ՆՈՐ ՆԵՐՇՆՉԱՆՔԻ ՇԱՐԺԱՌԻԹ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ վերջին օրերուն ընդունեց Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան եւ Արեւմտեան թեմերէն, ինչպէս նաեւ Աւստրալիոյ եւ Նոր Զելանտայի թեմէն ուխտաւորներ։ Նորին Սրբութիւնը այս առթիւ իր օրհնութիւնը փոխանցեց ուխտաւոր հայորդիներուն եւ անոնց հոգեւոր հովիւներուն։ Ան ուրախութիւն յայտնեց, որ համայն հայութեան հոգեւոր կեդրոնին մէջ կը հիւրընկալուին բազմաթիւ ուխտաւորներ։

Վեհափառ Հայրապետը զրոյցի ընթացքին ուխտաւորներուն նկատառման յանձնեց, որ Հայաստան եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին այցելութիւնը կը կերպարանափոխէ անոնց հոգին եւ նոր ներշնչանքի աղբիւր կը դառնայ՝ հայրենիքով առաւել զօրացած վերադառնալու իրենց երկիրները եւ շարունակելու իրենց ազգանուէր ու եղեկեցասէր ընթացքը։ Հանդիպման աւարտին Նորին Սրբութիւնը իր աղօթքն ու մաղթանքները յղեց ամերիկահայ եւ աւստրալահայ համայնքներուն՝ հայցելով, որ Աստուծոյ օրհնութեան ներքեւ ապրին խաղաղ եւ ապահով, պահպանեն հայրենի ժառանգութիւնը եւ աւելի շէնացնեն իրենց համայնքային կեանքը։

Ընդունելութեան ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը պատասխանեց նաեւ ուխտաւորներու զանազան հարցումներուն, որոնք կը վերաբերէին Մայր Աթոռի հոգեւոր-կրթական հաստատութիւններուն եւ Սփիւռքի առջեւ ծառացած զանազան մարտահրաւէրներուն։

Հանդիպման ներկայ էր նաեւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Արտաքին յարաբերութիւններու եւ արարողակարգի բաժնի տնօրէն Տ. Նաթան Արք. Յովհաննիսեան։

Չորեքշաբթի, Յունիս 14, 2017