Արխիւ
Մէկ կողմէ դիւանագիտական սերտ շփումներ, իսկ միւս կողմէ հրադադարի մտահոգիչ խախտումներ:
Արտաքին գործոց նախարարներ Արարատ Միրզոյեան, Սերկէյ Լաւրով եւ Ճէյհուն Պայրամով երէկ տեսակցեցան Մինսքի մէջ: Ատրպէյճանի բանակի յարձակումներուն հետեւանքով Արցախի դիրքերուն 6 հայ զինուոր վիրաւորուեցաւ:
Թուրք ճարտարագէտներու եւ ճարտարապետներու պալատներու միութեան հովանաւորութեան ներքեւ գործող Ճարտարապետներու պալատի Իսթանպուլի մասնաճիւղը երէկ գիրքի շնորհանդէս մը կազմակերպեց՝ մասնակցութեամբ Զաքարիա Միլտանօղլուի եւ Նիլկիւն Եըլմազթիւրքի։ Կառոյցի Գարագիւղի կեդրոնատեղիին մէջ կազմակերպուած էր այս ձեռնարկը, որ մաս կազմեց «Ճարտարապետներու պալատի պատմութենէն դէմքեր» շարքին։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Շիշլի մարզակումբի վարչութեան ատենապետ Ալէն Թեքպըչաքն ու գործակից ընկերները։ Ինչպէս ծանօթ է, մօտաւոր անցեալին տեղի ունեցած էր ակումբի ընդհանուր ժողովը, որու ընթացքին պաշտօնի կոչուած էր նոր վարչութիւն մը։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ հիւրընկալեց յայտնի իրաւաբան Ալի Էլպէյօղլուն, որ համայնքապատկան կալուածներուն վերաբերեալ խնդիրներուն քաջատեղեակ է ու կը պաշտպանէ մեր զանազան կառոյցներու դատերը։ Հեղինակաւոր փաստաբանը Գումգաբու փութացած էր մեր համայնքէն իր երկու երիտասարդ գործակիցներուն՝ Տալիտա Եոնթանի եւ Առէն Տատըրօղլուի հետ։
Հայոց, ռուսաց եւ ատրպէյճանցիներու հոգեւոր առաջնորդներու Մոսկուայի հանդիպման արձագանգները:
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. «Կայունութեան եւ խաղաղութեան հաստատման առումով կարգաւորումը այլընտրանք չունի»:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Աշխարհի երեսին իր գոյութիւնը քաշքշող ամէ՛ն պետութիւն, ուղղակի թէ ոչ, իր երիտասարդութիւնը դէպի ապագայ առաջնորդող ցուցանակները ուղղելու, անոր կնճռոտ ճամբաները հարթել փորձելու եւ անոր չարաբաստիկ վախճանը կանխելու գործունէութեան լծուած են, որովհետեւ բոլորը քաջ կը գիտակցին, որ յամրօրէն, բոլոր ճամբաները դէպի Հռոմ տանելու տրամաբանութեամբ բոլոր ճամբաները սկսած են դէպի ձուլում եւ կործանում տանիլ:
ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
Գեղեցիկ հեքիաթի մը մթնոլորտը ստեղծող այս վերնագիրը իրական կեանքի մէջ պատահած դրական մեծ երեւոյթ մըն է, որ անպայման կրնայ վարակիչ ըլլալ: Անշուշտ բառերը չեն կրնար ըստ արժանւոյն դրուատել հերոսը, որ ոչ միայն հասաւ իր նպատակին, այլեւ այդ նպատակը ծառայեց շատերու կեանքի բարելաւումին:
Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմէն ներս:
Հոգեւորականաց համագումարի ժամանակ ծաւալուն արժեւրում՝ ընդհանուր ընթացքի շուրջ:
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետն ու Ատրպէյճանի շէյխիւլիսլամ Ալլահշիւքիւր Փաշազատէ՝ Ռուս Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Տ.Տ. Քիրիլ Ա. Պատրիարքի միջնորդութեամբ երէկ եռակողմանի հանդիպում մը ունեցան Մոսկուայի մէջ, Սուրբ Դանիէլ մայրավանիք համալիրէն ներս:
1988 թուականէն ի վեր, տարածքաշրջանի հոգեւոր առաջնորդներուն միջեւ այս ձեւաչափով իրականացաւ արդէն 17-րդ տեսակցութիւնը. «Աստուծմէ կոչուած ենք սէր եւ ողորմութիւն քարոզելու, նոյնիսկ երբ սա կը թուի դժուար իրականանալի։ Մենք կոչուած ենք համատեղ միանշական պատասխան մը տալ կրօնը եւ պատերազմը իրարու կապելու փորձերուն»:
Երեւանի պաշտօնական աղբիւրները երէկ տեղեկացուցին, որ Թեհրանի մօտ Հայաստանի դեսպան նշանակուած է Արսէն Աւագեան։ Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան արդէն ստորագրած է համապատասխան հրամանագիրը։
Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան վերահաստատեց, որ Երեւան երբեք չէ քննարկած ու պիտի չքննարկէ միջանցքային տրամաբանութիւնով որեւէ հարց։
Արցախի երկրորդ պատերազմին յաջորդած մթնոլորտին մէջ Պաքու կը յամառի «Զանգեզուրի միջանցք» մը բանալու ուղղութեամբ։
Հայաստան եւ Հնդկաստան կը ձգտին զարգացնել կապերը՝ համագործակցութեան ներուժը օգտագործելով:
Իրանի Չապահար նաւահանգիստի ընդգրկումով պիտի ստեղծուի միջազգային փոխադրութեան միջանցքի հանգոյց մը:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Բաւական «լարուած» օրեր են Լիբանանի համար։
Խօսքը ներքաղաքական-ապահովական իրադրութեան մասին է, մանաւանդ, որ այսօր (ինչպէս նախատեսուած էր) կայանալիք կառավարութեան նիստն ալ յետաձգուեցաւ։
Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան ընդունեց եշիլգիւղցի խումբ մը գործատէրեր։ Կարապետ Հեմենկիւլ, Յակոբ Սվաճըօղլու, Յովսէփ Արզուման, Մայք Զընկըք, Սիւլէյման Պարլըք եւ Մուրատ Եըլմազ Պատրիարքարան փութացած էին մեր Հոգեւոր Պետին «անցեալ ըլլայ» ըսելու։
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Մարդ մշտապէս կը գտնուի փնտռտուքի մէջ: Մենք մշտապէս կը փնտռենք այն, ինչ որ մեր մէջ է, մեր կողքին: Սակայն մեզ շրջապատող աշխարհի աղմուկը, ձայներն ու գոյները, զբաղուածութիւնը կը խանգարէ մեզ զայն տեսնելու:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Իտալիոյ մէջ վերջերս հայութեան ու Հայաստանի նիւթը առանձնակի գուրգուրանքով արծարծուեցաւ եւ հայկականութեան շունչը կրկին տարածուեցաւ Իտալիոյ հողին վրայ:
ՇՆՈՒՏԱ Գ. ՀԱՅՐԱՊԵՏ
Արաբերէնէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Հարցում. Որո՞նք են Եկեղեցւոյ որդեգրած Աւանդութեան ակունքները:
Պատասխան. 1. Առաջին ակունքը Եկեղեցւոյ կանոններն են, որոնք իրենց մէջ կ՚ընդգրկեն Հայր Առաքեալներուն օրէնքներն ու ուսուցումները, ինչպէս նաեւ Տիեզերական եւ Եկեղեցւոյ ընդունած տեղական ժողովներու կանոնները:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Աշխարհի երեսին տեսա՞ծ էք հայ մը, որ օժտուած չըլլայ քննադատելու Աստուածային շնորհքով: Եթէ առիթը տաք հայուն իր հարազատ մօր կա՛թն անգամ կը քննադատէ՝ անոր մէջ քիմքի անախորժութիւն մը զգալով:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Կ՚ապրինք տիտղոսներով «հարուստ» ժամանակաշրջանի մը մէջ: Գոյնզգոյն եւ բազմազան տիտղոսներ, ճոռոմ եւ պսպղուն տիտղոսներ:
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Սօսէն կը ճանչնամ վաղուց. մանկութեան ընկերուհիներ էինք: Նոյն բակի մէջ մեծցած, միասին խաղացած ու ծաղիկ հաւաքած: Սօսէն տարբեր է: