ԱՒԱԳ ԵՐԿՈՒՇԱԲԹԻ

Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին այսօր մուտք կը գործէ իր ծիսական կեանքի ամենէն ճոխ ու ծանրաբեռնուած շաբաթներէն մին, ինչ բանի պատճառով ալ ամբողջ շաբաթը անուանուած է ԱՒԱԳ ՇԱԲԱԹ, այսինքն՝ տարուան բոլոր շաբաթներուն մէջ ամենէն աւագը, ամենէն կարեւորը:

Ինչո՞ւ Աւագ շաբաթ. որովհետեւ այս շաբթուան ընթացքին կը յիշատակուին մեր Տիրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի երկրային կեանքի վերջին օրերուն իրադարձութիւնները, որ սկսաւ երէկ՝ Տէր Յիսուսի Երուսաղէմ յաղթական մուտքով:

Աւագ երկուշաբթի օրը, Աւագ չորեքշաբթի օրուան նման յատուկ անուանում մը, կամ յատուկ իրադարձութիւն մը չունի իր հետ կապուած։ Բաղդատած շաբթուան միւս օրերուն այս երկու օրերը առաւելաբար խաղաղ ու լուռ օրեր են:

Աւագ երկուշաբթի օրուան ընթերցումներն ու շարականները նկատի առնելով՝ կը հասկնանք, թէ Աւագ երկուշաբթի օրը «ստեղծագործութեան», «մարդ արարածի արարչութեան», «Զեբեդէոսի որդիներուն Յիսուսի ըրած խնդրանքին՝ արքայութեան մէջ Անոր աջ ու ձախ կողմերը նստելու», «թզենիի չորացումին եւ տաճարը մաքրագործելուն» յիշատակումի օրն է։ Աւագ երկուշաբթին ստեղծագործութեան երկրորդ օրը կը խորհրդանշէ եւ պատկերն է երկրորդ ժամանակաշրջանին՝ երբ ամբողջ տիեզերքը ապականեցաւ, միայն Ենովքը հաւատարիմ մնաց Աստուծոյ եւ երկինք փոխադրուեցաւ։

Ստեփանոս Աւ. Քհնյ. Մանդինեանց այսպէս կը գրէ. «Երկուշաբթի օրը, աշխարհի արարչութեան յիշատակի օրն է, Ադամին դրախտէն արտաքսուիլը, Աստուածային խոստումը Իր Միածին Որդին ղրկելու մեր փրկութեան համար: Կը կարդացուին Ծննդոց գիրքի առաջին երեք գլուխները» («Աստուածպաշտութիւն Հայաստանեայց Ուղղափառ Եկեղեցւոյ», Անթիլիաս, 2010, էջ 243):

Զաքարիա Ձագեցի Կաթողիկոս կը գրէ. «Դարձեալ ժողովուրդին կ՚ըսէր, որպէսզի զգուշանան փարիսեցիներու կեղծաւորութենէն եւ անոնց կեղծաւորութիւնը կը յայտնէր ու նախատելով կը յանդիմանէր զանոնք եւ կը կշտամբէր անոնց պարծենկոտ եւ անձնահաճոյ խորամանկութիւնը, եւ վարդապետելով կ՚ուսուցանէր ժողովուրդին տաճարին մէջ։ Բոլորն ալ Անկէ կախուած էին՝ Անոր վարդապետութեան շնորհալի խօսքերը լսելու։ Որոնց հետ մեզ եւս արժանի նկատէ Սուրբ Հոգին՝ Մխիթարիչը ղրկելու մեզի, մեր անձերուն մէջ տաճարագործելու եւ բնակութիւն [հաստատելու], որպէսզի գալիք բարիքներուն արժանացնէ մեզ՝ մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսով. Որուն վայել է փառք, իշխանութիւն եւ պատիւ, այժմ եւ միշտ եւ յաւիտեանս յաւիտենից: Ամէն» (Հատուած Աւագ երկուշաբթուան ճառէն)։

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղարշապատ

Երկուշաբթի, Մարտ 25, 2024