ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ ՀԱՒԱՔ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միաբանութիւնը վերջին օրերուն հաւաք մը իրականացուց Անթիլիասի մէջ։ Տ.Տ. Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսի նախագահութեամբ տեղի ունեցաւ միաբանական հաւաքը, որու ընթացքին ան ներկայացուց համաճարակի հետեւանքով ստեղծուած կացութիւնը։ Նորին Սրբութիւնը խորհրդածութիւններ ըրաւ աշխարհէն ու յատկապէս հայ կեանքէն ներս ստեղծուած իրավիճակին շուրջ։

«Ծառայութիւնը եկեղեցւոյ էութեան մաս կը կազմէ, անոր գոյութեան պատճառն ու նպատակն է։ Ծառայութեան առընթեր, Աստուածաշունչի ճշմարտութիւններուն ու արժէքներուն քարոզութիւնը եկեղեցականի կոչումն է։ Հոգեւորականը նախ պէտք է ապրի, ապա ալ պէտք է քարոզէ Աստուածաշունչը։ Ժողովուրդին յոյս պէտք է ներշնչել, անոր հաւատքը պէտք է զօրացնել, որպէսզի կարենայ յաղթահարել ներկայ դժուարին պայմանները», ըսաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 29, 2020