ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿՐՆԱՅ ՍՓԻՒՌՔԱՀԱՅ ՎԱՐԺԱՐԱՆԸ ԳՈՐԾԵԼ ՅՕԳՈՒՏ ՄԱՄՈՒԼԻՆ (ԳՈՐԾՆԱԿԱՆ ԱՌԱՋԱՐԿ ՄԸ)

Գիտեմ, որ առաջարկներս վերջ չունին: Ամէն անգամ նոր առաջարկ մը յառաջ կը քաշեմ: Բայց ի՞նչ ընեմ. ես չեմ կրնար թութակի պաշտօն ստանձնել ու կրկնել այն բոլոր խօսքերը, որոնք հազարումէկ անգամ ըսուած են ձեռնարկներու ատեն կամ թերթերու մէջ: Ես նո՛ր խօսքեր կ՚ուզեմ գտնել ու ըսել ձեզի, որպէսզի գէթ անգամի մը համար «գործի՛ ծառայած» ըլլալու գոհունակութիւնը ապրիմ:

Ա՛րդ, ես չեմ կրնար ըսել, որ այսօրուան առաջարկելիքս կատարելապէս նորութիւն է: Շատ հաւանական է, որ նախապէս ալ եղած ըլլայ այս առաջարկը, ու ինչ-որ մէկը գրած ըլլայ այդ մասին: Բայց քանի դեռ չէ իրագործուած ան, ուրեմն ո՛չ մէկ անպատեհութիւն կը տեսնեմ՝ վերստին անդրադառնալու անոր:

Ինչպէ՞ս ոտքի պահել սփիւռքահայ թերթը, որուն յենարանը այնքան ալ տոկուն չէ: Ան եթէ ոչ այսօր, ապա վաղը պիտի տապալի անպայման, եւ ասոր հաւանականութիւնը,- ինձմէ լաւ գիտէք,- շատ մեծ է: Մանաւանդ ներկայ շրջանին, երբ պսակաձեւ ժահրը իր ափերուն մէջ առած է ամբողջ աշխարհը, սփիւռքահայ թերթին վիճակը աւելի ողբալի է:

Մինչեւ ե՞րբ կարելի է այս ձեւով գոյատեւել:

Ամէն ինչ փորձեցինք, այնպէս չէ՞. խօսեցանք թերթի կարեւորութեան մասին, օգուտ մը չունեցաւ. ըսինք, որ թերթը կարելի չէ ձրիաբար կարդալ, մտիկ ընող չեղաւ. ի վերջոյ գրեցինք, որ թող մեզմէ իւրաքանչիւրը տէր դառնայ իր նախասիրած թերթին. անտեսեցին-անցան:

Ա՛րդ, ի՞նչ ընել, ինչպէ՞ս տոկունացնել սփիւռքահայ թերթին յենարանը:

Այստեղ կրնայ օգնութեան հասնիլ մեր փրկութեան լաստը՝ հայ վարժարանը: Ըսեմ, թէ  ճիշդ ի՛նչ «օգնութեան» մասին է խօսքը. «օգնութի՛ւն», որով սփիւռքահայ թերթը դուրս պիտի կարենայ գալ «զարդեղէնի» դարաւոր կարգավիճակէն եւ պիտի ստանայ «գործի ծառայող»ի վայելուչ պիտակաւորումը:

Ի՞նչ կը նշանակէ «գործի ծառայել»,- կարդացուիլ, իր շուրջը հետաքրքրութիւն ստեղծել եւ, ամենակարեւորը, եկամուտ ապահովել: Մինչդեռ բոլորս ալ գիտենք, թէ ներկայիս ինչի՛ կը ծառայէ սփիւռքահայ թերթը: Ան ընդամէնը առ ի պարտականութիւն լոյս տեսնող անկարեւոր բան մըն է յաչս հանրութեան: Այսինքն՝ այսօր սփիւռքահայ մամուլը պարզապէս կը ջանայ օր ու գիշեր իր գոյութիւնը պարտադրել, թէկուզ միշտ ձախելով իր փորձերուն մէջ:

Ըսինք, որ հայ վարժարանը կրնայ օգնութեան ձեռք մեկնել մամուլին: Ինչպէ՞ս,- շա՜տ պարզ է. մասնաւոր դասապահեր յատկացնելով վերջինիս. այսինքն՝ այնպիսիք, ուր մի՛միայն թերթը ըլլայ սերտուելիք-քննարկուելիք առարկան, իմա՝ դասագիրքը:

Առնենք Պէյրութը, ուր այսօր լոյս կը տեսնէ երեք օրաթերթ՝ «Ազդակ»ը, «Զարթօնք»ը եւ «Արարատ»ը: Աշակերտը պարտի երեքէն ալ (այդ օրուան թիւը) ունենալ դասապահուն: Ի հարկէ, գաղափարական ոչ մէկ խտրութիւն պէտք է դրուի անոնց միջեւ, վասնզի այստեղ կայ ընդամէնը նպատակ մը. սատարել ՍՓԻՒՌՔԱՀԱ՛Յ ՄԱՄՈՒԼԻՆ:

Ա՛րդ, ինչպիսի՞ դասապահի մասին է խօսքը,- թոյլ տուէք բացատրել:

Ինչպէս գիտէք, շա՜տ սովորական երեւոյթ է, որ, օրինակ, անգլերէնի դասապահերուն աշակերտները լայն քննարկումի նիւթ դարձնեն յօդուած մը եւ կամ գրուածք մը՝ առնուած այս կամ այն թերթէն: Անոնք, խումբեր կազմած (կամ թերեւս առանձին), կը փորձեն «արժորոշել» զայն. այլ խօսքով՝ կը ջանան պատասխանել հետեւեալ հարցումներուն. արդեօք լաւ գրուա՞ծ է ան, որո՞նք են անոր լաւ ու վատ կողմերը, արդեօք կարիքը ունի՞ վերանայումի, սրբագրումի կամ, ինչու չէ, վերաշարադրումի եւ այլն:

Ինչո՞ւ այս բոլորը նոյնութեամբ չընել հայերէնի՛ պարագային, սակայն մէկ հիմնական տարբերութեամբ. ուսուցիչը իրեն հետ պիտի չբերէ խնդրոյ առարկայ յօդուածը, այլ թերթերը աշակերտին առջեւ պիտի ըլլան, եւ ուսուցիչը պարզապէս այնտեղէն ինք պէտք է ընտրէ զայն: Առաջին հերթին, ուրեմն, կը խօսուի յօդուածին բովանդակութեան մասին՝ ստուգելու համար, թէ աշակերտը ճիշդ ի՛նչ հասկցաւ անկէ. այնուհետեւ՝ անցում որոշ դժուարընկալելի բառերու նշանակութեան, կռահումներ, իսկ հուսկ՝ անդրադարձ գրութեան լեզուական մակարդակին, նամանաւանդ քերականական վրիպակներուն (եթէ կան) եւ այլն:

Ըսե՞մ, թէ աշակերտը ի՛նչ պիտի շահի այս բոլորէն. ան՝

ա) պիտի զարգացնէ իր վերլուծական միտքը,

բ) պիտի հարստացնէ բառապաշարը,

գ) պիտի ամբարէ լեզուա-քերականական գիտելիքներ,

դ) պիտի սորվի յօդուած գրելու տարրական մեթոտը,

ե) ընդհանուր գաղափար պիտի կազմէ մեր մամուլին մասին:

Իսկ թե՞րթը,- ան նոր ու հաւատարիմ ընթերցողներ պիտի շահի (սա մեծ ուրախութիւն չէ՞ հայ թերթին համար, որուն պաշտօնը ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ տան լուսամուտին ապակիները սրբել-փայլեցնել), երկրորդ՝ տարեկան կոկիկ գումար մը պիտի ապահովէ, ինչը, պէտք է ըսել, աննախընթաց երեւոյթ է մեր պատմութեան մէջ:

Հիմա հարցը այն է, թէ ինչպէ՞ս պիտի ըլլայ այս ամբողջ գործընթացը:

ԱՌԱՋԻՆ ՔԱՅԼ՝

ա) հանդիպում ունենալ վարժարաններու տնօրէններուն եւ ի մասնաւորի հայերէնի՛ ուսուցիչ-ուսուցչուհիներուն հետ,

բ) կարծիքներ փոխանակել եւ առաջարկներ կատարել այս դասապահը կեանքի կոչելու հաւանական ուղիներուն մասին.

Հոս փակագիծ մը բանամ: Թէ ո՛վ պիտի ըլլայ այս բոլորին նախաձեռնողը, չեմ գիտեր: Իմ գործս պարզապէս առաջարկել է, գոնէ առայժմ, այնքան ատեն որ ղեկը իմ ձեռքս չէ, եւ դեռ անոր գլուխը անցնելու համար ժամանակ պէտք է:

ԵՐԿՐՈՐԴ ՔԱՅԼ՝

ա) դասանիւթը աշակերտին մատուցելու յստակ ծրագիր մշակել հայերէնի խումբ մը ուսուցիչ-ուսուցչուհիներու հետ գործակցաբար,

բ) հանդիպում տնօրէններու հետ՝ անոնց հաւանութիւնը առնելու համար:

Իսկ ասկէ ետք ամէն ինչ կախուած է վարժարանէն:

Առաջին հերթին ծնողները այս մասին տեղեակ կը պահուին յատուկ շրջաբերականով մը, ուր կը նշուի նման դասապահի մը կարեւորութիւնը՝ անշուշտ շեշտելով, որ ՅԱՌԱՋԻԿԱՅ ՏԱՐԵՇՐՋԱՆԷՆ ՍԿՍԵԱԼ ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԹԵԱՆ ԺԱՄԱՆԱԿ ՅԱՒԵԼԵԱԼ ԳՈՒՄԱՐ ՊԷՏՔ Է ՅԱՏԿԱՑՈՒԻ, ՈՐՊԷՍԶԻ ԹԵՐԹԻՆ ՀԱՄԱՐՆԵՐԸ ԿԱՆՈՆԱՒՈՐԱԲԱՐ ՏՐԱՄԱԴՐՈՒԻՆ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐՈՒՆ:

Սա երբեք չի նշանակեր, որ ամէն ինչ աւարտեցաւ, եւ հայ թերթին վիճակը մէկէնիմէկ բարելաւեցաւ: Մէկ օրէն միւսը նման բան մը ակնկալելը միամտութիւն է: Սակայն այսօրինակ նախաձեռնութիւններով կարելի է ի վերջոյ ինչ-որ բան փոխել:

Այն ատեն միայն կրնանք «Հայ մամուլի (իսկական) տարի» ունենալ, այնպէս չէ՞:

ՅԱՐՈՒԹ ԿԻՒԼԻՒԶԵԱՆ

Երկուշաբթի, Մայիս 31, 2021