ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի «Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան» մատենադարանին մէջ, օգոստոս 14-ին ընդունեց Արագածոտնի թեմի քահանայից դասը՝ գլխաւորդութեամբ թեմակալ առաջնորդ Տ. Մկրտիչ Եպսկ. Պռօշեանի:

Տէրունական աղօթքէն ետք «Հայաստանի կրօնական փոքրամասնութիւններու առանձնայատկութիւնները» նիւթին շուրջ բանախօսեց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Միջեկեղեցական յարաբերութիւններու բաժնի տնօրէն Տ. Շահէ Ծ. Վրդ. Անանեան: Այս առթիւ ան հանգամանօրէն ներկայացուց Հայաստանի մէջ գործող կրօնական կազմակերպութիւններու գործունէութիւնը եւ անոնց նկատմամբ Մայր Աթոռի որդեգրած մօտեցումները: Քննարկումներու ընթացքին Տ. Շահէն Ծ. Վրդ. Անանեան անդրադարձաւ նաեւ Հայ Եկեղեցւոյ եւ աւանդական միւս եկեղեցիներու միջեւ ձեւաւորուած միջկրօնական, ծիսական յարաբերութիւններուն ու առկայ խնդիրներուն:

Այնուհետեւ հանդիպումին Հանրակրթութեան պետական չափորոշիչի եւ առարկայական չափորոշիչներուն, հոն առկայ խնդիրներուն, մարտահրաւէրներուն եւ արտայայտուած մտահոգութիւններուն մասին զեկոյց մը ներկայացուց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Քրիստոնէական դաստիարակութեան կեդրոնի տնօրէն Տ. Զաքարիա Ծ. Վրդ. Բաղումեան՝ վերահաստատելով Մայր Աթոռի դիրքորոշումները այս հարցերուն գծով: Տ. Զաքարիա Ծ. Վրդ. Բաղումեան մասնաւոր անդրադարձ կատարեց նաեւ «Հայոց Եկեղեցւոյ պատմութիւն» դասանիւթին՝ նշելով, որ անընդունելի է զայն որպէս առանձին բաղադրիչ դուրս բերել հանրակրթական դպրոցէն:

Զեկոյցէն ետք տեղի ունեցած քննարկումներուն ժամանակ Նորին Սրբութիւնը, պատասխանելով քահանաներու հարցումներուն, կարեւոր համարեց Եկեղեցւոյ եւ հոգեւորականներու դերակատարութիւնը սերունդներու կրթա-դաստիարակչական գործին մէջ՝ ընդգծելով իւրաքանչիւր հոգեւորականի անշահախնդիր ծառայութեան կարեւորութիւնը համայնքներէն ներս:

Իրենց հերթին, քահանայ հայրերը Հայոց Հայրապետին տեղեկութիւններ տուին իրենց համայնքներուն մէջ ծաւալած գործունէութեան եւ իրականացուող ծրագիրներուն մասին:

Աւարտին Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը բարձր գնահատեց թեմի քահանայից դասը՝ իր հովուական ծառայութիւնը անմնացորդ նուիրումով իրականացնելուն համար: Վեհափառ Հայրապետը կարեւորեց ծխական համայնքներու ձեւաւորումը՝ ի նպաստ հոգեւոր կեանքի զարգացումին ու Եկեղեցւոյ առաքելութեան յաւելեալ արդիւնաւորումին: Նորին Սրբութիւնը նաեւ իր գնահատանքը յայտնեց Տ. Մկրտիչ Եպսկ. Պռօշեանին՝ թեմի հոգեւոր կեանքի յառաջընթացին ուղղուած ջանադիր աշխատանքին ու անսպառ եռանդին համար:

Հայոց Հովուապետը եկեղեցականներուն յորդորեց նոյն ջանասիրութեամբ ու նախանձախնդրութեամբ շարունակել իրենց ծառայութիւնը՝ յանուն հայ ժողովուրդի բարօրութեան եւ հայրենի երկրի պայծառացման ու զօրացման:

Երեքշաբթի, Օգոստոս 18, 2020