ՅԻՇԵԼՈՎ ՎԵՐԱՆՈՐՈԳՈՒԵԼՈՒ ԿԱՐԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ

Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց,

Եօթը շաբթուան Մեծ պահոց ապաշխարութեան շրջանին յաջորդեց Սուրբ Յարութեան առթած հոգեւոր ուրախութիւնը, որով քառասուն օրեր պիտի ողջունենք զիրար, Սուրբ Յարութեան աւետիսի բառերով։ Մեղքով վիրաւորուած մարդկային կեանքին կրած ցաւը կը դարմանուէր ապաշխարութեամբ, պատրաստուելով Սուրբ Յարութեան աւետիսին։ Իսկապէս Մեծ պահոց ապաշխարութեան շրջանին գոց վարագոյրը, Տիրոջ Սուրբ Սեղանէն հեռու մնալը, Սուրբ Սեղանէն եկած ողջոյնէն զրկուած մնալը  պատճառներ են, որ մենք զմեզ գտնենք մթնոլորտի մը մէջ, որ տրտմութիւն կը բուրէ։ Սակայն այս տրտմութեան մթնոլորտը կը փարատի, երբ հաւատքով, յոյսով եւ սիրով լեցուած մեր աչքերը կը սեւեռենք խաչեալ Քրիստոսի սրբանկարին, յիշելով Աստուածային անսահման սէրը եւ ողորմութիւնը։ Եւ այդ տրտմալից մթնոլորտը կը վերածուի յուսալից ուրախութեան։ Ուրախութիւն մը, որ ալիք ալիք տարածուելով կը համակէ մեր կեանքը ու կը հասցնէ Զատկական ուրախութեան։

Հայ Եկեղեցւոյ տօնացոյցին համաձայն, Քրիստոսի Սուրբ Յարութեան տաղաւարի յաջորդող կիրակին ի զուր չէ կոչուած Նոր կիրակի եւ Կրկնազատիկ։ Երկու անուններ, որոնցմէ առաջինը կը ներկայացնէ Սուրբ Յարութեամբ պարգեւուած նոր կեանքի գաղափարը, իսկ երկրորդը՝ անընդհատ շարունակութիւնը Զատկական ուրախութեան։ Սուրբ Յարութեան աւետիսը վերջակէտն է տրտմութեան, որմէ յետոյ կը բացուի բոլորովին նոր էջ մը. բոլորովին նոր  գրութեամբ, որուն առաջին տողն է. «Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց. մահուամբ զմահ կոխեաց եւ յարութեամբն իւրով մեզ զկեանս պարգեւեաց»։

Կը յիշենք Քրիստոսի խօսքերը վերջին ընթրիքի սեղանին վրայ, «Կարճ ատեն մը, եւ այլեւս պիտի չտեսնէք զիս, եւ ապա քիչ մը եւս՝ եւ զիս պիտի տեսնէք. եւ ես կ՚երթամ Հօրը»։ Փրկիչը նկատելով, որ իր սեղանակիցները չէին հասկցած իր խօսքերը եւ տրտմած էին, դիպուկ կերպով անդրադարձաւ, թէ իրենց տրտմութիւնը պիտի փոխակերպուէր ուրախութեան, նման ծննդաբերելու ժամը հասած կնոջ, որ յետ ծննդաբերութեան այլեւս իր նեղութիւնը չէր մտաբերեր ուրախութենէն. «Ճշմարիտ ճշմարիտ կ՚ըսեմ ձեզի, որ դուք պիտի լաք ու ողբաք, իսկ աշխարհը պիտի ուրախանայ. դուք պիտի տրտմիք, սակայն ձեր տրտմութիւնը ուրախութեան պիտի փոխուի։ …Դուք ալ հիմա տրտմութիւն ունիք. բայց ես դարձեալ պիտի տեսնեմ ձեզ, եւ ձեր սրտերը ուրախ պիտի ըլլան. եւ ձեր ուրախութիւնը ոչ ոք պիտի խլէ ձեզմէ» (Յովհաննէս,  16.20-22)։

Սուրբ Յարութեամբ սկսած յինանց շրջանը ծնած է ապաշխարութեան նուիրական շրջան՝ Մեծ պահքէն։ Այս առումով յինանց շրջանը նոյնքան նուիրական է, որքան Մեծ պահքը։ Եթէ Մեծ պահքի շրջանին կիզակէտը ապաշխարութեան գաղափարն է, Յինանց նուիրական շրջանի կիզակէտն է Սուրբ Յարութեան հրաշալի ճշմարտութիւնը, որուն մէջ կը յայտնաբերուի վերանորոգութեան սքանչելի գաղափարը, որ նոյնինքն գանձ մըն է անկողոպտելի, զոր կարելի է ձեռք ձգել իմաստութեամբ վարուելով, լցեալ՝ հաւատքով, յոյսով եւ սիրով։ Հաւատքով՝ հանդէպ անտեսանելին Աստուծոյ, առանց որուն կարելի չէ երեւակայել վերանորոգութեան իրականացումը։ Յոյսով՝ թէ Բարին եւ Միակ Անմեղ Քրիստոսի միջոցաւ պիտի հասնինք յաւիտենական կեանքի երջանկութեան։ Սիրով՝ միշտ ի մտի ունենալով Աստուծոյ անչափ եւ անսահման սէրը հանդէպ Իր արարածներուն եւ սիրելով բոլորով սրտիւ զԱստուած։

Պօղոս առաքեալ Կորնթացիներուն կը յիշեցնէ, թէ փրկութեան միջոցը իր քարոզած եւ իրենց ընդունած ու հաւատացած Աւետարանն է, այն պայմանաւ որ աւետարանուած խօսքերը պահուին։ Ապա կ՚անդրադառնայ Քրիստոսի խաչելութեան, թաղման եւ երրորդ օրը յարութեան ու յետ յարութեան երեւումներուն։ Կը խոստովանի, թէ Աստուծոյ եկեղեցին հալածած ըլլալու իր հանգամանքին պատճառաւ առաքեալներու տրուպն էր, նոյնիսկ առաքեալ կոչուելու արժանի չէր։ Այս մտերմիկ խոստովանութենէն յետոյ հանդէս կու գայ փառաւոր արտայայտութեամբ մը, որ կը յայտարարէ Աստուծոյ շնորհքին վերանորոգող զօրութեան ներգործութիւնը իր անհատական կեանքէն ներս։ Այս շնորհքն էր, որ հալածիչը փոխակերպած էր աւետարանի քարոզչութեան։ Հալածիչը այն աստիճան փոխուած էր, որ կը խոստովանէր, թէ իր կատարած բարի գործը արդիւնքն էր իր մէջ գործող Աստուծոյ շնորհին (Ա. Կորնթացիս, 15.1-10)։

Նոր կիրակիին տեղին կ՚ըլլայ մտածել Աստուծոյ վերանորոգող զօրութեան վրայ, որուն ականատեսը կ՚ըլլանք, երբ դիտենք բնութիւնը։ Ծառեր, աշնան տերեւաթափէն յետոյ երբ կը մերկանան ու ձմրան եղանակին կը շարունակեն ապրիլ մերկացած, սակայն գարնան կրկին կը զարդարուին տերեւներով, ծաղիկներով։ Երբ Աստուած կը վերանորոգէ բնութիւնը, նոյն զօրութեամբ կարող է նորոգել մարդկային կեանքը, երբ մարդը կ՚ընդունի եւ պինդ կը բռնէ իրեն երկարած պարանը, որ է «մեր փրկութեան համար, երկինքէն իջնելով մարմին առած, մարդացած, կատարելապէս ծնած Սուրբ Կոյս Մարիամէն՝ Սուրբ Հոգիին զօրութեամբ, …չարչարուած, խաչուած, թաղուած եւ երրորդ օրը յարութիւն առած» Աստուծոյ Միածին Որդին՝ Քրիստոս։

Սուրբ Ներսէս Շնորհալի Հայրապետը ժամագիրքի երգերէն միոյն մէջ կը գրէ.

Տիեզերքին Դու նորոգող,
Որ հագցուցիր մեզ լոյս ու շող՝
Զինուորներէն առիր վրադ
Նախատինքի կարմիրն այն լաթ.
Հանէ ինձմէ քուրցը մեղքին
Արիւնաներկ ու տրտմագին,
Ու ինձ հագցուր ուրախութեան
Իմ առաջինս այն պատմուճան։

(թարգմանութիւն՝ Եղիշէ Պատրիարք Դուրեանի)։

Նոր կիրակիին երբ կը շարունակենք ապրիլ Սուրբ Յարութեան ուրախութիւնը, այդ ուրախութեան թագն ու պսակը ըլլայ Աստուծոյ վերանորոգող զօրութեան նկատմամբ մեր աննկուն հաւատքը։ Միշտ յիշենք, թէ Աստուծոյ շնորհիւ նոր ժողովուրդ դարձած ենք ու Սուրբ Ներսէս Շնորհալի Հայրապետի բառերով երգենք փառք տալով Աստուծոյ.

«Զարթիք նոր ժողովուրդք, նոր երգս առեալ նորոգողին. Ալէլուիա»։ Ամէն։

ԳՐԻԳՈՐ ԱՒ. ՔՀՆՅ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ

14 ապրիլ 2023, Գատըգիւղ

Շաբաթ, Ապրիլ 15, 2023