ԱՐԺԷՔՆԵՐՈՎ ԿՐԹՈՒԹԻՒՆ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը վերջերս Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց մանկապարտէզի տնօրէններէ բաղկացեալ խումբ մը։ Երեւանի Քանաքեռ-Զէյթուն վարչական շրջաններու մանկապարտէզի տնօրէններէն բաղկացեալ խումբը գլխաւորեց համայնքի ղեկավար Կարէն Յակոբեան։ Հիւրերուն ուղեկցեցաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Քրիստոնէական դաստիարակութեան կեդրոնի տնօրէն Տ. Զաքարիա Ծ. Վրդ. Բաղումեան։

Հանդիպման սկիզբին հայր սուրբը Վեհափառ Հայրապետին ներկայացուց Քրիստոնէական դաստիարակութեան կեդրոնին Քանաքեռ-Զէյթունի մանկապարտէզներէն ներս ձեռնարկուած աշխատանքները։ Ան նշեց, որ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը կը բերէ իր աւանդը մատաղ սերունդի դաստիարակութեան ուղղութեամբ։

Այնուհետեւ Վեհափառ Հայրապետը ներկաներուն փոխանցեց իր օրհնութիւնն ու պատգամը։ Ան ընդգծեց մանկապարտէզներէ ներս մանուկները ազգային արժէքներով կրթելու եւ դաստիարակելու կարեւորութիւնը։ Արդարեւ, այդ իսկ իրողութիւնը դարերու մէջ երաշխաւորած է հայ ժողովուրդի ընթացքը, հայորդիներուն պարգեւած՝ բոլոր փորձութիւնները դիմագրաւելու ուժ եւ օգնած իր սերունդներու ապագան կերտելու։

Վեհափառ Հայրապետը կարեւորեց, որ ներկայ ժամանակներուն եւս հայորդիները ըլլան իրենց ազգային աւանդութիւններու եւ արժէքներու կրողն ու պահապանը։ Այսպէսով հնարաւոր կը դառնայ պահել ազգային դիմագիծը եւ աշխարհին լաւագոյնս ներկայանալը։

Զրոյցի տեւողութեան Վեհափառ Հայրապետը հետաքրքրուեցաւ մանկապարտէզներու իրավիճակով, մանուկներու կացութիւնով եւ դաստիարակութեան ընթացքով։

Կարէն Յակոբեանն ալ երախտագիտութիւն յայտնեց Վեհափառ Հայրապետի ջերմ ընդունելութեան եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի օժանդակութեամբ Քանաքեռ-Զէյթուն համայնքէն ներս իրականացուող նախաձեռնութիւններուն համար։

Հուսկ, Նորին Սրբութիւնը մաղթեց, թէ Աստուած ուժ եւ կարողութիւն պարգեւէ մանկապարտէզներու տնօրէններուն ու դաստիարակներուն՝ հայորդիները ազգային գիտակցութեամբ մեծցնելու ու կրթելու ճանապարհին։

Ուրբաթ, Փետրուար 28, 2020