասնակցեցաւ «Ֆաճր» միջազգային թատերական փառատօնին։ 6-11 փետրուարին տեղի ունեցան հիւրախաղերը։

Էջեր