ՔԱՀԱՆԱՅԱԿԱՆ ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԹԻՒՆ

Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի օրհնութեամբ, երէկ, Հայաստանի Արտաշատ քաղաքին մէջ, Մասիացոտնի թեմի առաջնորդանիստ Ս. Յովհաննէս Աւետարանիչ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ քահանայական ձեռնադրութիւն։ Օրուան պատարագիչն էր Տաւուշի թեմի առաջնորդ Տ. Բագրատ Եպիսկոպոս Գալստանեան, որու ձեռամբ քահանայական ձեռնադրութիւն եւ օծում ստացան հինգ սարկաւագներ, որոնք Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի զանազան կառոյցներէն ներս կը սպասարկեն։ Ձեռնադրութիւնը կատարելու առընթեր, Նորին սրբազնութիւնը արարողութեան ընթացքին խօսեցաւ քարոզ մը, որու ընթացքին յորդորներ ուղղեց նոր քահանաներուն։

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ 40-օրեայ պատրաստութեան շրջանէն վերջ նորընծայ քահանաները ծառայութեան պիտի կոչուին Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ զանազան թեմերէն կամ կառոյցներէն ներս։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 14, 2022