ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը երէկ երեկոյեան Անթիլիասի մէջ հիւրընկալեց Մարոնիտ եկեղեցւոյ Ռաաի Պատրիարքը։ Աւելի քան ժամ մը տեւեց հանդիպումը, որու ընթացքին երկու հոգեւոր առաջնորդները քննարկումներ ծաւալեցին Լիբանանի մէջ նախատեսուած նախագահական ընտրութիւններուն շուրջ։ Կարծիքի փոխանակումներէն վերջ որոշում առնուեցաւ, որպէսզի յաջորդ շաբաթ, Պըքերքէի մէջ կազմակերպուի Լիբանանի քրիստոնեայ հոգեւոր առաջնորդներուն մասնակցութեամբ հանդիպում մը։ Աւելի վերջ կը ծրագրուի նաեւ քրիստոնեայ երեսփոխաններու մասնակցութեամբ ժողով մը, որպէսզի կարելի ըլլայ հաւաքական մօտեցումներ ճշդել եւ նախագահական ընտրութեան գործընթացը դիւրացնել։

Երէկուան հանդիպման ընթացքին Նորին Սրբութեան կողքին էին Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Տ. Շահէ Արք. Փանոսեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային կեդրոնական վարչութեան Քաղաքական ժողովի համաատենապետները՝ Ստեփան Տէր-Պետրոսեանն ու Գրիգոր Մահսէրէճեանը, ինչպէս նաեւ Լիբանանի խորհրդարանի հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունին։

Միւս կողմէ, նախօրէին ալ Կիլիկեան Աթոռի գահակալը Անթիլիասի մէջ հիւրընկալեց Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Միշել Ապսը։

Շաբաթ, Յունուար 28, 2023