ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ԽՐԱԽՈՅՍ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ երկօրեայ այցելութեամբ մեկնեցաւ Մոսկուա, ուր կարեւոր հանդիպումներ կ՚ունենայ այս օրերուն։ Դէպի Վատիկան ուղեւորութենէն հազիւ քանի մը օր անց կը սկսին Վեհափառ Հայրապետի շփումները Մոսկուայի մէջ, ուր ան կը տեսակցի Ռուս Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Տ.Տ. Քիրիլ Ա. Պատրիարքին հետ, ուր մասնակցութիւն կը բերէ տարածքաշրջանի հոգեւոր առաջնորդներու եռակողմանի հանդիպման։ Այսպէսով, Արցախի երկրորդ պատերազմին յաջորդած մթնոլորտին մէջ, տեղի կ՚ունենայ առաջին հանդիպումը Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին, Ռուսաց Պատրիարքին, Կովկասի մահմետականներու վարչութեան պետ եւ Ատրպէյճանի շէյխիւլիսլամ Ալլահշիւքիւր Փաշազատէի միջեւ։ Հոգեւոր պետերու այս եռակողմանի ձեւաչափը կը գործէ վաղուց։ Այդ շրջանակին մէջ հանդիպումները ոչ միայն տեղի ունեցած են Մոսկուայի մէջ, այլեւ Վեհափառ Հայրապետը անցեալին այցելած է Պաքու եւ շէյխիւլիսլամ Փաշազատէ՝ Երեւան։ Կը հաղորդուի, որ եռակողմանի հանդիպումը նախատեսուած է վաղը Մոսկուայի Տանիլով մայրավանքէն ներս, որ Ռուս Ուղղափառ Եկեղեցւոյ սինոդի եւ պատրիարքի նստավայրն է։ Մոսկուա այցելութեան ընթացքին Վեհափառ Հայրապետին կ՚ընկերանան Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Արտաքին յարաբերութիւններու եւ արարողակարգի բաժնի տնօրէն Տ. Նաթան Արք. Յովհաննիսեան, Արցախի թեմի առաջնորդ Տ. Վրթանէս Եպսկ. Աբրահամեան, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Միջեկեղեցական յարաբերութիւններու բաժնի տնօրէն եւ Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի տեսուչ Տ. Շահէ Ծ. Վրդ. Անանեան, Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի անդամներէն իրաւաբան Գէորգ Դանիէլեան եւ Կաթողիկոսական գրասենեակի տնօրէն Տ. Վահրամ Ա. Քհնյ. Մելիքեան։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 12, 2021