Արխիւ
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի օրհնութեամբ եւ Հայրապետական սրբատառ կոնդակով յունուարի 11-ին Հայաստանէ ներս, Արարատի մարզին մէջ հիմնուեցաւ Մասիացոտնի թեմը։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Այն ինչ, որ կատարուեցաւ երէկ՝ անսպասելի չէր։ Մասնաւորապէս հայկական կողմը՝ սկսելով Երեւանէն եւ հասնելով մինչեւ սփիւռքեան հեռաւոր ափեր, ակնդէտ կը հետեւէր Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցած եռակողմանի գագաթաժողովին, որովհետեւ շշուկներ կային, թէ Փաշինեան շարունակելով իր «ձախորդ փանոսեան» դերը, կրնար ծանրակշիռ եւ բոլոր առումներով ալ հայկական շահերէն հեռու փաստաթուղթի մը տակ ստորագրել, բայց այդպէս չեղաւ։
Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին երէկ Քրեմլինի մէջ մէկտեղեց Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն ու Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը:
Ստորագրուեցաւ յայտարարութիւն մը. յետպատերազմեան իրավիճակի պայմաններով՝ Մոսկուա, Երեւան եւ Պաքու որոշեցին ստեղծել փոխ-վարչապետներու մակարդակով աշխատանքային խումբ մը, որու առաջին ժողովը տեղի պիտի ունենայ մինչեւ ամսավերջ:
Այս նոր համաձայնութիւններու կեանքի կոչուիլը թէեւ կ՚ենթադրէ տարածքաշրջանային ձեւաչափերով փոխել Կովկասի տնտեսական դիմագիծը, սակայն, հայ ռազմագերիներու վերաբերեալ հրատապ հարցերուն համար շօշափելի լուծման հեռանկար մը չէ ձեւաւորուած, իսկ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կապակցութեամբ ալ օրակարգի վրայ մնալ կը շարունակեն տակաւին չկարգաւորուած խնդիրներ:
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Տասը տարի առաջ, յունուար ամսուն, Եգիպտոսի կառավարութիւնը երկրին մէջ ժամանակաւորապէս արգելափակեց հեռաձայնային հաղորդագրութիւններու ծառայութիւններն ու համացանցը, այդպիսով դարձաւ առաջին երկիրը, որ ժամանակաւորապէս արգելափակած է համացանցը ամբողջութեամբ:
ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ
Համեմատական այս երեւոյթներու կիզակէտը կը հանդիսանայ տարիքս, որ պիտի յայտնաբերուի ստորեւ նշուած երկու դէպքերուն ընդմէջէն։ Դէպքեր՝ որոնք թէ՛ մղոններով հեռու եղած են իրարմէ եւ թէ տարիներով բաժանուած իրարմէ։
Գրաբարէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Դարձեալ եւ ուրիշ կերպով կը մեկնաբանուի խօսքը. «Ես Ինծի համար փառք չեմ փնտռեր», այսինքն՝ հիմա չե՛մ ուզեր բարձրանալ, որովհետեւ չարչարնքներէն առաջ անարգութիւն կը փնտռէր եւ ո՛չ՝ բարձրութիւն:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդ իրեն համար՝ նպատակ մը չէ՛։ Ուրիշ խօսքով՝ մարդիկ իրենց համար չեն ապրիր։ Մարդուն ապրելու նպատակը ապրեցնե՛լն է։ Եթէ անցաւոր պահու մը համար դեղ եւ դարման չըլլայ մարդ հիւանդ մարդկութեան, եթէ ան չհասնի մարդկութեան օգտակար ըլլալու, նպաստ մը բերելու, հապա ինչո՞ւ կ՚ապրի։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի տնօրինութեամբ, երէկ, Հայաստանի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ, յետպատերազմեան իրավիճակի պայմաններուն ներքեւ, յաւարտ կիրակնօրեայ Ս. Պատարագի մասնաւոր աղօթք կատարուեցաւ՝ Արցախի ռազմական գործողութիւններու հետեւանքով գերեվարուածներու եւ անյայտ կորսուածներու համար։ Բոլորը աղօթք բարձրացուցին առ Աստուած գերիներու տունդարձին մաղթանքով։ Վեհափառ Հայրապետի բարձր նախագահութեամբ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միաբանութիւնը կիրակնօրեայ Ս. Պատարագի մասնակցեցաւ Ս. Գայիանէի վանքէն ներս։
ՅԱՐՈՒԹ ԿԻՒԼԻՒԶԵԱՆ
Թերեւս ոմանք տարակարծիք գտնուին ինծի՝ ըսելով, թէ անծանօթ բանաստեղծ մը նախ իր ինքնագիր գործերով կը ծանօթացնեն ընթերցողներուն ու ոչ թէ այլ լեզուներէ կատարած թարգմանութիւններով կամ փոխադրումներով: Որոշ չափով համամիտ եմ:
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Ալֆրէտ Ատլէր յայտնի հոգեբան մըն է, որ ստորակայութեան, անարժէքութեան զգացումը կը դիտարկէ՝ որպէս անձի զարգացման մէջ հիմնաքարային դերակատար։ Ան կը պնդէ, թէ մարդ կը ձգտի կատարելութեան, քանի որ մարդիկ միշտ կը ձգտին հասնիլ անձնական մեծ կարեւորութիւն ներկայացնող նպատակներու։
Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի տանտիրութեամբ եւ մասնակցութեամբ Մոսկուայի մէջ այսօր տեղի կ՚ունենայ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հանդիպումը։ Նիկոլ Փաշինեան այս առթիւ աշխատանքային այցելութիւն մը կու տայ Մոսկուա, ուր եռակողմանի հանդիպման առընթեր նախատեսուած է իր առանձնազրոյցը Վլատիմիր Փութինի հետ։ Արցախի լայնածաւալ պատերազմին վերջ տուած հրադադարի համաձայնութենէն ի վեր առաջին անգամ այսպէսով կը մէկտեղուին այդ համաձայնութեան տակ ստորագրութիւն դրած երեք երկիրները։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Ռոպերթ Քոչարեանի բանբեր Վիկտոր Սողոմոնեանի բացառիկ յայտարարութիւնները՝ ԺԱՄԱՆԱԿ-ին:
«Ռուսաստանի հետ համագործակցութեան մակարդակը բաւարար չէ այս տարածքաշրջանէն ներս Հայաստանի անվտանգութիւնը
ապահովելու համար։ Բոլորին ակնյայտ է, որ մենք պէտք է մտածենք յարաբերութիւններու աւելի սերտ աստիճանի մը մասին»:
Այսօր Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի գահակալութեան առաջին տարեդարձն է։ Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռին վրայ ան բոլորած է իր առաջին տարին եւ այս օրուան դրութեամբ կը թեւակոխէ երկրորդը։ Որպէս Նուիրապետական Աթոռի գահակալ՝ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը անցեալ տարուայ ընթացքին տարածած է իր հովանին թրքահայ հաւատացեալ հօտին վրայ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Միտքը սահման չունի, մտածելով մարդ կրնայ թռչիլ հոգեւոր տիեզերքին մէջ շա՜տ աւելի հեռուները քան որեւէ սաւառնակ կամ հրթիռ, որ կրնայ երթալ նիւթական տիեզերքի անհաշուելի եւ աներեւակայելի հեռաւորութիւնները։ Միտքը ո՛չ ժամանակ եւ ո՛չ ալ տարածք կը ճանչնայ. մարդ երեւակայութեամբ կրնայ անհունօրէն տարածուիլ եւ անժամանակ կերպով ընթանալ։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, ուրբաթ, յունուարի 8-ին, Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց Պատրիարքարանի Ընկերային օժանդակութեան յանձնախումբի անդամները՝ գլխաւորութեամբ ատենապետ Խաչիկ Ճանէլի։ Քորոնա համավարակի սահմանափակումները նկատի ունենալով նուազ թիւով անդամներ ներկայացան Նորին Ամենապատուութեան։
Հայաստանի առկայ քաղաքական տագնապով պայմանաւորուած մթնոլորտի մէջ յառաջիկայ շաբթուայ սկիզբին ընդառաջ օրակարգի վրայ եկած են տագնապեցուցիչ կանխատեսումներ։ Թէեւ պաշտօնական աղբիւրները ո՛չ կը հաստատեն, ո՛չ ալ կը հերքեն, սակայն, կը նախատեսուի Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եռօրեայ այցելութիւնը դէպի Մոսկուա։
Հայաստանի ներքին քաղաքական առկայ տագնապի պայմաններուն ներքեւ, Ազգային ժողովէն ներս մեծամասնութեան տէր «Իմ քայլը» խմբակցութենէն պատգամաւոր մը եւս դուրս եկաւ։ Յետպատերազմեան ծանր իրավիճակին մէջ ցայսօր մէկէ աւելի պատգամաւորներ լքած էին այդ խմբակցութիւնը, որ կը սատարէ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կառավարութեան։
Արմէն Սարգսեան կը յորդորէ առաջնորդուիլ բացառապէս համազգային շահերով եւ անշեղօրէն պահպանել Սահմանադրութեան պահանջները:
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը հերթական կոչով մը հանդէս եկաւ առկայ ծանր քաղաքական տագնապի եւ ստեղծուած բեւեռացման պայմաններուն ներքեւ:
Ըստ Մեւլիւտ Չավուշօղլուի, ապագային ձեռնարկուելիք բոլոր քայլերը կը քննարկուին Պաքուի հետ:
«Թուրքիոյ հետ սահմաններու բացումը չափազանց ձեռնտու պիտի ըլլայ Հայաստանի համար»:
Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան նախագահը կը մատնանշէ աշխարհի վրայ կենցաղային կարիքներու եւ սննդամթերքի հետզհետէ հասունացող տագնապը:
Պերճ Սեդրակեան. «Ներքին հայեացքով պիտի կարենանք իրագործել պետականաշինութեան եւ համայնքային կառոյցներու նոր եւ նորարարական նախատիպեր՝ որոշելու համար մեր ճակատագիրը»: