ԱՄԱՆՈՐԵԱՅ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆ

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ նախընթաց օր Ամանորի հանդիսութիւն մը տեղի ունեցաւ՝ յատուկ կարիքներով երեխաներու համար։ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը այս առթիւ հիւրընկալեց թիւով շուրջ 250 մանուկներ կամ պատանիներ՝ իրենց ծնողներուն եւ խնամակալներուն հետ։ Հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Ընկերային ծառայութիւններու գրասենեակի եւ «Հրաչ եւ Սիւզան Թուֆաեան» հայորդեաց տան նախաձեռնութեամբ։ Իսկապէս շատ խանդավառ մթնոլորտ մը ստեղծուեցաւ հանդիսութեան ընթացքին, մինչ Վեհափառ Հայրապետը բաժնեց երեխաներու ուրախութիւնը։

«Այս գեղեցիկ առիթով կ՚ուզեմ իմ գնահատանքի խօսքը արտայայտել այն ծնողներուն ու խնամակալներուն, որոնք սիրով, յանձնառութեամբ, զոհաբերութեան ոգիով եւ բարձր գիտակցութեամբ ամէն ջանք ի գործ կը դնեն, որպէսզի մեր զաւակներուն ուրախութիւն պարգեւեն եւ լիարժէք կեանքի մասնակից դարձնեն զանոնք», ըսաւ Նորին Սրբութիւնը՝ կարեւորելով նման կարիքներ ունեցող երեխաներու հետ տարուող աշխատանքը։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 27, 2019