ՎԵՀ. ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԶՐՈՒՑԵՑ ԱՐՑԱԽԻ ՆԱԽԱԳԱՀԻՆ ՀԵՏ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի հետ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Արցախի ղեկավարի նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցաւ այս հեռախօսազրոյցը։

Վեհափառ Հայրապետը եւ Արայիկ Յարութիւնեան քննարկեցին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի հետ համագործակցութեան ծրագրերը, պետութիւն-եկեղեցի յարաբերութիւնները եւ Արցախի հոգեւոր կեանքին վերաբերեալ շարք մը հարցեր։ Անդրադարձ կատարուեցաւ քորոնաժահրի համաճարակի ծաւալման կանխարգիլման ուղղութեամբ գործադրուած ջանքերուն։

Արայիկ Յարութիւնեան շնորհակալութիւն յայտնեց Նորին Սրբութեան՝ Արցախի նկատմամբ ցուցաբերած մշտական աջակցութեան համար։ Ան փափաք յայտնեց մօտաւոր ապագային Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին այցելելու ուղղութեամբ։ Վեհափառ Հայրապետը գոհունակութեամբ ընդունեց Արայիկ Յարութիւնեանի մտադրութիւնը եւ իր օրհնութիւնն ու բարեմաղթանքները յղեց արցախահայութեան։

ՆՈՒԻՐԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Միւս կողմէ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի աղբիւրները այս առաւօտ հաղորդեցին, որ քորոնաժահրի համաճարակի հետեւանքներու յաղթահարման ուղղեալ ընկերային աջակցութեան ծրագրերու խթանման նպատակով Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութիւնը կը շարունակէ նուիրատուութիւններ ստանալ աշխարհասփիւռ թեմերէն, զանազան ազգային հաստատութիւններէ կամ հիմնադրամներէ, նաեւ անհատներէ։ Այսպէս, Անգլիոյ հայոց թեմը նուիրաբերած է 5 հազար ամերիկեան տոլար։ Ուքրայնայի հայոց թեմը՝ կարիքաւոր ընտանիքներուն բաշխման նպատակով Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնին փոխանցած է 5 հազար ամերիկեան տոլարի համարժէք պարէնային մթերք։ Գըրգ Գըրգորեանի «Լինսի» հիմնադրամին կողմէ 25 հազար ամերիկեան տոլար յատկացուած է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնին։ «Ճինիշեան» յիշատակի հիմնադրամը 20 հազար ամերիկեան տոլար փոխանցած է՝ ի զօրակցութիւն Սուրիոյ հայ համայնքին։

Գանատայի հայոց թեմի հոգեւոր սպասաւորներէն Տ. Զարեհ Ա. Քհնյ. Զարգարեանի կողմէ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնին նուիրաբերուած է՝ հաւաքագրուած 5 հազար գանատական տոլար գումարը։

Ուրբաթ, Յունիս 12, 2020