Արխիւ
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Արցախի Արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Պապայեանը։ Զրոյցի ընթացքին արժեւորուեցան Արցախէ ներս ստեղծուած յետպատերազմեան իրավիճակին, եկեղեցի-հասարակութիւն կապին վերաբերեալ հարցեր։
Վեհափառ Հայրապետը Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի մէջ պարգեւատրեց Քերոլայն Քոքսը:
«Միջազգային կրօնական ազատութիւն եւ խաղաղութիւն» համաժողովը եզրափակուեցաւ:
ԳՐԻԳՈՐ Ա. ՔՀՆՅ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ
Տարւոյն վերջին տաղաւարն է այսօր. Խաչվերաց։ Խաչը, մեզի կը յիշեցնէ մահուան դէմ տարուած յաղթանակը։ Պատմութիւնը այնպէս կը զարգանայ, որ այս յիշատակութեան անբաժանելիօրէն կը միանայ նաեւ, Խաչը գերութենէն ազատագրելու համար նախանձախնդիր Քրիստոնեայ հասարակութեան մղած պայքարի մը յաղթանակը։
Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդը երէկ Երեւանի մէջ ժողով մը գումարեց՝ գլխաւորութեամբ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի։
Տիարպաքըրի երեսփոխան Կարօ Փայլան Ազգային մեծ ժողովէ ներս օրակարգի վրայ բերաւ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման վերաբերեալ խնդիրները։ Սահմանադրութեան 98-րդ եւ խորհրդարանի ներքին կանոնակարգի 96-րդ եւ 99-րդ յօդուածներու տրամադրութիւններուն հիման վրայ Կարօ Փայլան Ազգային մեծ ժողովի դիւանին յղեց հարցադրում մը՝ պահանջելով, որ գրաւոր պատասխան տրուի Հանրապետութեան փոխ-նախագահ Ֆուաթ Օքթայի կողմէ։
Մեծն քսանեակի («G20») շրջանակներէն ներս այսօր միջազգային շատ կարեւոր ֆորում մը տեղի կ՚ունենայ Իտալիոյ Պոլոնիա քաղաքին մէջ։ «G20»ի իտալական նախագահութեան շրջանակներուն մէջ կազմակերպուած այս ֆորումին կը մասնակցի նաեւ Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական պատուիրակ եւ Վատիկանի Սուրբ Աթոռի մօտ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ մշտական ներկայացուցիչ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ այցելեց Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցին, որ հիմնական վերանորոգութենէ կ՚անցնի այս շրջանին։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր ընկերացաւ Կրօնական ժողովի ատենապետ, Պատրիարքական Աթոռի լուսարարապետ ու դիւանապետ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան։
Համակրելի մեներգչուհի Սիպիլ, որու արուեստը միշտ լայն տարածում կը գտնէ եւ համատարած ուշադրութեան առարկայ կը դառնայ, ներկայիս հանդէս կու գայ համայն աշխարհին ուղղեալ խաղաղութեան ու արդարութեան կոչով։ Աշխարհի վրայ մոլեգնող պատերազմներու եւ ցեղասպանութիւններու համայնապատկերին վրայ ան խիստ անհրաժեշտ համարած է խաղաղութեան եւ մարդասիրական գաղափարներու դրսեւորումները գեղարուեստի մէջ։
Երեւանի մէջ «Անտարես» հրատարակչութիւնը լոյս ընծայած է պատմաբան ու նախկին դիւանագէտ Ժիրայր Լիպարիտեանի՝ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններուն վերաբերեալ գիրքը։ «Հայաստան-Թուրքիա. Պետականութիւն, պատմութիւն, քաղաքականութիւն» աշխատութեան առաջին հատորն է այս մէկը, որ կը ներառէ հեղինակի՝ զանազան տարիներուն հրապարակուած յօդուածներն ու հարցազրոյցները, առաջին անգամ հայերէնով ներկայացուած վերլուծութիւններ, մեծ թիւով անտիպ նիւթեր։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Ճիշդ չեմ յիշեր թուականը, բայց լաւ կը յիշեմ այն պահը, երբ առաջին անգամ լսեցի սուրիահայ բժիշկ Ճորճ Բարսեղեանին մասին։
Ա. Թ.-ն էր պատմողը. «գիտես, Նորարարական բժշկութեան կեդրոնին մէջ կարող բժիշկ մը կայ, հոն գնայ մէյ մը թող նայի»։
Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան կալուածոց տեսուչ Տ. Պարէտ Ծ. Վրդ. Երէցեանի յայտարարութիւնները:
«Կովերու պարտէզ» կոչուած տարածքի գործարքի պարագային Պատրիարքարանի սեփականութեան իրաւունքը չէ վտանգուած:
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ համաժողով. «Միջազգային կրօնական ազատութիւն եւ խաղաղութիւն»: Կոչ համայն աշխարհին:
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի պատգամը. «Պարտադրուած խաղաղութիւնը, առանց արդարութեան, բարիքի փոխարէն ցաւ ու տառապանք կը ծնի, ատելութիւն ու թշնամանք կը բերէ մարդկային կեանքին»:
«Արաս» հրատարակչութիւնը ընթերցողներու տրամադրութեան տակ դրած է դարձեալ շահեկան ու հետաքրքրական գործ մը, որու հեղինակն է գրող ու ազատ լրագրող Մելինէ Թումանի։ «Թուրքերն ու հայերը. ճանապարհորդութիւն մը հաւանականութիւններու եւ ատելութեան միջեւ» խորագրեալ Մելինէ Թումանիի անգլերէն գիրքի թրքերէն թարգմանութիւնն է այս մէկը։
Արաբերէնէ թարգմանեց՝
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Մանուկը չկրցաւ յաջողիլ արեւի լոյսին, բաց աչքերով, նայիլ, ծռեց գլուխը յոռետեսօրէն եւ մօրը ըսաւ.
-Արեւը կ՚ատէ զիս:
Մայրը ըսաւ.
-Արեւը բոլոր մարդիկը կը սիրէ:
Մանուկը շեշտելով ըսաւ.
-Արեւը զիս չի՛ սիրեր:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Քաղաքականութենէ հեռու մարդ եմ, սակայն վերջերս կը նայէի մեր հայ մեծաւորներուն օտար երկիրներու եւ ժողովներու ընթացքին ունեցած ելոյթները: Միեւնոյն ժամանակ աչքէ կ՚անցընէի միւս պետութիւններու մեծաւորներունը:
ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ
Գերմանացի իրաւաբան եւ քաղաքագէտ Քարլ Շմիտթ կը փորձէր իր աշխատութիւններուն մէջ ապացուցել, որ խորհրդարանականութիւնն ու ժողովրդավարութիւնը բացարձակապէս տարբեր բաներ են։ Խորհրդարանականութիւնը ազատական հայեցակարգի տարր մըն է։
«MUNDUS VINI 2021» միջազգային մրցոյթը մեծ յաջողութիւնով եզրափակուեցաւ հայ գինեգործներուն տեսակէտէ։ Այսպէս, Հայաստանի «Արմենիա» գինեգործական ընկերութեան արտադրանքը արժանացաւ ութ բարձրագոյն մետայլի։
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան այս ամսուան մէջ պիտի այցելէ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ։ Ուղեւորութիւնը նախատեսուած է 19-22 սեպտեմբեր թուականներուն։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ աւարտեց դէպի Վրաստան պաշտօնական այցելութիւնը։ Ուղեւորութեան վերջին օրուայ ծրագիրը նախատեսուած էր Պաթում քաղաքին մէջ։
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ մայրաքաղաք Անգարայի մէջ հիւրընկալեց ՄԱԿ-ի փախստականներու հարցերով գերագոյն յանձնակատար Ֆիլիփօ Կրանտին։ Պեշթեփէի համալիրէն ներս տեղի ունեցաւ զրոյցը, որ տեւեց կէս ժամ։