Արխիւ
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Մեր երազները՝ իղձերն ու փափաքները գունեղ են ու փոփոխական:
Կեանքի մը հոլովոյթին, դէպի կշիռքի ծանր նժարը կը թեքուին մարդու երազները:
ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԱԲԵՂԱՅ ՏԱՄԱՏԵԱՆ
Աստուծոյ նախախնամութիւնն ու գործերը միշտ կը դառնայ խորախորհուրդ եւ մարդ արարածը միշտ անկարող կը մնայ հասկնալու, թէ ինչ է իր Արարչին նպատակը իր առօրեայէն ներս։ Անժամանակ Աստուծոյ շփումը ժամանակաւոր մարդուն հետ միշտ անըմբռնելի կը մնայ, երբ խնդրոյ առարկան է անսահմանի եւ սահմանաւորի, անգոյի եւ գոյացութեան, անծինի եւ ծնունդ առածի յարաբերութիւնը։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Հարցում. Աւետարաններուն մէջ երդումի մասին որեւէ բան գրուա՞ծ է:
Պատասխան. Մատթէոսի աւետարանին 5-րդ գլուխին 33-37 համարներուն մէջ կը կարդանք Տէր Յիսուսի հետեւեալ խօսքերը. «Լսեր էք նաեւ որ անցեալին ըսուած է. «Երդմնազանց մի՛ ըլլար, այլ կատարէ ինչ որ երդուած էիր Տիրոջ»։
Երէկ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը ընդունեց «Սինոփսիս» ընկերութեան նախագահ Չի-Ֆուն Չանը, որուն ընկերացաւ «Սինոփսիս Արմենիա» ընկերութեան գործադիր տնօրէն Յովիկ Մուսայէլեան։
Ս. Էջմիածնի Մայր Տաճարի հիմնանորոգման աշխատանքները յաջորդ տարի պիտի հասնին իրենց աւարտին:
ԳՀԽ անդրադարձաւ յետպատերազմեան եւ համաճարակային իրավիճակի մէջ յառաջացած ծանր մարտահրաւէրներուն:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
15 նոյեմբեր 1955 թուականին կը մահանայ հայագէտ, խմբագիր, գրող եւ հասարակական գործիչ Թորոս Ազատեան: Պոլսոյ եւ արտասահմանի պարբերականներուն աշխատակցած մտաւորականը իր անխախտ հետքը ձգած է հայ մշակոյթի պատմութեան մէջ, գործելով ոչ միայն Պոլիս, այլ նաեւ՝ Լիբանան:
ՏՔԹ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ
Մատլէն Գարայակոբեանը ծնած է Թուրքիա: 1980 թուականին եկած է Ժընեւ, Զուիցերիա: Երբ հարցուցի իրեն, թէ ինչո՞ւ ձգեց Թուրքիան, ան պատասխանեց. «Աւելի լաւ կեանք մը ունենալու համար»:
Գրաբարէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Այստեղ հարցում մը կ՚ըլլայ, թէ ասոնք մահու չափ կը մեղանչէի՞ն զՔրիստոս չխոստովանելով:
Պատասխան. նախ կ՚երեւի, թէ՝ ոչ, կրկնակի պատճառով. նախ՝ որովհետեւ ձգել այն, որ ուրիշներուն համար խռովութեան եւ գայթակղութեան պատճառ է, մեղք չէ, այլ՝ բարի գործ, իսկ ասոնց խոստովանութիւնը պատճառ կ՚ըլլար ուրիշներու խռովութեան եւ գայթակղութեան, հետեւաբար մեղաւոր չէին չխոստովանելով:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Մարդու կեանքը նման է այն հին կշիռքին, որ անհաւասարութեան պարագային սխալ արդիւնք կու տայ. ինչքա՜ն դիւրին՝ նոյնքան դժուար է պահել այդ հաւասարութիւնը:
Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու երէկ այցելեց Թեհրան, ուր հիւրընկալուեցաւ Իրանի Արտաքին գործոց նախարար Ամիր Ապտուլլահիանի կողմէ։ Նախարար Չավուշօղլու օրուան տեւողութեան ընդունուեցաւ նաեւ Իպրահիմ Ռաիսիի կողմէ։
ՏՔԹ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ
Պատրիարք Հայր,
Ցաւով իմացանք անժամանակ մահը մեր բոլորին կողմէ սիրելի Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանի։ Անժամանակ՝որովհետեւ հայր սուրբը տակաւին շատ գործ ունէր կատարելիք Քրիստոսի եւ Հայ եկեղեցիին առաքելութեանը մէջ։
Ատրպէյճանի բանակը կը շարունակէ խորանալ Հայաստանի տարածքէն ներս:
Երեւանի ղեկավարութիւնը միշտ լուռ: Նիկոլ Փաշինեան երէկ փոխեց պաշտպանութեան նախարարը:
Փութին-Մաքրոն հեռախօսազրոյց: Անգարա եւ Մոսկուա շարունակ կապի մէջ: Մինսքեան խմբակի համանախագահներուն կողմէ կոչ:
Էրտողան եւ Սոյլու Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր ցաւակցեցան՝ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանի վախճանման առթիւ:
Կրօնական ժողովի ատենապետին անժամանակ կորուստը յառաջացուցած է զգացական ցնցում եւ լայն արձագանգ:
Տասնեւութնամեայ ժամանակաւ սպասաւորեալ Առաքելական Սրբոյ Եկեղեցւոյս Հայաստանեայց, երբեմնի հոգեւոր հովուին Գնալը կղզիի եւ Ղալաթիոյ սուրբ եկեղեցեաց, այժմու քարոզչին Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ, ատենապետին՝ Պատկ. Կրօնական ժողովոյ, դիւանապետին եւ լուսարարապետին Պատրիարքական Աթոռոյ փոխեցաւ առ Աստուած ի յոյս կենացն յաւիտենից ընդ հովանեաւ Ս. Փրկիչ հիւանդանոցի ազգիս հայոց յամին 2021, ի 14ն նոյեմբերի յաւուրն Միաշաբաթի, ի ժամու երեկոյեան, յետ երկարատեւ հիւանդութեան։ Կամք Տեառն օրհնեալ եղիցի։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէ ներս գործող Հայագիտական ուսմանց ընկերակցութիւնը պարգեւատրած է փրոֆ. Սեդա Տատոյեանը։ Այս ընկերակցութիւնը, որու նախագահն է փրոֆ. Պետրոս Տէր-Մաթոսեան, հայկական սփիւռքի առաջնային ու համատարած գիտական ցանցերէն մին է։
Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու այսօր կ՚այցելէ Թեհրան, ուր կը հիւրընկալուի Իրանի Արտաքին գործոց նախարար Ամիր Ապտուլլահիանի կողմէ։ Իրանի նոր ղեկավարութեան ձեւաւորումէն վերջ սա Թուրքիայէն կատարուած բարձր մակարդակի վրայ առաջին այցելութիւնն է։
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան այսօր երկօրեայ աշխատանքային այցելութիւն մը կու տայ Պրիւքսել։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, ան կը մասնակցի Եւրոմիութեան Արեւելեան գործընկերութեան անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպման։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ նախագահեց Պաքըրգիւղի Ծն. Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ կիրակնօրեայ արարողութիւններուն, որոնց զուգահեռ նախատեսուած էր թաղի Տատեան վարժարանի տարեկան նուիրահաւաքը։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան շաբաթավերջին շատ յատկանշական այցելութիւն մը կատարեց՝ արժեւորելով ոչ-իսլամ փոքրամասնութիւններու Հանրապետական շրջանի ամենակարեւոր ձեռքբերումներէն մին։ Այսպէս, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը այցելեց Ասորւոց նորակառոյց եկեղեցւոյ շինարարութիւնը, որ բաւական յառաջացած է։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան շաբաթավերջին հերթական անգամ մէկտեղուեցաւ մեր նոր սերունդի ներկայացուցիչներուն հետ։ Այսպէս, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը մասնակցեցաւ Շիշլի մարզակումբի վարչութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած պասքեթպոլի ձմրան դասընթացին։