ԱՊԱՔԻՆՄԱՆ ՄԱՂԹԱՆՔ

Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը շուտափոյթ ապաքինում մաղթեց Հռովմէական Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Քահանայապետ Ֆրանսիսքոս Ա. Սրբազան Պապին, որ վերջերս վիրահատութեան մը ենթարկուեցաւ։ Վեհափառ Հայրապետը Սրբազան Քահանայապետին բարեմաղթանքներ յղեց, որպէսզի ամենախնամ Տէրը անոր քաջառողջութիւն պարգեւէ՝ շնորհելով հովուապետական երկար տարիներու ծառայութիւն։

Հարկ է նշել, որ վերջին շուրջ երկու տարուան կտրուածքով Հռոմի Պապը արդէն երկրորդ անգամ վիրահատուած է։

Շաբաթ, Յունիս 10, 2023