ԶՕՐԱԿՑԱԿԱՆ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ

Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդը (ԵՀԽ) գործադիր կոմիտէն ժողով մը գումարեց Նիկերիոյ մայրաքաղաքը Ապիճանի մէջ, 8-14 նոյեմբերին։ Հիմք ընդունելով ԵՀԽ-ի պատուիրակութեան 18-22 սեպտեմբերին Հայաստան կատարած այցելութեան զեկոյցը՝ ժողովականները հանդէս եկան յայտարարութեամբ։ Այս առթիւ ԵՀԽ զօրակցութիւն յայտնեց հայ ժողովուրդին, Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ եւ յատկապէս բոլոր անոնց, որոնք 19-20 սեպտեմբերի ողբերգական իրադարձութիւններէն յետոյ պարտաւորուեցան փախուստի դիմել իրենց հինաւուրց հայրենիքէն՝ Լեռնային Ղարաբաղէն։ Յայտարարութեան մէջ ափսոսանք յայտնուեցաւ, որ 1992-1994 թուականներու Արցախի առաջին պատերազմէն յետոյ ուղիներ չեն գտնուած տարածաշրջանէն ներս կայուն խաղաղութեան ապահովման համար։ ԵՀԽ կոչ ուղղեց միջազգային հանրութեան՝ մարդասիրական աջակցութիւն ցուցաբերել Լեռնային Ղարաբաղէն տեղահանուած անձերուն, մասնաւորապէս խոցելի խումբերուն՝ կանանց, երեխաներուն, տարեցներուն, հաշմանդամներուն եւ կարիքաւորներուն։

Յայտարարութեան մէջ ԵՀԽ-ի անդամները կոչ ուղղեցին Ատրպէյճանի կառավարութեան՝ երաշխաւորել անվտանգութիւնն ու հաւասար իրաւունքները այն էթնիք հայերուն, որոնք կը փափաքին վերադառնալ իրենց բնակավայրերը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ, պաշտպանել անոնց մշակութային ու կրօնական ժառանգութիւնը, յարգել կրօնի, հաւատի ազատութիւնը, ինչպէս նաեւ հնարաւորութիւն ընձեռել եւ դիւրացնել ԻՒՆԷՍՔՕ-ի անկախ գնահատման առաքելութեան տարածաշրջան այցելութիւնը եւ փաստագրել համապատասխան վայրերու կարգավիճակը։

ԵՀԽ Եւրոմիութեան դիմեց, որպէսզի ուժեղացնէ Հայաստանի մէջ իր առաքելութիւնը՝ ապահովելով բաւարար միջոցներ եւ անձնակազմ թէ՛ դիտարկումներ կատարելու եւ թէ զեկուցելու համար Ատրպէյճանի զինեալ ուժերուն կողմէ Հայաստանի ինքնիշխան տարածքներու ներխուժումը։

ԵՀԽ կոչ ուղղեց ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդին, որպէսզի ձեռնամուխ ըլլայ այդ խնդրի կարգաւորման եւ ձեռնարկէ արագ ու վճռական գործողութիւններ՝ Ատրպէյճանի զինեալ ուժերուն կողմէ Հայաստանի ինքնիշխան տարածքին վրայ որեւէ յարձակման պարագային։

Ժողովականները ԵՀԽ-ի ընդհանուր քարտուղարէն խնդրեցին՝ շարունակաբար հետեւիլ 2023 թուականի սեպտեմբերի 18-22-ին Հայաստան այցելած պատուիրակութեան դիտարկումներուն եւ եզրակացութիւններուն։

Հուսկ, ԵՀԽ-ի անդամ բոլոր եկեղեցիները հրաւիրեց աղօթել տուժած անձերուն համար, աջակցիլ Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ՝ հայ ժողովուրդին ցաւալի ու ապագայի առումով անորոշ այս ժամանակներուն ծառայութիւն իրականացնելու ընթացքին։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 20, 2023