ԳՈՒՐՈՒՉԷՇՄԷԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՏԱՐԵԿԱՆ ԱՆՈՒԱՆ ՏՕՆԱԽՄԲՈՒԹԻՒՆԸ ՓԱՅԼՈՒՆ ԱՆՑԱՒ

Գուրուչէշմէի Երեւման Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ երէկ տեղի ունեցան տարեկան անուան տօնախմբութեան արարողութիւններ, որոնց նախագահեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, որ տուաւ նաեւ օրուան պատգամը։ Երեւման Ս. Խաչի տօնին առթիւ պատարագեց Տ. Յովակիմ Վրդ. Սերովբեան։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Սամաթիոյ Սահակեան դպրաց դաս-երգչախումբին կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Սեւան Ակօշեանի։ Ս. Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն։

Կրօնական արարողութիւններէն վերջ, եկեղեցւոյ յարակից «Կոմիտաս» սրահին մէջ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան մը։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը նախագահեց աշխարհիկ հանդիսութեան եւս, որու ընթացքին ատենապետ Լեւոն Քուզիքօղլուի կողմէ գլխաւորուած Գուրուչէշմէի եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեց բոլոր ներկաները։ Լեւոն Քուզիքօղլու հանդէս եկաւ ողջոյնի խօսքով մը։ Հրանդ Քարահանն ալ ծափահարութիւններու արժանացաւ իր մեներգներով։ Նորին Ամենապատուութիւնը հուսկ բանքին մէջ գնահատեց Գուրուչէշմէի ընտանիքին կողմէ տարուած աշխատանքը։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 29, 2024