ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼԵՑ ԱՐՑԱԽԻ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ ՆԱԽԱԳԱՀԸ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Լեռնային Ղարաբաղի Ազգային ժողովի նախագահ Արթուր Թովմասեանը, որու կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը այս օրերուն պաշտօնական այցելութիւն մը կու տայ Երեւան։ Նորին Սրբութիւնը վեհարանի երդիքին տակ հիւրընկալեց Արցախի խորհրդարանական պատուիրակութիւնը, որու անդամները ողջունելով փոխանցեց իր շնորհաւորութիւնները, օրհնութիւններն ու բարեմաղթանքները։ «Արցախը եւ արցախահայութեան իրաւունքները միշտ եղած են ու պիտի մնան հայոց հայրապետներու ուշադրութեան կեդրոնին», ըսաւ զրոյցի ընթացքին Նորին Սրբութիւնը։

Հանդիպման ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը յայտնեց իր գնահատանքը Ստեփանակերտի իշխանութիւններուն նկատմամբ՝ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Արցախի թեմին նկատմամբ ցուցաբերուած շարունակական զօրակցութեան, ինչպէս նաեւ պատմական սրբավայրերու վերականգնման եւ նոր տաճարներու կառուցման կապակցութեամբ դրսեւորուած նախանձախնդրութեան համար։ Այս ամբողջին մէջ կ՚առանձնանայ Ստեփանակերտի Առաջնորդանիստ եկեղեցին։ Վեհափառ Հայրապետը մասնաւոր իր գոհունակութիւնը արտայայտեց Արցախի հանրակրթական դպրոցներէն ներս «Հայոց Եկեղեցւոյ պատմութիւն» առարկայի ուսուցման առընչութեամբ։

Հարկ է նշել, որ Արթուր Թովմասեանի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը երէկ Երեւանի մէջ ընդունուեցաւ նաեւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ։

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 26, 2020