ՊՈԼՍՈՅ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԱԹՈՌԻ ՀԻՄՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ՏԱՐԵԴԱՐՁԸ ԱՌԻԹ ՀԱՆԴԻՍԱՑԱՒ ՄԵՐ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՊԱՇՏԱՄՈՒՆՔԻ ՎԵՐԱԲԱՑՄԱՆ ԹՈՒԱԿԱՆԻ ՀՐԱՊԱՐԱԿՄԱՆ

Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռը շաբաթավերջին նշեց իր հիմնադրութեան 559-րդ տարեդարձը։ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի նախագահութեամբ, Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ, այս առթիւ շաբաթավերջին գոհաբանական աղօթք մը կատարուեցաւ եւ ժամերգութեան ընթացքին մեր հոգեւոր հայրերու մաղթանքը եղաւ Պատրիարքական Աթոռի անսասանութիւնն ու անոր գահակալի արեւշատութիւնը։ Հանրապետութեան նախագահութեան Հաղորդակցութեան բաժանմունքի պետ Ֆահրետտին Ալթունն ալ ընկերային ցանցերու միջոցաւ շնորհաւորեց Պատրիարքական Աթոռի հիմնադրութեան տարեդարձը։

Ինչպէս ծանօթ է, Պոլսոյ դարաւոր, Ս. Աթոռը ամէն տարի Հոգեգալստեան տօնի շաբաթավերջին կը նշէ իր հիմնադրութեան տարեդարձը։ Թէեւ առաջին հայեացքով ընթացիկ, սակայն այս տարուանը ունէր մասնաւոր նշանակութիւն։ Սա մեր Նուիրապետական Աթոռի այժմու գահակալի շրջանի առաջին տարեդարձը եղաւ։ Համայնքային շրջանակները միացան բարի մաղթանքներու շուրջ, որպէսզի մեր Պատրիարքութիւնը մնայ անսասան եւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր իմաստուն մականին ներքեւ միշտ արդարանայ անոր գոյութիւնը, առաքելութիւնը արժեւորուի ժամանակներու մէջ ու ան թրքահայ իրականութեան կենսունակութեան աղբիւրը մնայ՝ Բարձրեալի հովանաւորութեան ներքեւ։

Այս առթիւ մենք եւս կ՚ողջունենք Աթոռի հիմնադրութեան տարեդարձը եւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր կը մաղթենք ծաղկուն գաւազան՝ նոր նուաճումներու եւ ձեռքբերումներու ճանապարհին։

Միւս կողմէ, հիմնադրութեան տարեդարձի շաբաթավերջին Գումգաբուի աղբիւրները արդէն տեղեկացուցին մեր եկեղեցիներու պաշտամունքի վերաբացման թուականը։ Ինչպէս ծանօթ է, քորոնաժահրի համաճարակի հետեւանքով Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռի հոգեւոր իրաւասութեան ներքեւ գտնուող եկեղեցիներէն ներս դադրած էին արարողութիւնները եւ հաւաքական պաշտամունքները։ Երբ Թուրքիոյ մէջ կեանքը աստիճանաբար բնականոն հունին կը վերադառնայ, Պատրիարքական Աթոռի Կրօնական ժողովն ալ նիստ մը գումարելով արժեւորած է ստեղծուած իրավիճակը։ Գումգաբուի աղբիւրներու հաղորդումներով, այժմ կը նախատեսուի, որ մեր եկեղեցիները պաշտամունքի վերաբացուին 19 յուլիսին։ Կրօնական ժողովի համապատասխան զեկոյցը տեսնել մեր յարակից սիւնակներուն մէջ։

Երկուշաբթի, Յունիս 1, 2020